Գրիգոր Գրաճեան
1942-ի ամռան, Վոլկա գետի ափին գտնուող, Ստալինկրատ քաղաքը պաշարուեցաւ։
Գերմանական զօրքը՝ զինուած ամէնէն արդիական զէնք-զինամթերքով կրակ եւ երկաթ կը թափէր քաղաքին վրայ։
Աւերուած եւ քար ու քանդ եղած քաղաքը կը դիմադրէր գրեթէ սպառած ռազմաթերքով, արիւնով՝ միս ու ոսկորով։
Գերմանական եւ կեդրոնի ուժերու մօտաւորապէս 270 հազարանոց բանակին, 500 զրահապատ կառքերուն, 600 պատերազմական օդանաւներուն եւ 3000 թնդանօթներուն դիմադրելու եւ յառաջընթացը դիմակայելու ոչ մէկ յոյս ունէր խղճալի կերպով պարենաւորուած Սովետական բանակը։
Նացիական ռմբակոծիչները աւերած էին քաղաքը։ Զրահապատ կառքերը կ՛ամբողջացնէին կիսաքանդ շէնքերուն փլուզումը։ Սակայն դիմադրութիւնը՝ յաճախ ձեռնամարտերով կը շարունակուէր առանց դադարի։
Յարձակումի առաջին օրերուն, Սովետական բանակը նահանջած է Տօնի-Ռոստովէն. Քրասնոտառը գրաւուած է, իսկ Նովոռոսիսկը բացերու մէջ էր։
Հարաւային Կովկասէն՝ Անդրկովկասէն օգնական ուժեր կը հասնէին, որոնք փոքր նաւերով՝ Վոլկա գետի արեւելեան ափէն կռուողներ կը փոխադրէին արեւմտեան ափ՝ աւերակոյտի վերածուած քաղաքը։
Պատերազմի վայրէն հեռու՝ Հայաստանը կը մասնակցէր կռուին, ուղարկելով հազարաւոր մարտիկներ։ Հայաստանցիք շատ լաւ կը կշռադատէին Ստալինկրատի պաշտպանութեան կարեւորութիւնը։ Ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող քաղաքը պատնէշ-պատուարն էր Գերմանական բանակին, դէպի Կովկասի նաւթահորեր ընթացքը կասեցնելու համար։
Երեւանի մէջ մարդոց կատաղութիւնը կ՛եռար։ Ահազանգ կը հնչէր տունէ-տուն, գիւղէ-գիւղ, բնակավայրէ-բնակավայր. «Ամէն մարդ դէպի ռազմաճակատ»։
Երեւանէն երկու-երեք ժամը անգամ մը զինուորականներու եւ կամաւորներու զօրասիւները կը մեկնէին դէպի ռազմաճակատ։
Սեւ ծովեան ծովեզերիայ Փոթի քաղաքը դարձած էր դէպի ճակատ մեկնող գումարտակներու հաւաքավայր։ Տեղաւորուելով նաւերու մէջ, ալեկոծ ծովուն յանձնուելով, ճակատ մեկնողները խումբ առ խումբ կ՛ուղուէին դէպի կռուի վայր։
Ահա՝ կռուողներով բեռնաւորուած նաւերը կը մօտենան Սոչիի։ Ամպերուն մէջէն Գերմանական հալածիչ-ռմբակոծիչ օդնաւեր կը յայտնուին սարսափ ստեղծելով ծովուն մէջ անպաշտպան մնացած ռազմամիաւորումներուն։ Անմիջապէս հրաման կը հնչէ. «զէնքերը ուղղել դէպի երկինք եւ կրակել»։ Կը խոցուի թշնամիի ռմբակոծիչներէն մէկը, մնացեալները քանի մը ռումբ արձակելէ ետք փախուստի կը դիմեն։
Նաւերը, ապահով կը հասնին Տուապսէի նաւահանգիստ։
Ցամաքահանումէ ետք, Հայկական զօրաբաժինը առաջ կը շարժի դէպի Նովորոսիսկ, որու արուարձաններուն, 670-րդ հայկական զօրախումբը, թշնամիին դէմ կրակի առաջին «մկրտութիւնը» կը ստանայ։ Ծանր մարտեր մղելով խումբը կը յառաջանայ դէպի Տօն, Քրոզնի եւ Արեւմտեան Կովկասեան լեռնաշղթայ, փակելու համար թշնամիի թափանցումը դէպի հարաւային Կովկաս եւ Ստալինկրատ։
Ռուսաստանի դէմ մղուող պատերազմին զուգահեռ, Հայաստանի եւ հայութեան համար կար աւելի եւս մտահոգիչը եւ վտանգաւորը։
18 յունիս 1941-ին Նացի Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած էր «Բարեկամութեան եւ ոչ-յարձակողական Պայմանագիր» մը, Անգարայի մօտ Գերմանիոյ դեսպան՝ Ֆրանց Ֆոն Փափէնի եւ Թուրք Արտաքին Գործոց նախարար Շիւքրու Սարաքօղլուի ներկայութեամբ։
Պատերազմի առաջին օրէն իսկ, Թուրքիոյ նախագահ Իսմէթ Ինոնու, հետամուտ եղած էր չէզոք դիրք որդեգրելու եւ ճարպիկ քաղաքականութեամբ մը երկու հակամարտ ուժերէն ՝ Կեդրոնի ուժերէն եւ Դաշնակիցներէն զէնք զինամթերք կը ստանար։
Թուրք ղեկավարներուն համար սակայն, չէզոքութիւնը կը պայմանաւորուէր ճակատամարերուն եւ պատերազմի ընթացքով եւ աւարտով։
Նացի-Թուրք բարեկամական համաձայնագրէն շաբաթ մը չանցած, Հիթլեր՝ պատռելով Սովետ Միութեան հետ 1939-ին կայացած ոչ-յարձակողական պայմանագիրը, լայնածաւալ յարձակում կը շղթայազերծեր Ռուսաստանի վրայ։
Ըստ հետախուզական տեղեկութիւններուն, պատերազմական գործողութիւններու զարգացումներուն ակնդէտ հետեւող՝ Թրքական զինուորական 26 զօրաբաժիններ, կազմ ու պատրաստ կը սպասէին Գերմանական յաղթանակի լուրին, ներխուժելու Հայաստան, դէպի Պաքուի նաւթահորերը իրենց ճանապարհը հարթելու ։
Գիտակից վտանգին՝ նախանձախնդիր հայրենիք պահելու, պաշտպանուելու եւ գոյատեւելու բնազդով մղուած Հայաստանի ժողովուրդը՝ մեծով-պզտիկով, մեծ մասամբ կանայք եւ տարեցներ, լծուած էին տեղ-տեղ խրամատներ փորելով, պատնէշներ կանգնեցնելով հաւանական յարձակման որեւէ փորձ ձախողցնելու համար։
Ժողովուրդին մէջ չկար երկփեղկում, չկային իշխանական-ընդիմադիր խմբակցութիւններ, քաղաքացիներուն միջեւ տարակարծութիւն գոյութիւն չունէ՛ր։ Հայրենի ժողովուրդը կը գտնուէր «նոր Սարդարապատ»-ի մը ընդառաջ։ «Բոլորը բոլորին եւ բոլորս Հայրենիքին համար»։ Այս էր օրուան կարգախօսը։
Վեց ամիս,- ճշգրիտ՝ հինգ ամիս, մէկ շաբաթ եւ երեք օր-, տեւող՝ Երկրորդ Համաշխարհայինի ծանրագոյն կռիւը՝ Ստալինկրատի ճակատամարտը, 2 փետրուար 1942 –ին վերջ գտաւ եւ Գերմանական հզօր զօրաբաժինը անձնատուր եղաւ։
Հայաստանի համար կանխուեցաւ թրքական վտանգը։
**
Ներկայիս, Ուքրանական պատերազմին, միեւնոյն վտանգը «դեմոկլեան սուր»-ի նման կախուած է Հայաստանի եւ հայութեան գլխուն վերեւ։
Ռուսաստանի կողմէ նուազագոյն զիջում կամ զինուորա-քաղաքական տկար դիրք.- ուր մնաց՝ պարտութիւն-, կրնայ աղիտաբեր հետեւանքներ ունենալ մասնաւորապէս՝ Հայաստանի համար։
Կանխելու համար այս վտանգը, ակնյայտ է, որ Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարները զգոյշ են չիյնալու ազերիական նկրտումներուն ճամբով սարքուած եւ լարուած ծուղակին չսրելով սահմանագիծի իրավիճակը։ Իսկ Դիւանագիտական յաջող եւ ճարպիկ մէկ դարձուածքով, Հայաստանի կառավարութիւնը, այս օրերուն կը շարունակէ Հայ-Թուրք խաղաղութեան բանակցութիւնները։
Այս ծիրին մէջ կ՛իյնայ Անթալիայի մէջ կայացած «Դիւանագիտական Համախմբում»-ի խորհրդաժողովին, Հայաստանի հանդիսաւոր մասնակցութիւնը Արտաքին Գործոց Նախարարի մակարդակով։ Եւրոպայի սրտին մէջ ստեղծուած պատերազմական այս մթնոլորտին մէջ դիւանագիտական, մասնաւորաբար ապահովական յաջողութիւն կարելի է որակել Հայաստանի գործող իշխանութեան ռազմավարութիւնը։
Թուրքիոյ եւ Թուրքին դէմ ատելութիւն սնուցանելը եւ վրէժխնդրութեան դրսեւորումները տեղ չեն կրանար ունենալ պետական քաղաքականութեան ծրագրաւորումին մէջ։ Անցեալէն առնուած օրինակները ցոյց կու տան, որ դիւանագիտական ճանապարհը նոյնքան ազդու «զէնք» է, որքան իսկական զինուորական ուժը։
Վստահաբար, այլ կարծիքներ պիտի հնչեն հայկական շրջանակներէ, որոնք պիտի քննադատեն Հայաստանի Կառավարութեան որդեգրած ուղեգիծը, որու տրուող պատասխանը մէկ է՝« Եթէ ունիք այլընտրանքային առաջարկ, այս օրերուն երկիրը ապահով պահելու համար խնդրեմ ներկայացուցէք, այլապէս …»։
Կ՛ըսուի՝ «Պատմութիւնը կը կրկնուի»։ Աւելի դիպուկ կ՛ըլլայ ըսել՝ «Պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ» իր դժբախտ կամ բարերար պատահարներով։ Հետեւաբար, կը յուսանք, որ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած պատերազմին, Ռուսերը պարտուած դուրս չգան. իսկ հայաստանի կառավարութիւնը, առանց յոյս դնելու այս կամ այն կողմին, երկրին առջեւ ծառացող հարցերու լուծումը պատշաճօրէն պիտի գտնէ նախապատուութիւնը տալով դիւանագիտական աշխատանքին, որդեգրելով ուրոյն՝ երկրին համար անհրաժեշտ, տեղին եւ յարմար ռազմավարութեամբ։