Աշխատանքային այցով Փարիզ գտնուող Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, Նոյեմբեր 11-ին, մասնակցած է «Փարիզի խաղաղութեան համաժողով»-ի աշխատանքներուն: Համաժողովը կ՝իրականացուի Առաջին աշխարհամարտին կնքուած զինադադարի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս:
Համաժողովը բացուած է «Փարիզի խաղաղութեան համաժողով»-ի ղեկավար կոմիտէի փոխնախագահ Թրիշա Շեթթիի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ողջոյնի խօսքերով: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած են Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ Անկելա Մերքելը եւ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Անթոնիոյ Կուտերեշը:
ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան «Փարիզի խաղաղութեան համաժողով»-ի ծիրէն ներս հանդէս եկած է ելոյթով, որուն ընթացքին, մասնաւորապէս, նշած է.
«Պետութիւններու եւ կառավարութիւններու յարգարժան ղեկավարներ
Տիկնայք եւ պարոնայք
Մենք այստեղ հաւաքուած ենք` նշելու առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտի 100-ամեակը: Ասիկա բացառիկ նշանակութիւն ունեցող ձեռնարկ է, որ կոչուած է ոգեկոչելու մեր հաւաքական յիշողութիւնը եւ արտայայտելու խաղաղութեան մեր ընդհանուր ուղերձը:
Այսօր մենք` իբրեւ այդ պատերազմի մասնակից ազգերու առաջնորդներ, առաջին հերթին պէտք է խօսինք Առաջին համաշխարհային պատերազմի դասերուն մասին:
Երբ պետութիւն մը պատերազմ կը մղէ կամ կը փորձէ իր խնդիրները լուծել ռազմական ճանապարհով, ուրեմն ան կը հաւատայ իր ուժերուն եւ յաղթանակին: Այդուհանդերձ, Առաջին համաշխարհային պատերազմը համամոլորակային ողբերգութիւն էր այնտեղ ներգրաւուած բոլոր ժողովուրդներուն համար, եւ ի վերջոյ յանգեցուց զայն յղացած պետութիւններու քայքայման:
Կայ համոզում, որ աշխարհաքաղաքական եւ ռազմական տեսանկիւնէն պատերազմներու մէջ միշտ կ՝ըլլան յաղթողներ եւ պարտուողներ: Սակայն, մարդկային տեսանկիւնէն, ոչ ոք չի յաղթեր: Պատերազմները կու տան միայն կորուստ, տառապանք եւ աւերածութիւններ:
Եւ հակառակ մեր միասնական ջանքերուն եւ նախորդ սխալներէն սորվելու կոչերուն, այդ դասերը դիւրութեամբ կը մոռցուին:
Թէեւ հարիւր տարի առաջ մարդկութիւնը հասկցաւ զանգուածային ոչնչացման զէնքը արգիլելու անհրաժեշտութիւնը, ցաւօք, ատիկա չխոչընդոտեց նոր զինատեսակներու ստեղծումը:
Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին անտանտի տերութիւնները առաջին անգամ գործածեցին «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւն» սահմանումը` այսպիսով դատապարտելով օսմանեան իշխանութիւնները 1,5 միլիոն հայերու ոչնչացման համար: Յետագային այդ ահաւոր յանցագործութիւնը պէտք է կոչուեր 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն:
Այնուամենայնիւ, ընդամէնը քանի մը տասնամեակ անց՝ մարդկութիւնը ականատեսը եղաւ հոլոքոսթին, Քամպոտայի, Ռուանտայի ցեղասպանութիւններուն, քրիստոնեաներու եւ եզտիներու ցեղասպանութիւններուն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, Ռոհինճա ժողովուրդին դէմ գործադրուած բռնութիւններուն:
Պատերազմի դասերէն էր ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի ձեւակերպումը Ուիլսընեան յայտնի 14 կէտերուն մէջ: Այնուհետեւ անիկա ընդգրկուեցաւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ, հելսինկիի եզրափակիչ ակտին մէջ եւ հիմք դարձաւ ժամանակակից երկիրներու շուրջ կէսի անկախութեան համար:
Առաջին աշխարհամարտին իբրեւ արդիւնք՝ աշխարհի ժողովուրդները օրէնքի ուժով հաստատեցին ազատ կամքի դրսեւորումով սեփական ճակատագիրը տնօրինելու իրենց իրաւունքը: Այստեղ` Ֆրանսայի մէջ, հարկ կը համարեմ ընդգծել, որ ընդամէնը քանի մը օր առաջ, ֆրանսան յստակօրէն վերահաստատեց իր սկզբունքային դիրքորոշումը այս հարցով. Նոր քալետոնիայիժողովուրդը հնարաւորութիւն ստացաւ հանրաքուէ իրականացնելու: Ցաւօք, այդ իրաւունքին նկատմամբ մօտեցումը ընտրովի է:
Այդ իսկ պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի տասնամեակներ շարունակուող պայքարը՝ իր ճակատագիրը տնօրինելու համար՝ դեռ չէ ստացած պատշաճ իրաւական լուծում: 21-րդ դարուն բացարձակապէս անընդունելի է, որ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը կիրառելուցանկութիւնը կրնայ վերածուիլ կենսաբանական սպառնալիքի:
Առաջին համաշխարհային պատերազմին իբրեւ արդիւնք ստեղծուեցաւ ազգերու լիկան՝ ՄԱԿ-ի նախատիպը, որուն վերջնական նպատակը խաղաղութեան հաստատումն էր:
Այնուամենայնիւ, ժամանակակից աշխարհի մէջ ծայրայեղականութեան դրսեւորումները կ՝ահագնանան: Վերոյիշեալ հաստատութիւններուն նպատակը առաջին հերթին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է: Այդուհանդերձ, այսօր մենք գրեթէ ամէն օր ականատեսկ՝ըլլանք մարդու հիմնարար իրաւունքի` կեանքի իրաւունքի ոտնահարման դէպքերու:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք, շատերը կը կարծէին, որ ատիկա պիտի ըլլայ վերջին պատերազմը: Սակայն, շուտով հետեւեցաւ Երկրորդ աշխարհամարտը: Սկսաւ պատերազմի եւ սպառազինութիւններու մրցավազքի նոր փուլ: Ցաւօք, առ այսօր ատոր վերջը չէ տրուած: Աւելին, անիկա հետզհետէ աւելի կը խորանայ:
Ահա թէ ինչու կարեւոր կը համարեմ այսպիսի հանդիպումները: Անոնք մեզի հնարաւորութիւն կու տան խորհելու մեր ընդհանուր անցեալի, մարդկութեան պատմութեան մասին: անշուշտ, մենք չենքկրնար փոխել պատմութիւնը, եւ ատոր կարիքն ալ չկայ: Բայց պատմութիւնը կրնայ փոխել մեզ, որ մեր ապագան աւելի լաւ դառնայ:
Այդ իսկ պատճառով՝ մենք պէտք է յիշենք առաջին աշխարհամարտի կարեւորագոյն դասը: Որեւէ պետութիւն չի կրնար իր յաջողութիւնը կառուցել ուրիշներու թշուառութեան վրայ, ոչ ոք կրնայ ազատութիւն ձեռք բերել ուրիշներու ստրկութեան հաշուին:
Առաջին համաշխարհային պատերազմին վերջ տրուեցաւ հարիւր տարի առաջ: Եւ ասիկա հիանալի առիթ է մտածելու պատերազմներէն զերծ խաղաղութեան դարաշրջանի մասին:
Ես կը հաւատամ, որ այստեղ՝ Փարիզի մէջ հաւաքուած առաջնորդները, պիտի կարենան հասնիլ այդ նպատակին: Եւ ատիկա պիտի ըլլայ յարգանքի լաւագոյն տուրքը՝ մատուցուած նախորդ դարու անմեղ զոհերուն»:
Ելոյթէն ետք՝ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդանշական գիրք յանձնած է «Խաղաղութեան գրադարան»-ին` պատմաբան Հայկ Դէմոյեանի «Հայոց Ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի առաջին էջերին» պատկերազարդ գիրքը:
«Փարիզի խաղաղութեան համաժողով»-ի քննարկման թեմաներն են՝ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւն, զարգացում եւ ներառական տնտեսութիւն: