ԱՆթիլիասի Տպարանէն լոյս տեսաւ Յուշամատեաններու երրորդ եւ չորրորդ հատորները` «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց» 2 հատորով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբը Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, Անթիլիասի Տպարանէն հերթականօրէն կը շարունակուին լոյս տեսնել 20-րդ դարու սկիզբին Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, գիւղերուն եւ շրջաններուն նուիրուած յուշամատեաններու վերահրատարակութեան աշխատանքները:
Յուշամատեաններու առաջին երկու հատորներն էին «Ատանայի Հայոց Պատմութիւն» եւ «Պատմութիւն Տարօն Աշխարհի»: Ներկայ հրատարակութեան «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց» երրորդ եւ չորրորդ հատորները առաջին անգամ լոյս տեսած են 1953-ին Լոս Անճելըս, Դոկտ. Գէորգ Ա. Սարաֆեանի աշխատասիրութեամբ: Ներկայ հրատարակութեան խմբագիրն է բանասէր, նախկին տնօրէն եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթի խմբագիր` Պրն. Ժիրայր Դանիէլեան:
Զոյգ հատորները իրենց մէջ կը պարունակեն Անթէպի պատմական, աշխարհագրական, տնտեսական, լեզուական, գրական, հայրենակցական, եւայլն երեսները, որը ընթերցողին ամբողջական պատկերը կու տայ Անթէպի ու անթէպցիներու մասին: Յարգելի խմբագիրը երկու հատորներն ալ օժտած է տեղանուններու եւ անձնանուններու ցանկերով «որոնք մաս կազմած են առաջին հրատարակութեան բովանդակութեան»: Խմբագիրը նաեւ կատարած է «հիմնական թերացումներու,- ուղղագրական, կէտադրական, լեզուական, տպագրական, եւայլն,- սրբագրութիւն»: Յատուկ անուններու պարագային նկատի առնուած է միակերպութիւն ու միատարրութիւն:
Սոյն զոյգ հատորները տպագրուած են ազնիւ մեկենասութեամբը` Տէր եւ Տիկին Կարպիս եւ Արեգ Նազարեաններու:
Անթիլիասի Տպարանէն յաջորդաբար հրատարակութեան պիտի տրուին «Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւն», «Վասպուրական», «Մարաշ կամ Գերմանիկ», «Պատմագիրք Կիւրինի» Յուշամատեանները: