ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ պատուելի դոկտ. Պերճ Ճամպազեան ժամանակաւորապէս նշանակուած է Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւ։ Կ՛ակնկալուի, որ նշանակումը հաստատուի Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան ընդհանուր ժողովին կողմէ, որ երկու տարին անգամ մը տեղի կ՛ունենայ։ Յաջորդ ընդհանուր ժողովը պիտի կայանայ Յունիս 2016ին, Շիքակոյի մէջ։
Պատուելի Ճամպազեան ծնած է Երուսաղէմի Ս. Յակոբ վանքի համալիրին մէջ եւ զաւակն է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած Համբարձում եւ Մերի Ճամպազեաններուն, որոնք գործօն անդամներ եղած են պատուելի Աղպապեանի հիմնած Մարաշի երկրորդ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյն։
Պատուելի Ճամպազեան իր նախնական ուսումը ստացած է Երուսաղէմի, Ամմանի եւ Պէյրութի մէջ, իսկ 1967ին աւարտած է Զուիցերիա գտնուող Պիթընպերկի Աստուածաբանական դպրեվանքը։
1967-1973 տարիներուն, ան պատուելին եղած է Ֆրանսա գտնուող երկու եկեղեցիներու՝ միաժամանակ հետեւելով ձայնամարզումի։ Ան աստուածաբանական ուսումը շարունակած է Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանութեան դպրոցին (NEST) մէջ (1975-1977)։
1973-1981 տարիներուն, ան իբրեւ պատուելի եւ դասատու ծառայած է Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցիին եւ Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանին, որուն աշակերտութեան թիւը 900ի կը հասնէր։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի այդ տարիներուն, ան իր հանգուցեալ եղբօր՝ պատուելի Յակոբին հետ, դարմանատուն մը հաստատած է՝ վեց բժիշկներով, առողջապահական սպասարկութիւններ տրամադրելու համար։
1981-1993 տարիներուն, ան գլխաւոր պատուելին եղած է Հայ Ժողովական Միացեալ եկեղեցւոյ, իսկ 1997-2007ին Կլենտէյլի Երիցական եկեղեցւոյ համաշխարհային առաքելութեանց պատասխանատուն եղած է եւ շնորհիւ վեց լեզուներու տիրապետելուն՝ աւելի քան 40 առաքելութիւններ իրականացուցած է Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Եգիպտոսի, Սուտանի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ։
Վախճանեալ Վազգէն Ա. կաթողիկոսի հրաւէրով, ան Գէորգեան դպրեվանքին մէջ 75 քահանաներու համար դասընթացք մը իրականացուցած է, իսկ անոր շաբաթական «Նոր Յոյս» պատկերասփիւռի յայտագիրը այս տարի կը տօնէ իր 30ամեակը։
Պատուելի Ճամպազեան նաեւ հեղինակած է «Հայազարթում» հատորը։