Յակոբ Միքայէլեան
Ես դեռ չեմ հասկցած, թէ ինչո՞ւ Ռուս-Ուքրաինական պատերազմի ընթացքին ռուսերը Հայաստան թափեցան, իրենց բնակավայրերը անապահո՞վ էին, Հայաստանը աւելի ապահով երկի՞ր էր, ի՞նչ գիտնամ, կարեւորն այն է, որ եկան, ըսին հարիւրհազարով, մասնաւորաբար անոնց բարեկեցիկ վիճակ ունեցող ընտանիքները, յատկապէս երիտասարդ զոյգեր, ու մարախներու նման յարձակեցան վարձու բնակարաններուն վրայ ու վճարեցին, որքան որ պահանջեցին այդ բնակարաններուն տէրերը: Հաւանաբար ռուսաստանի վարձքերուն հետ բաղդատած, մերինները շատ աւելի մատչելի էին, հակառակ որ «պիզնէսի» հոտը առած մեր տանտէրերը, արդէն իւղոտ յաճախորդներուն գրպաններուն համեմատ վարձքերը բարձրացուցած էին, այնքան մը, որ Երեւանի մէջ վարձու տուն գտնելը անկարելի դարձաւ:
Մտածեցինք՝ այս մարդիկը Երեւանի մէջ ի՞նչ պիտի աշխատին, որ կարենան ապրիլ, թէ՞բոլորն ալ հարուստ են ու աշխատելու կարիք չունին: Յայտնի դարձաւ որ եկողներուն մեծամասնութիւնը երիտասարդ զոյգեր էին եւ իրենց գործը, իրենց հետ բերած էին՝ ոչ խանութ, ոչ գործատեղի, ոչ մեքենայ, այլ ընդամէնը համակարգիչ մը, որուն միջոցով ալ կրնան իրենց գործերը կատարել, աշխարհի ո՛ր մասն ալ բնակին:
Եկան, Հայաստանցիները ուրախացան, ոչ այնքան ռուսասէր ըլլալնուն, այլ որովհետեւ իրենց հացին քիչ մը իւղ քսուեցաւ. ոչ միայն իւղ, այլեւ մեղր, ռուբլի ու տօլար… Սակայն տանտէրերը երբ իրարու նայելով ու իրարու նախանձելով սուրիահայ վարձուորներուն ոտքին տակ օճառ դնելու ելան, որպէսզի անոնց պարպած բնակարանները եռապատիկ, նոյնիսկ քառապատիկ վարձքով ռուսերուն տան, արդէն հարցը լրջօրէն մտահոգիչ դարձաւ եւ շարունակուեցաւ պատուհասի վերածուիլ, երբ ակամայ իրենց վարձած բնակարանները պարպելով փողոց մնացին, կամ ալ ազգականի մը տան մէջ պատսպարուեցան ժամանակաւորապէս: Արդար ըլլալու համար ըսեմ, որ տեղացի վարձով ապրող ընտանիքների կան, որոնք նոյն կրակին մէջ ինկած են։
Սուրիահայերէն ոմանք սեփական բնակարաններ ունին, սակայն մեծ տոկոս մը կայ, որ եկած օրէն վարձք կը վճարէ՛ նոյնիսկ բերնէն կտրելով, որպէսզի ամբողջ ամսուան մը կենցաղային ծախսերուն չափ, տան վարձքը վճարէ:
Գիտենք որ ամէն մարդ ազատ է իր ունեցածը ուզած գինով վաճառելու, կամ վարձով տալու, սակայն, երբ հարցը փողոց մնալու կը հասնի, կառավարութիւնը, կամ գոնէ քաղաքապետարանը ձեւով մը չե՞ն կրնար միջամտել, կամ օրէնք մշակել ու սահման դնել այս սանձարձակ սղաճին:
Հասկցանք որ Ամերիկեան տօլարը բաւական կորսնցուց իր արժէքէն, իսկ վարձքերը, նոյնիսկ եթէ տեղական դրամով կը վճարեն, տանտէրերը տոլարով կը հաշուեն ու աւելի կը պահանջեն: Այսքանը գուցէ արդարանալի է , վարձքին վրայ 20% մը կ՛աւելցնես, հարցը կը փակուի: Ո՛չ, երանի այսպիսով փակուէր, ի՞նչ քսանառհարիւր, ատոր խօսքը չըլլար, ռուսերը պահանջուածը կը վճարեն եւ վարձքերը մագլցեցան, մինչեւ որ հասան 300%-ի… Ես անձնապէս գիտեմ բնակարան մը, որ ամսական 500 տօլար էր վարձքը, ռուս ընտանիքի մը 2000-ով տրուեցաւ: Ճիշդ է որ այդ եկուորները մնայուն չեն, շրջան մը ետք պիտի վերադառնան, երբ վերջ գտնէ պատերազմը (որ կարծես թէ վերջանալիք չունի)… Այն ատեն ի՞նչ պիտի ընեն պարպուած տուներուն տէրերը, իրենց նախկին վարձակալները ե՞տ պիտի կանչեն: Հարկ կա՞յ յիշեցնելու, թէ խաւարի տարիներուն Հալէպահայերը ինչպէս իրենց դռները բացին հայաստանցիներուն առջեւ: Շահադիտական մօտեցումէն զատ, կայ մարդկայնութիւնը, խիղճը, բարութիւնը:
Երեւանի մէջ իմ ապրած ութը տարիներուս ընթացքին, նկատեցի որ այստեղացիները «կարճատես» են, գործարքի պարագային միայն ներկան կը մտածեն, հեռուն չեն տեսներ, ապագայի մասին չեն մտահոգուիր. այսինքն չեն փորձեր այնպէս մը գործել, որ երկար տարիներ «ծորակը բաց մնայ». այսինքն յաճախորդին հետ այնպէս մը վարուիլ, որ կարելի ըլլայ տարիներով օգտուիլ անկէ: Դժբախտաբար շատերու մօտ այս է կարծիքը, «Այսօր շահագործեմ, շահիմ, վաղը ինչ ուզէ թող ըլլայ:»
Այս պատկերը շատ յստակ է խանութ, վաճառատուներու պարագային: Կը տեսնես սնունդի կէտ մը բացուեցաւ, նոր յարդարումով, նոր կահաւորումով ու … ամիս մը, կամ երկու ամիս ետք կը փակուի ու դարձեալ կը փակցուի «Տրվում է վարձով» ազդագիրը: Կը հարցնես թէ ինչո՞ւ փակուեցաւ, պատասխանը պարզ է՝ վարձքը շատ բարձր է: Ու ամիսներով պարապ կը մնայ, քանի անոր տէրը անզիջող կերպով վարձքը չի պակսեցներ: Հիմա, ո՞րն է շահաւորը, տարին մի քանի ամիս բարձր վարձքով տալ տարածքը, թէ՞ նուազ վարձքով ամբողջ տարին վարձակալ ունենալ: Հայաստանցին կ՛ըսէ՝ «Ի՞նչ ես կորցրել, ի՞նչ ես ման գալիս»:
( ԱԶԳ, 14, 10, 2022)