ԱՐՏԱՇԱՏ, «Արմէնփրէս».– Արարատի մարզի Զանգակատուն համայնքին մէջ 21 Մարտին կայացաւ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանին կից կառոյցի՝ Զանգակատան բացումը: Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Արարատի մարզպետ Ռուբիկ Աբրահամեան, մարզպետարանի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան վարչութեան պետ Յասմիկ Գասպարեան, վարչութեան աշխատակիցներ, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան, Հայաստանի ընկերային ներդրումներու հիմնադրամի նախագահ Աշոտ Կիրակոսեան, տարբեր գրական հրատարաչատուներու ղեկավարներ եւ այլն:
Նորակառոյց մասնաշէնքի՝ Զանգակատան բացման օրը համընկնեցաւ Բանաստեղծութեան միջազգային օրուան, այդ պատճառով ալ նախագահին կ՛ընկերակցէին նաեւ Արեւշատ Աւագեան, Ռազմիկ Դաւոյեան, բանաստեղծութեան բնագաւառի այլ կարկառուն ներկայացուցիչներ:
Նախագահ Սարգսեան այցելութեան ընթացքին ծանօթացաւ երկյարկանի կառոյցին, ներքին բաժանումներուն եւ անոնց գործունէութեան: Առաջին յարկին վրայ կայ հաւաքածոներու սենեակ, գրապահոց, երկրորդ յարկին վրայ՝ տնօրէնի աշխատասենեակ, ընդունելութիւններու սրահ: Սերժ Սարգսեան այցելեց նաեւ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարան, ուր տնօրէն Աւետիք Գրիգորեան ներկայացուց Սեւակի անձնական իրերը, մասունքները, նամակները, անոր գրական ամբողջ ժառանգութիւնը եւ թարգմանութիւնները:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին տուն-թանգարանի տնօրէն Աւետիք Գրիգորեան ըսաւ. «Մշտական եւ կայուն ջեռուցման պայմաններում գրական ամբողջ ֆոնդը, գրողի ողջ ժառանգութիւնը կը փրկուի քայքայումից, դրանով հնարաւորութիւն ստեղծելով այդ ժառանգութիւնն ի պահ տալու յաջորդ սերունդներին: Գիտական աշխատողի համար նախատեսուած սենեակում մասնագէտն ամբողջ ժառանգութիւնը ձեռքի տակ ունենալով՝ կը կարողանայ Սեւակին ու նրա պոէզիան նորովի եւ իր տեսանկիւնից ներկայացնելու, գրական ասպարէզում նոր նուաճումներ ու նորարարութիւններ անելու: Արդէն Զանգակատուն ենք տեղափոխուել ֆոնդային նիւթերի մի մասը: Առաջիկայում կը սկսուեն դրանց մշակման, թուայնացման աշխատանքները»:
2014ին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարականով ընթացք առած շինարարական աշխատանքներուն համար տրամադրուած է շուրջ 35 միլիոն դրամ: Զանգակատունը կառուցուած է æիմ Թորոսեանի աշակերտ՝ Էրիկ Օհանեանի նախագիծով։