Կը հաստատենք, որ 2011-2012 կրթական տարեշրջանի լիբանանեան պաքալորէայի պետական քննութիւններուն լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները անցնող տարեշրջանին եւս արձանագրած են պատուաբեր արդիւնքներ:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ գրականութեան բաժինին մէջ Նուարդ Օհաննէսեան եւ Սինթիա Արաբկիրլեան լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ հանդիսացած են առաջին: «Լաւ» յիշատակութեան արժանացած են Տիանա Եղիա, Լորի Եթերեան եւ Ռիթա Պօղոսեան:
Նշեալ արդիւնքները յայտարարուեցան ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան կազմակերպած պաքալորէայի գերազանց նիշ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութեան ընթացքին: Նախաձեռնութիւն մը, որ ուսանողութեան քաջալեր հանդիսացող մեծ աշխատանք մըն է:
Կը շնորհաւորենք մեր ծնողներն ու աշակերտները եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ուսուցիչներուն ու կրթական պատասխանատուներուն, որոնց հետեւողական աշխատանքով, բծախնդրութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ կարելի եղաւ նուաճել յաջողութիւնները: Լիայոյս ենք, որ այս տարեշրջանին ալ մեր աւարտական աշակերտները միեւնոյն ոգիով, մթնոլորտով եւ յաւելեալ թափով կ՛արձանգրեն նոր ձեռքբերումներ:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ