ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Լէյլա Ապտուլաեւա յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հաւանական հանդիպման նախապատրաստական աշխատանք կը կատարուի։
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ ան հանդիպման ժամանակին մասին յստակ տեղեկութիւն չտուաւ:
ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Յունուարին իրենց տարածած յայտարարութեան մէջ նոյնպէս ընդգծած էին, որ բանակցութիւններուն դրական մղում տալու համար, քայլերու պիտի ձեռնարկեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ հանդիպում կազմակերպելու ուղղութեամբ:
Ցարդ Փաշինեան եւ Ալիեւ երեք ոչ-պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած են:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը նաեւ յայտնեց, թէ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման յստակ վայրը եւ ժամկէտները տակաւին յստակացած չեն, սակայն հանդիպումը օրակարգի վրայ է: