TASS լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Պաքու հաստատած է Հայաստանի հետ գերիներու փոխանակման « Բոլորը բոլորի դիմաց» ձեւաչափը:
«Ազրպէյճանը կը հանդիսանայ գերիներու եւ այլ պահուող անձերու փոխանակման՝ «Բոլորը բոլորի դիմաց» ձեւաչափի կողմնակից». նշուած է TASS հաղորդագրութեան մէջ:
Պաքու նաեւ յայտնած է, թէ հայ ռազմագերիները ցուցադրելու մտադրութիւն չունի կայանալիք շքերթի ընթացքին: