ՏԱՒՈՍ, «Ռիա Նովոսթի».- Ատրպէյճան նոր բանակցութիւններ կը վարէ Ռուսիոյ հետ՝ ռազմական համագործակցութեան պայմանագիրի մը շուրջ: «Ասիկա գործընթաց է, որ մշտապէս կը գտնուի մեր ուշադրութեան կեդրոնը: Այս պահուն բանակցութիւններ կ՛ընթանան: Դուք լաւ գիտէք, որ ռուսական ռազմական արդիւնաբերութիւնը յառաջընթաց կ՛ապրի, կը յայտնաբերուի նոր ժամանակակից սպառազինութիւն: Ինծի համար հիմա դժուար է խօսիլ յստակ տեսակներու մասին, բայց, ընդհանուր առմամբ, մեր համագործակցութիւնը այդ ոլորտին մէջ բեղուն է», «Ռիա Նովոսթի»ի լրագրողին յայտնեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ կը գտնուի Տաւոս՝ մասնակցելու Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին:
Ալիեւ նշեց, որ Ատրպէյճան Ռուսիոյ հետ 5 միլիառ տոլարի ընդհանուր արժէքով պայմանագիրներ կնքած է: «Անոնց մեծ մասը իրականացուած է: Մենք ստացած ենք գնումները: Այժմ կ՛աշխատինք համագործակցութեան հետագայ ծրագիրներուն շուրջ: Ոչ մէկ սահմանափակում կայ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ», ըսաւ Ալիեւ: