ՊԱՔՈՒ, «Ինթըրֆաքս».- Ատրպէյճանի կառավարութիւնը սեփական ընկերութիւններ կը հրաւիրէ ներդրումներ կատարելու Քարվաճառի մէջ` հանքային ջուրի արտադրութեան գործարանի եւ առողջարանի կառուցման նախագիծերուն մէջ, հաղորդեց ատրպէյճանցի պաշտօնատար մը` աւելցնելով, որ ընդհանուր առմամբ նախագիծը կը գնահատուի 1,8 միլիոն տոլարով:
«Ներդրողներուն պիտի տրամադրուի պետական աջակցութիւն` արտօնեալ վարկերու, մաքսային եւ հարկային արտօնութիւններու տեսքով», նշեց Ատրպէյճանի կառավարութեան աղբիւրը:
44-օրեայ պատերազմին ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած է Ջերմաջուր (ատրպէյճանական անուանումը` Իսթիսու) մեծ բնական աղբիւրը, որ կը գտնուի Թարթառ գետի ափին, Քարվաճառ քաղաքէն դէպի հարաւ: Ջերմաջուրը հարուստ է բնական տաք աղբիւրներով. տեղւոյն հանքային ջուրը ունի բուժական յատկութիւններ եւ կ՛օգտագործուի բուժական լոգանքներու համար:
Ըստ Պաքուի տուեալներուն` երկրի հանքային ջուրի ընդհանուր պաշարներուն 33 առ հարիւրը կը գտնուի Քարվաճառի (Քելբաջար) եւ Բերձորի (Լաչին) շրջաններուն մէջ: