ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Պաքու բողոքագիր յղեց Իրանի դեսպանին՝ դժգոհութիւն յայտնելով, որ իրանեան բեռնատարներ Արցախ կը մտնեն, «առանց Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն արտօնութիւն ստանալու»:
Իրանի դեսպանը 11 Օգոստոսին հրաւիրուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր փոխանցուեցաւ, թէ վերջերս, Իրանի պատկանող բեռնատարներ «անընդհատ կը մտնեն եւ դուրս կու գան Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանէն` առանց պաշտօնական Պաքուի թոյլտուութեան»:
Պաքու յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ «իրանի նոր վարչակազմը գործնական քայլերու կը դիմէ` կանխելու բարեկամական եւ գործընկերային յարաբերութիւններու ոգիին չհամապատասխանող քայլերը»: