ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Պաքու որոշած է կասեցնել դրամական փոխանցումներ կատարող չեխական «MoneyPolo» ընկերութեան գործունէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ, պարզապէս որովհետեւ այդ ընկերութիւնը սկսած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ ծառայութիւններ մատուցելու:
Ատրպէյճանի ելեւմտական շուկաներու վերահսկողութեան գրասենեակը յայտարարած է, թէ 2011ին հիմնադրուած չեխական այս ընկերութիւնը «ապօրինաբար» դրամական փոխանցումներ կը կատարէ դէպի Արցախ, ինչ որ կրնայ «ահաբեկիչներուն նիւթապէս օժանդակելու» միջոց դառնալ։
Աւելի կանուխ, Պաքու նման պատժամիջոցներու դիմած էր նաեւ «Moneygram» եւ «Western Union» ընկերութիւններուն դէմ, դարձեալ դէպի Արցախ դրամական փոխանցումներուն պատճառով: