ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին կապերու վարչութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարեց, թէ Ատրպէյճան կ՛առաջարկէ Հարաւային Կովկասի համարկուած նախատիպ մը:
«Այսօր Հարաւային Կովկասը շատ մասնատուած է, անհրաժեշտ են նոր կապեր, մարդոց միջեւ նոր շփումներ», նշեց Հաճիեւ, որ այս մասին խօսեցաւ «Հարաւային Կովկաս. Զարգացում եւ համագործակցութիւն» համաժողովին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Շուշիի մէջ:
Հաճիեւ նշեց, որ Պաքու կը սպասէ Երեւանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման եւ այդ պարագային պատրաստ պիտի ըլլայ ճանչնալու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը:
«Հիմնական հարցը այս է՝ Հայաստան պատրա՞ստ է ճանչնալու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Մենք պատրաստ ենք ճանաչելու (Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը)», ըսաւ Հաճիեւ:
Ան նաեւ խօսեցաւ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի կարեւորութեան մասին՝ նշելով, թէ կան այդ գործընթացի մօտալուտ մեկնարկին մասին վկայող ազդակներ: