ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան»․- «Իրաւաբան» կայքը կը հաղորդէ, թէ Ատրպէյճան եւս դիմած է ՄԱԿի հովանիին տակ գործող Միջազգային Արդարադատութեան դատարանին, Հայաստանի դէմ դատ բանալով անոր կողմէ Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային համաձայնագիրի պայմաններուն խախտումներուն համար:
Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ, Հայաստան դիմած էր նոյն դատարանին, փաստեր ներկայացնելով Պաքուի կողմէ տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող ցեղային խտրականութեան վերաբերեալ: