ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Կը պատահի, որ որեւէ գիրք կարդալու ատեն կը ցատկես կ՛երթաս ժամանակին մէջ թաղուած ճամբաներու վրայէն ու պատմական վայրերու վրայ կը տեսնես քու նախահայրերդ, քու ժամանակակիցներդ։ Ահաւասիկ կը կարդամ Աւագի Փլինի (մահ՝ Ք․ե․ 79 թուականին) «Բնական պատմութեան» անգլերէն թարգմանութիւնը։ Հռոմէացի այս զօրավարը, որ ընկեր մը փրկելու համար Վեզուֆի լաւաներուն զոհ կ՛երթայ, կ՛անմահանայ իր այդ գիրքով, որ անփոխարինելի աղբիւր է Հռոմէական կայսրութեան քաղաքներու իր ցանկով ու հակիրճ նկարագրութեամբ։
Կը կարդամ Միջերկրական ծովու արեւելեան ափի քաղաքներու բաժինը, Փիւնէկէի սահմանէն դէպի հիւսիս, մինչեւ Սելեւկիա, ու ակամայ՝ աչքիս առջեւ կը ներկայանան Տիգրան Մեծի բանակները, միջնադարու հայ հոծ գաղթականութիւնը, մինչեւ մեր օրերը տեւող հայ հնամենի գաւառակները՝ Մուսա Լեռ, Քեսապ եւ այլն, մանաւանդ 1922-ի մեր երկրորդ տարագրութիւնը, 1939-ի Ալեքսանդրէթի սանճաքի Թուրքիոյ յանձման օրերուն ՝ այս տեղերէն անցնող մեր տեղահանուածները;
Աւագ Փլին անցած է այս տեղերէն, բայց որպէս յաղթական հռոմէացի։
Կը գրէ․ «Այստեղ կը վերջանայ Փիւնիկէն, ու կը սկսի Սուրիան (Ասորիքը)։ Քաղաքներն են Քարնէ, Բալանէա, Պալտոս, Գաբալէ, այնուհետեւ հրուանդանի մը վրայ հաստատուած ազատ քաղաք Լաոդիկէ , ապա Տիոսպոլիս, Հերակլէ, Քարատրուս, Պոսիտիում։ Յետոյ՝ ներսը կը գտնուի ազատ քաղաք Անտիոքը, որ կը կոչուի Էպիդափնէս, եւ որ բաժնուած է Որոնդէս գետով։ Ծովափին Սելեւկիան է, որ կը կոչուէր Փիէրա, ազատ քաղաք»։
Այստեղ Քարնէն մեր օրերու Թարթուս քաղաքն է, յունական աղբիւրներու մէջ՝ Antaradus, որ բառացի կը նշանակէ «Արատոսի դէմ»։ Արատոսը դէմի կղզի-քաղաքն է, արաբերէն՝ Արուատ, Պալանէան՝ Պանիասն է, Պալտոսը հնավայր մըն է Պալտօ անունով, Գաբալէն Ճապլէ քաղաքն է, յետոյ կը յիշատակուի Լաթաքիան, հնագէտներ կը փորձեն ճշդել Տիոսպոլիսի եւ Հերակլէի դիրքերը Լաթաքիոյ եւ Պասիթի միջեւ, նոյնպէս՝ Քարատրուսի, իսկ Պոսիտիումը ծովու Աստուած Պոսէյդոնի քաղաքն է, մեր Պասիթը։ Հալէպահայեր հրճուանքով կը յիշեն այս անունը, իսկ մուսալեռցիները՝ ցաւով։ Այնուհետեւ կու գայ Անտիոքը կամ Անթաքիան, որ կոչուած է նաեւ «Դափնէի մօտ Անտիոք», Տիգրան թագաւորի օրով հայոց տէրութեան հարաւային թագաւորանիստը, որուն մօտիկ, դարձեալ Աւագ Փլինի յիշատակութեամբ, Տիգրան Մեծ կը հիմնէ երկու չորրորդապետութիւններ, ուր հաւանաբար հայեր կը վերաբնակեցնէ։ Չորրորդապետութիւններու անունները չեն փոխանցուած, ով գիտէ՝ քանիերորդ Տիգրանակերտները։ Եւ վերջապէս՝ Սելեւկիան, մեր օրերու Սուէտիան, որուն ափէն կը մագլցին Սուէտիոյ, այսինքն Մուսա լեռան մեր գիւղերը;
Ուսումնասիրողներ Փլինի աշխարհագրական անուններու տեղադրութիւնը յաճախ կասկածի տակ կ՛առնեն կամ կը շփոթեն համանուն այլ քաղաքի մը հետ։ Կրնայ ըլլալ, որ պատահած են թիւրամացութիւններ, շփոթներ, ընդօրինակութեան վրէպներ, ով գիտէ։ Ես ալ կը նկատեմ այդպիսի պարագայ մը․ Քարատրուս յիշատակուած է Պոսիտիումէն հարաւ, մինչ պէտք է ըլլայ հիւսիս ու նոյնանայ իմ ծննդավայր Գարատուրան կան Գալատուրան գիւղին հետ, ծովափնեայ հնաւուրց քաղաքի մը աւերակներուն հետ։, ուր մինչեւ 1939 կը գործէր փոքրիկ նաւահանգիստ մը։ Մարդիկ կը կարծեն, որ Գարատուրան թրքերէն “Սեւ տեղ” կը նշանակէ, իսկ Գալատուրանը՝ “Բերդին տեղը”, բայց եկուր տես, որ բարբառով գիւղը կը կոչուի Գէ’րէ’տըրուն։ Բարբառին մէջ թրքերէն գարա եւ գալա բառերը երբեք չեն հնչիւնափոխուիր՝ Գարաքիլիսա, Գարաչայ, Գալաճըգ․ կը նշանակէ Գէ’րէ’տըր- հիմքը պէտք է փնտռել այլ տեղ, եւ ատիկա վատահաբար Քարատրուսն է, որուն ուս/իուս կամ ոս ածանցը համարժէք է ոն/ուն ածանցին՝ Տարսուս — Տարսոն։ Այսինքն նոյնն են Քարատրուս եւ Գէ’րէ’տըրուն։ Յոյն աշխարհագէտ Ստրաբոն (Ք․ա 63-Ք․ե․ 24) կը յիշէ Քարատրիուսը ու կը նկարագրէ զայն իբրեւ ամրոց՝ նաւահանգիստով մը։ Ուրեմն ի զուր կ՛աշխատինք մեր տեղանունները ընդհանրապէս թրքածին համարել։ Ծովագէտ Ֆրանսիս Պիւֆերտը (1774-1857) Քարատրուսը կը դնէ երկու լեռներու միջեւ, փոքրիկ գետի մը եզրին։ Նոյնն է՝ երկու լեռներու միջեւ, բայց գետը ամռան կը ցամքի։ Ուսումնասիրողները Քարատրուսը փորձած են գտնել այլ տեղ, նոյնացնել համանուն այլ տեղի մը հետ, իսկ համանուն քաղաքներ, լեռներ, գետեր շատ կան հին աշխարհին մէջ։ Երբեմն իրենց տեղեկութիւնները ճիշդ չեն պատկերացուցած քարտէսի վրայ։ Անոնցմէ մէկը, տեղեկութիւնները քաղելով օսմանեան ժամանակներէն, կը կարծէ, թէ այս փոքրիկ նաւահանգիստը Թուրքիոյ մէջ կը գտնուի, պաշտօնապէս կը կոչուի Kaledıran İskelesi՝ «Գալէտիրանի նաւահանգիստ»։ Այ մարդ, ո՞ւր կը տանիս Գարատուրանը կամ Գալատուրանը, իմ Գէ’րէ’տըրունը, ան ա՛յդ Քարատրուսն է, Սուրիոյ կողմը, թրքական սահմանին կից։
Ու պատկերացուցէք, որ այս ծովու եւ ցամաքի սահմանագիծին վրայ կը բարձրանայ այս քաղաքներուն եւ անոնցմէ առաջ՝ Ուկարիթի սրբազան լեռը՝ Խազին կամ Կասիոսը, աստուածներու հայր Պաալի, Թեշուպի եւ Զեւսի բնակարանը։ Աւագ Փլինը այսպէս կը նկարագրէ լեռը․
— Անկէ անդին կը գտնուի Կասիոս լեռը։ Այս լեռան բարձրութիւնը այնքան մեծ է, որ գիշերուան չորրորդ ժամուն անկէ կարելի է տեսնել, խաւարի մէջէն, թէ ինչպէս արեւը կը ծագի արեւելքէն: Եւ այսպէս, ընդամէնը ձեր վրայ դառնալով, կրնաք նոյն պահուն տեսնել թե՛ ցերեկը, թե՛ գիշերը: Հողմառատ ճամբան, որ կը տանի դէպի գագաթը, ունի տասնինը քիլոմեթր երկարութիւն, որուն բարձրութիւնը չորսն է։ Այս ափին (հիւսիսէն դիտուած) կը գտնուի Որոնդէս գետը, որ իր հոսանքը կ՛առնէ Հելիոպոլիսի քովէն։
Հելիոպոլիսը արեւի քաղաք Պաապէքն է, Լիբանան։
Ու յիշել, որ այս լեռան հնագոյն անունն է Սափոն։ Քեսապցիներու մէկ աւանդազրոյցին համաձայն՝ Նոյեան տապանը կը հանգչի այս լեռան վրայ։ Տապանը կը զարնուի ժայռին ու կը ծակի։ Հանաշ օձը կը հասնի օգնութեան, կը սեղմուի ճեղքին մէջ ու ջուրին հոսքը կը կասեցնէ։
Ու յիշենք Սիփան սարը․ Նոյեան Տապանը կը ձայնէ Սիփանին․
— Սիփա՛ն, Սիփա՛ն, ա՛ռ զիս, ա՛ռ զիս։
Սիփան սարը կը պատասխանէ․
— Գնա ի Մասիս, ան մեծ է քան զիս։
Եկէք ալ մի մտմտաք Սափոն ու Սիփան լեռնանուններու ազգականութեան մասին։