Լեւոն Շառոյեան
Կը խնդրեմ. չըլլայ որ որեւէ մէկը զիս մեղադրէ «պարտուողականութեամբ», չըլլայ որ որեւէ մէկը դա՛րձեալ ամբաստանէ զիս «թշնամիին պատրաստած քարտէսները տարածելու» յանցանքով…:
Ատրպէյճանի մէջ հիմա շրջանառութեան մէջ է արդէն երկրին ՄՕՏԻԿ ԱՊԱԳԱՅԻ քարտէսը: Լա՛ւ դիտեցէք այս քարտէսը.- Սիւնիք-Զանգեզուրն ու Վայոց Ձորը կուլ գացեր են, Նախիջեւանը միացեր է Ատրպէյճանի «մայր հող»ին, իսկ չքնաղ լիճը մեր՝ Սեւանը, կիսով չափ իրենցն է արդէն…: Մեր ձեռքը կը մնան միայն Երեւանն ու Էջմիածինը եւ քանի մը հողաբեկորներ հիւսիսէն…: Թերեւս՝ ո՛չ իսկ այդքանը:
Երէկ, Պաքուի թուրք-ատրպէճանական միացեալ ռազմաշքերթի ընթացքին՝ Ալիեւ շռնդալից ճառախօսութեամբ մը կը շեշտէր, թէ «Երեւա՛նն ալ ազերի հող է…»:
Ի՞նչ կը բանի Հայաստանի պետութիւնը:
Բայց միթէ՞ «պետութիւն» կայ այնտեղ…