Երէկ կէսօրէ առաջ Պետական անվտանգութիւնը ներխուժեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի Ռապիէի բնակարանը` նկատի ունենալով, որ տեղեկութիւններ կային, թէ ան այդ բնակարանին մէջ կը գտնուի:
Պետական անվտանգութեան ուժերը անմիջապէս հեռացան Սալամէի բնակարանէն, երբ նշմարեցին, թէ ան հոն չի գտնուիր:
Նոյն ուժերը ուղղուեցան Կեդրոնական դրամատուն, Համրա, սակայն Պէյրութի վերադատ ատեանի դատախազ Ռաժա Համուշ մերժեց արտօնել, որ Պետական անվտանգութեան ուժերը Կեդրոնական դրամատուն մուտք գործեն:
Կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն Պետական անվտանգութեան ուժերէն չորս զինուորներու ընկերակցութեամբ մուտք գործեց Կեդրոնական դրամատուն եւ ուղղուեցաւ կառավարիչ Ռիատ Սալամէի գրասենեակը, սակայն կարճ ժամանակ մը ետք ան դուրս եկաւ դրամատունէն` հաստատելով, որ Համուշ հրահանգած է, թէ Պետական անվտանգութեան ուժերուն տրուած ժամանակը աւարտած է, եւ անոնք դուրս պէտք է գան Կեդրոնական դրամատունէն:
Ղատա Աուն Կեդրոնական դրամատան մուտքին գտնուող լրագրողներուն յայտնեց, որ իրեն ըսուած է, թէ Սալամէ իր գրասենեակը չէ:
Ղատա Աունի մեկնումէն ետք Կեդրոնական դրամատան պաշտօնէութեան սենտիքան դրամատան մէջ գործադուլ հռչակեց` մերժելով դրամատան դէմ գործադրուած միլիսական վարուելակերպը:
Կեդրոնական դրամատան պաշտօնէութեան սենտիքայի նախագահ Ապպաս Աուատա հաստատեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած միլիսական այդ վարուելակերպն ու խայտառակութիւնը:
Աուատա հաստատեց, որ Ղատա Աուն իրաւունք չունի դրամատուն ներխուժելու: «Մենք Ռիատ Սալամէի անձը չենք պաշտպաներ, այլ` Կեդրոնական դրամատան գոյացութիւնը: Մենք օրէնքի յարկին տակ կը գործենք, եւ Կեդրոնական դրամատունը Լիբանանի պարկեշտ հաստատութիւններէն մէկն է: Հաստատութեան եւ պաշտօնեաներուն արժանապատուութիւնը ամէն ինչէ վեր է», ըսաւ ան:
Կեդրոնական դրամատան պաշտօնէութեան սենտիքան իր յայտարարած գործադուլին կողքին գումարեց նիստ մը եւ որոշեց եռօրեայ գործադուլ յայտարարել` սկսեալ այսօրուընէ` չորեքշաբթի, 20 յուլիս 2022-էն:
Սենտիքան կոչ ուղղեց կասեցնելու դատախազ Ղատա Աունի անվայել արարքները, որոնք նախընթաց են եւ հակաօրինական, որպէսզի ստիպուած բաց գործադուլ չյայտարարէ:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ ցուցադրական ձեւով Կեդրոնական դրամատուն ներխուժելու այս արարքը յարմարագոյն միջոցը չէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին հարցը լուծելու:
«Մենք ոչ ոքի կառչած կը մնանք եւ ոչ ոք կը պաշտպանենք, պարզապէս կառչած կը մնանք արդար դատական իշխանութիւններուն` հեռու խտրութենէ», շեշտեց Միքաթի:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ելեւմտական վարկին` աւելցնելով, որ պահանջուած է այս թղթածրարը քաղաքական համախոհութեամբ լուծել` նախապէս համաձայնելով նոր կառավարիչի մը անձին շուրջ:
ՄԻՒՍ կողմէ, շրջանառութեան մէջ են շշուկներ, թէ Միջազգային դրամական ֆոնտը խիստ ճնշում կը բանեցնէ Կեդրոնական դրամատան վրայ, որպէսզի ան չերկարաձգէ թիւ 161 շրջաբերականը, որուն հիման վրայ քաղաքացիները լիբանանեան դրամանիշով ամերիկեան տոլար (500 $) կրնան ստանալ` Սայրաֆայի հարթակին հիման վրայ:
ՆՇԵՆՔ, որ Կեդրոնական դրամատունը երէկ հրապարակեց նոր շրջաբերական մը, որուն համաձայն 25 յուլիսէն սկսեալ ամերիկեան տոլարի հաշիւի հիման վրայ գործող բոլոր քարտերը ընդունելի պիտի ըլլան առեւտրականներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ թիւ 151 շրջաբերականին համաձայն պիտի գործածուին ելեկտրոնային դրամարկղերէն ամերիկեան տոլար ստանալու: