ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կէսօրէ ետք այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին Յ. Բագրատունի Պըրրիի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Քննարկուեցան նաեւ ընկերային եւ տնտեսական տագնապին հետեւանքներն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ ներկայ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան շարունակութեան կարեւորութիւնը: