ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ «Պետական գոյքի կառավարման 2015-2017թթ. ծրագիրի կատարման» 2017ի հաշուետուութեան:
Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ ցանկին վրայ պետական մասնակցութեամբ առեւտրական կազմակերպութիւններու շահոյթի բաժիններուն առնչուող տեղեկատուութիւնը կազմուած է Հայաստանի ելեւմտական նախարարութեան տրամադրած՝ Պետական մասնակցութեամբ առեւտրական կազմակերպութիւններու կողմէ պետական պիւտճէի բաժնետիրական դրամագլուխին մէջ կատարուած ներդրումներէն ստացուող շահաբաժիններէն գանձապետական հաշիւներուն 2016ի եւ 2017ի փաստացի փոխանցած շահոյթի բաժիններուն վերաբերեալ եւ 2017ի պետական պիւտճէի հաշուարկներու հիմքին վրայ դրուած, շահութաբաժիններուն գծով պետական պիւտճէ վճարման ենթակայ տարեկան գումարներու կանխատեսումներուն վերաբերեալ տեղեկանքներու հիման վրայ:
«Մասնաւորապէս, կազմակերպութիւններու պետական պիւտճէ մուտքագրած շահոյթի բաժիններու գումարային մեծութիւնը կազմած է, համապատասխանաբար, 2015ին՝ 640 միլիոն դրամ, 2016ին՝ 1 միլիառ 510 միլիոն դրամ, 2017ին՝ 832 միլիոն դրամ, կանխատեսուած 560 միլիոն դրամի փոխարէն», ըսաւ Մինասեան՝ նշելով, որ 2018ի համար ունին աւելի մեծ թիրախային ծրագիրներ պետական գոյքի կառավարման ոլորտին մէջ եւ կ՛ակնկալուի մուտքերու աճ: