ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արագածոտնի մարզի տարբեր համայնքներու մէջ պարարտանիւթերու բաշխման գործընթացին մէջ արձանագրուած են չարաշահումներու դեպքեր, որոնց վերաբերեալ Հայաստանի Քննչական կոմիտէի Արագածոտնի մարզային Քննչական վարչութիւը ձեռնարկած է մեծածաւալ քննչական գործողութիւններու: Յայտնաբերուած են նոր փաստացի տուեալներ պետական ծրագիրներու ծիրին մէջ պարարտանիւթի ներածումով եւ վաճառքով զբաղող կազմակերպութիւններու կողմէ խարդախութեամբ պետական պիւտճէէն առանձնապէս մեծ չափերով յափշտակություններ կատարելու վերաբերեալ:
Այս գծով Արագածոտնի մարզային Քննչական վարչութիւնը կը հետապնդէ 9 քրէական գործ՝ Հայաստանի հողօգտագործողներուն գիւղատնտեսական աշխատանքներուն համար մատչելի գիներով պարարտանիւթերու ձեռքբերման նպատակով պետական աջակցութեան ծրագիրներու իրականացման շրջագիծին մէջ արձանագրուած տարաբնոյթ չարաշահումներու վերաբերեալ:
Քննութեան ընթացքին փաստացի տուեալներ ձեռք բերուած են՝ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան կողմէ, առանց մրցոյթ կազմակերպելու, 2013-2016 ազոդային պարարտանիւթի ներածման իրաւունքը տրուած է «Բերրիութիւն ԱՄ. Մասիսի շրջանային միաւորում»ին, իսկ 2014-2016 պարարտանիւթերու ներածման իրաւունքը՝ «Հրաշք այգի» ընկերութիւններուն: Վերջիններս, ամէն տարի՝ ստանալով մենաշնորհային դիրք, պետական անտոկոս վարկի, պետական դրամաշնորհի հաշուոյն զբաղած են յիշեալ ծրագիրներու իրականացումով:
«Բերրիութիւն ԱՄ. Մասիսի շրջանային միաւորում» ընկերութիւնը Վրաստանէն 1 թոնը 340 տոլարով ձեռք բերած է պարարտանիւթ, որ պէտք է ներածուէր 50 քիլոկրամնոց պարկերով: Իրականութեան մէջ, այս պարկերը ունեցած են աւելի քիչ ծաւալ, սակայն գիւղացիներուն վաճառուած են իբրեւ 50 քիլոկրամանոց պարկեր: Այս ձեւով, նախնական հաշուարկներով, խարդախութեամբ պետական միջոցներէն յափշտակուած է 158 միլիոն 400 հազար դրամ գումար:
«Հրաշք Այգի» ընկերութիւնը, Չինաստանէն եւ Ռուսիայէն ներածելով պարարտանիւթերը՝ 2015ի ծրագիրի իրականացման ընթացքին չէ վաճառած նախատեսուած ամբողջ ծաւալը, սակայն նախապէս ստացուած պետական համալրող գումարը 2016ի ծրագիրին համար աւելի քիչ ցոյց տուած է, այս ձեւով պետական պիւտճէէն խարդախութեամբ, նախնական հաշուարկներով, յափշտակուած է 38 միլիոն 800 հազար դրամ գումար: