Լեւոն Շառոյեան (Հալէպ)
Դժուար է հաւատալ, թէ արդէն տասը երկա՜ր տարիներ սահեր-անցեր են այն դժբախտ օրէն ասդին (4 Սեպտ. 2012), երբ կեանքին հրաժեշտ կու տար արժանթինաբնակ մեր սիրելի երէց բարեկամը՝ գրագէտ, խմբագիր ու կրթական նուիրեալ մշակ Պետրոս Հաճեան:
Հալէպի Ճեմարանի հին շրջաններու (60-ականներ) ուսանողները անպայման կը յիշեն զինք: Կը պատմուի, թէ խստաբարոյ ուսուցիչ մըն էր ան: Ես չեմ աշակերտած իրեն ու վկայութիւն չունիմ դպրոցական օրերէ:
Օր մը սակայն երբ ծանօթացանք իրարու ու սեղմեցինք մէկզմէկու ձեռքը, ես իմ դիմաց գտայ քաղցրաբարոյ ու անո՜յշ մարդ մը: Համակրելի ու հայրագորով:
Պատմեմ:
1984-ին էր: Ճեմարանի 12-րդ կարգի ուսանող էի, հազիւ 17 տարեկան:
Մինչ բոլոր դասընկերներս կլանուած էին պետական պաքալորիայի քննութեանց մտմտուքներով, ես՝ խենթի պէս փարած էի արտասահմանի հայ մամուլին ու հեւ ի հեւ թղթակցութիւններ կը ղրկէի մերթ Փարիզի «Յառաջ»-ին, մերթ Պոլսոյ «Մարմարա»-ին, մերթ ալ Արժանթինի «Արմենիա» օրաթերթին: Այս վերջինին խմբագիրը Պետրոս Հաճեանն էր: Ան շարունակ քաջալերական նամակներ կը գրէր ինծի, մասնագիտական ուղղութիւն կու տար՝ թղթակցութիւններ պատրաստելու կամ հարցազրոյցներ կատարելու համար: Կը նամակցէինք՝ առանց անձնապէս զիրար ճանչնալու:
Օր մըն ալ,- ինծի համար անմոռանալի օր մը,- դասապահու մը ընթացքին անակնկալօրէն տեսչարան կանչուեցայ: Վերի կարգերու պատասխանատու հսկիչը՝ օրդ. Անի Իֆատեան, դուրս հրաւիրեց զիս դասարանէն եւ յայտնեց որ տնօրէնին գրասենեակը պարտիմ երթալ…:
Ի՞նչ էր դրդապատճառը այս անսովոր հրաւիրակոչին, չէի գիտեր: Յանցա՞նք մը գործեր էի արդեօք:
Խռովեալ հոգեվիճակով թակեցի տեսչարանին դուռը ու ներս մտայ:
Տնօրէն պր. Անդրանիկ Խաչատուրեան,- լոյս իջնէ իր գերեզմանին,- նստած էր իր լայն գրասեղանին ետին ու զուարթօրէն կը խօսակցէր ճիշդ իր դէմը նստած ժպտադէմ անձի մը հետ: Չէի ճանչնար այս պարոնը: Հաւանաբար ծնող մը կամ վարժարանի խնամակալներէն մին ըլլալու էր: Կարմիր երեսներով ու շիհահեր մարդ մըն էր, 50-55 տարու:
Հարցական կը նայէի մեր տնօրէնին՝ գիտնալու համար, թէ ինչո՞ւ կանչուած եմ…: Օտար անձին ներկայութիւնն ալ առաւե՛լ կ՛անհանգստացնէր զիս. ափերս սկսեր էին քրտնիլ…:
– Շառոյեա՛ն, պապա՛ս,- հարց տուաւ տնօրէնը,- դուն Արժանթին գաղտնի նամակնե՞ր կը ղրկես եղեր…:
– Չէ՜՜՜, պր. տնօրէն,- հակազդեցի բնազդաբար,- գաղտնի բան չկայ իմ ղրկած նամակներուն մէջ: Թղթակցութիւններ են: Հալէպահայ կեանքէն առնուած տեղեկատու կարճ գրութիւններ:
– Ո՞ւր կը ղրկես այդ գրութիւններդ, ո՞ւր կը տպուին անոնք:
– «Արմենիա» անունով ճաշակաւոր թերթ մը կայ Պուէնոս Այրէս, հո՛ն կը ղրկեմ: Հո՛ն կը տպուին:
-Ի՞նչ հասցէով, որո՞ւ անունին կը ղրկես գրութիւններդ, պապա՛ս:
– Խմբագիրին անունով կը ղրկեմ: Կը կոչուի Պետրոս Հաճեան: Զինք անձամբ չեմ ճանչնար:
– Հը՜մ…, ուրեմն Պ. Հաճեանին կը ղրկես…: Նայի՛ր, տղա՛ս, ահա՛ւասիկ պր. Պետրոս Հաճեանը քու դիմացդ է,- ու մատով ցոյց տուաւ մեր դիմաց նստած կարմրերես համակրելի մարդը…:
Անկարելի՜ երազ: Պ. Հաճեան ու ես՝ դէմ-յանդիման…:
Հաճեան, որ թեթեւ ժպիտով մը հետեւած էր այս կարճաշունչ բեմադրութեան, ցատկեց իր թիկնաթոռէն ու երկու թեւերը լա՜յն բացած՝ ամուր գրկեց զիս իր բազուկներուն մէջ…:
Անկէ ետք՝ մեր բարեկամութիւնը ամրապնդուեցաւ ու շարունակուեցաւ ինչ-ինչ յիշատակելի դրուագներով, որոնց գագաթային պահը եղաւ իմ Պուէնոս Այրէս այցելութիւնը, տեղւոյն Հայ Կեդրոնի հրաւէրով, իբրեւ գլխաւոր բանախօսը Պ. Հաճեանի գրական գործունէութեան 60-ամեակի յոբելեանին (Մայիս 2011): Այս պատմական այցելութենէն ալ ծնաւ իմ մէկ գիրքը՝ «Պուէնոս Այրէս, Արմենիա փողոց», որ տեսակ մը յուշարձան մըն է Պ. Հաճեանի յիշատակին: