ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Անցնող ամիսներուն մեր կեանքը բաւական լուրջ եւ ցաւոտ ցնցումներէ անցաւ:
2021-ը սկսանք «Քորոնա» ժահրի նոր ալիքով: Ամբողջ աշխարհը ահազանգային վիճակի մէջ է: Մեծ պետութիւնները եթէ անզօր են, ալ ո՛ւր մնաց տնտեսական քաղաքական եւ ռազմական ճգնաժամի մէջ եղող երկիրներու պարագան, ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց ճակատագիրը:
Բոլորս ալ մեր հարազատներէն մէկը կորսնցնելու վտանգին տակ ենք:
Բոլորս ալ մեր սիրելիներուն հանդէպ աւելի զգուշաւոր, աւելի բծախնդիր եւ աւելի խստապահանջ պէտք է ըլլանք:
Աղէտը ահաւոր է: Ցաւը` անխնայ: Հարուածը` անսպասելի: Միակ եւ հիմնական ձեւը պաշտպանուելու` նախազգուշութիւնն է:
Լիբանանահայութիւնը անցնող տարուան ընթացքին արդէն երկու մեծ հարուածներ ստացաւ` տնտեսական տագնապը եւ 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը: Ասոնց վրայ ծանրօրէն աւելցաւ Արցախի պատերազմը, իսկ հիմա տարին կը սկսինք ցաւոտ կորուստներով:
Պէտք է բոլորս զգուշ ըլլանք: Պէտք է բոլորս հոգ տանինք մեր շրջապատին: Այսօր, փաստօրէն, բոլոր մակարդակներու վրայ մեծ ճգնաժամի մէջ ենք:
Հիւանդանոցներուն մէջ տեղ չկայ: Բժշկական սարքերը սպառած են: Հիւանդատարները հասանելի չեն: Հեռաձայնային բժշկական սպասարկութիւնները բաւական դժուարութեամբ կը գործեն: Վիճակը ահաւոր է:
Եթէ անցնող ամիսներուն Իտալիոյ քաոսային մթնոլորտի մասին կը խօսուէր միայն, այսօր այդ կացութիւնը կը տիրէ հոս, լիբանանեան իրավիճակը Իտալիայէն աւելի ծանր պատկեր մը կը պարզէ արդէն:
Փաստօրէն, տնտեսական տագնապն ու միջազգային նեցուկի պակասն ալ իրենց դերը ունին:
Բայց ամէնէն վտանգաւորն ու վնասակարը ժողովուրդին անպատասխանատու եւ ոչ զգուշաւոր ընթացքն է, որ աւերիչ դերակատարութիւն ունի:
Պետութիւնը որոշած է պետական բոլոր հիւանդանոցները վերածել «Քորոնա»-ի կեդրոններու:
Որոշումը թէեւ ուշացած տրուեցաւ, բայց յուսանք, որ կիրարկումը արագ ըլլայ:
Նախազգուշական բոլոր միջոցառումները պէտք է հետեւողական ըլլան եւ լուրջ:
Այսօր, այս բոլոր դժուարութիւններէն ետք, մենք մարտահրաւէրներ ունինք դիմագրաւելիք: Մեր կառոյցները, դպրոցները, միութիւնները, բարեսիրական եւ մշակութային կազմակերպութիւնները մամուլը, թերթը, ձայնասփիւռը եւ գաղութային բոլոր հաստատութիւնները բազմաթիւ մակարդակներու վրայ վերակազմակերպման եւ նոր, թափ ու թռիչք տալու մարտահրաւէրի դէմ յանդիման կը գտնուին: Ատիկա լաւապէս ընելու համար պէտք է այսօր շատ զգուշ ըլլանք, այս ճգնաժամէն ալ դուրս գանք` մեր ուժերը հաւաքելու, մեր ծրագիրները մշակելու եւ մանաւանդ մեր հաւատքը զօրացնելու համար` այս գաղութի վարդահեղեղ արշալոյսին ի խնդիր: