ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Պէյժինկի մէջ, Ուրբաթ օր ընթացք առին 24րդ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը: Բացման պաշտօնական արարողութիւնը սկսաւ պատմական անդրադարձով, որմէ ետք պատուիրակութիւնները սկսան մուտք գործել մարզադաշտը: Հայաստանի պատուիրակութեան դրօշակը բարձրացուցին դահուկորդ Միքայէլ Միքայէլեան եւ գեղասահորդ Թինա Կարապետեան:
Դրօշակակիրներուն կողքին, Հայաստանը կը ներկայացնեն՝ Քաթիա Գալստեան, Անկելինա Մուրատեան եւ Սիմոն Սենեկալ, ինչպէս նաեւ մարզիչներ` Արթուր Միքայէլեան եւ Ալլա Միքայէլեան արդէն իսկ կը գտնուին Չինաստանի հողերուն վրայ: Պատուիրակութեան նախագահն է Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Արմէն Գրիգորեան:
Որովհետեւ Հայաստանի ողիմպիական պատուիրակութեան անդամներ լեռնադահուկորդ Յարութիւն Յարութիւնեանի, մարզիչ Արսէն Ներսիսեանի եւ դահուկարշաւի դաշնակցութեան նախագահ Գագիկ Սարգսեանի «Քորոնա» ժահրի քննութեան արդիւնքները դրական եղած են, անոնք Չինաստան չկրցան մեկնիլ։