ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».¬ Պէյրութի մէջ մահացած է նշանաւոր գրող, լիբանանահայ մշակութային կեանքի երեւելի անձնաւորութիւններէն, երկարամեայ ուսուցիչ, լրագրող, հասարակական գործիչ Պէպօ Սիմոնեանը (Պետրոս Գալայճեան): Այս մասին տեղեկացուցած են Հայաստանի Գրողներու միութենէն։
Պէպօ Սիմոնեան ծնած է 1937ին, Աղեքսանտրիա: Երկու տարի ետք ընտանիքը տեղափոխուած է Պէյրութ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Նշան Փալանճեան ճեմարանին եւ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ: Այնուհետեւ աւարտած է «Սէն Ժոզէֆ» ֆրանսական համալսարանի արեւելեան դպրութեան կաճառի հայագիտական ճիւղը: Աւելի քան 40 տարի զբաղած է մանկավարժութեամբ, զուգահեռաբար նաեւ լրագրութեամբ: Անդամ է Լիբանանահայ գրողներու համախմբումի եւ քարտուղարութեան, անդամ է «Կամար»ի եւ «Շիրակ» գրական հանդէսներու խմբագրական կազմերուն։
Պէպօ Սիմոնեան հեղինակ էր բազմաթիւ չափածոյ, արձակ, գրաքննադատական եւ հրապարակախօսական ժողովածուներու: Անոր բանաստեղծական գիրքերէն յիշատակելի են «Նախերգանք» (1968), «Կանաչներու առասպելը» (1977), «Մարդեղութիւն» (1981), «Ծառին ճիչը» (1991), «Միջերկրականի լոյսերուն դիմաց» (2004) ժողովածուները: Արձակ գործերէն յիշենք «Ծուէն¬ծուէն» (1981), «Մայրիներու արմատները» (1986), «Ակնթարթներ մարդու եւ կեանքի առօրեայէն» (2012) գիրքերը: Անոր գրականագիտական ուսումնասիրութիւնները ամփոփուած են 2012ին լոյս ընծայուած «Էջեր եւ նիւթեր գրականութեան» երկու հատորներու մէջ:
Պէպօ Սիմոնեան պարգեւատրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, իսկ 2012ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» մետալի:
«Սքանչելի գրողի եւ մտաւորականի հայրենանուէր վաստակը մի ամուր եւ անխորտակ կամուրջ էր սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ, որը կը շարունակի երկար խանդավառել ճշմարիտ արուեստասէրների սրտերը», յայտնած են Գրողներու միութենէն։