Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումի առաջին տարելիցին սեմին, պայթումի զոհերուն հարազատները օրըստօրէ կը սաստկացնեն իրենց կեցուածքը` սպառնալով «աւելի անդին երթալ»: 4 օգոստոս 2020-ի պայթումի հեղինակներուն եւ յանցագործներուն ինքնութեան փնտռտուքով հարազատները երէկ աղմկարար ցոյց մը կազմակերպեցին իբրեւ բողոք, յատկապէս` խորհրդարանի անձնակազմի նախագահին եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի դէմ:
Արդարեւ, պայթումի ծալքերուն եւ յանցագործներուն գծով հետաքննութիւն կատարող դատախազ Ֆատի Պիթար վերջերս հարցաքննութեան հրաւիրած էր իբրեւ ականատես թէ մեղադրեալ` կարգ մը քաղաքական ու զինուորական անձնաւորութիւններ: Առ այդ, դատախազ Պիթար խորհրդարան յղեց երեք երեսփոխաններու դէմ անձեռնմխելիութեան հանգամանքի վերացումը` խնդրոյ առարկայ անձերը հարցաքննել կարենալու համար: Սակայն խորհրդարանը երկու շաբթուան պայմանաժամ ուզեց` քննելու համար ներկայացուած դիմումին բնոյթը, ստուգելու համար մեղադրանքին տուն տուող ծալքերը եւ թէ անիկա քաղաքական կեցուածքներէ չէ մղուած: Նմանապէս, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի, որ նախապէս խոստացած էր ամէն ձեւով գործակցիլ եւ դիւրացնել զոհերու հարազատներուն պահանջներուն գոհացման գծով, փոխելով իր կեցուածքը` մերժեց դատարան կանչուած անձնաւորութիւններուն հարցաքննութեան արտօնումը: Այս երկու ժխտական կեցուածքները բաւարար էին առանց այդ ալ վշտահար ու ընդվզած հարազատները դարձեալ փողոց մղելու եւ «բռնկեցնելու» մթնոլորտը:
Արդարեւ, զոհերու հարազատներն ու ցաւակիցները երէկ կէսօրէ ետք համախմբուեցան ու մայրաքաղաք Պէյրութի Ռիատ Սոլհի հրապարակէն ուղղուեցան դէպի ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի բնակարանը, Քրայթեմ: Անոնց մէկ այլ խումբը ուղղուեցաւ Նըժմէի հրապարակ, խորհրդարանի մուտքին: Ժամեր տեւած իրենց բողոքի ելոյթներուն ընթացքին անոնք բացագանչեցին իրենց հարազատ նահատակներուն անունները` ընդգծելով, որ իրենց համար «ամէն օր 4 օգոստոս» է` փորձելով մուտք գործել ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին բնակարանը: Սակայն որքան որ կ՛ընդդիմանային խորհրդարանի թէ նախարար Ֆահմիի պահապան ոստիկանները, այնքան աւելի կը սաստկանար ցուցարարներուն պոռթկումը` հասնելով ծեծուըրտուքի եւ անարգական վիրաւորանքներու: Անոնք յաջողեցան «քակել» ու տեղէն հանել Ֆահմիի բնակարանի մուտքի երկաթեայ հսկայ դրան մէկ մասը: Սակայն ապահովութեան ուժեր արցունքաբեր կազ սրսկեցին անոնց դէմ` պատճառելով քանի մը ցուցարարներու շնչասպառ նուաղումը: Ցուցարարները Ֆահմիի բնակարանին առջեւ ճօճեցին իրենց հարազատներուն խորհրդանշական դագաղները: Անոնց նետած քարերուն պատճառով վիրաւորուեցան շուրջ 20 ոստիկաններ:
Գրեթէ նոյն պատկերը պարզուեցաւ խորհրդարանի մուտքին: «Պիթա՛ր, մենք հե՛տդ ենք», «Մոհամետ Ֆահմի՛, արիւնդ վատնուած է» կոչերով ու սպառնալիքներով ցուցարարները խոստացան սաստկացնել իրենց բողոքի քայլերը` պահանջելով արտօնել կասկածելիներու հարցաքննութիւնը: Քաղաքացիական պաշտպանութեան չորս տարբեր խումբերու տարրեր փութացին նախնական դարմանումներ կատարել վիրաւորուած թէ նուաղած ցուցարարներուն եւ ծանր պարագաները հիւանդանոց փոխադրել: Իր կարգին, Ներքին ապահովութեան ուժերու տնօրէնութիւնը հաղորդագրութեամբ մը իր կեցուածքը արդարացուց յայտնելով. «Մենք մեր պարտականութիւնը կը կատարէինք ըստ օրէնքի»: Նշենք, որ աւելի ուշ, անոնց միացաւ նաեւ տնտեսական պատճառով բողոքի ելոյթներ կազմակերպած ու յաճախակիօրէն ճամբաներ փակած ընդվզած քաղաքացիներու հսկայ խումբ մը: