Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները քողազերծելու նպատակով բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ, Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Ֆատի Սուուան երէկ իբրեւ վկայ հարցաքննեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախկին նախարար Ղազի Զաայթերը, ինչպէս նաեւ Ժատ Մաալուֆը, որ երեք տարի առաջ Պէյրութի շտապ հարցերու դատաւորն էր:
Դատաւոր Սուուան այսօր պիտի հարցաքննէ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմարը, ինչպէս նաեւ զինուորականներ եւ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներ:
Միւս կողմէ, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ պայթումէն 44 օր ետք, տակաւին կը շարունակեն Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ որոնողական ու փրկարար աշխատանքները` համագործակցութեամբ լիբանանեան բանակին:
Նշենք, որ Միջազգային Կարմիր խաչի նախագահ Փիթըր Մաուրիր հաստատեց լիբանանեան պետութեան ձախողութիւնը եւ անկարողութիւնը` տագնապին հետ վարուելու իմաստով:
Պէտք է աւելցնել, որ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի կարծիով, Պէյրութի նաւահանգիստի ազատ գօտիին մէջ բռնկած երկրորդ հրդեհը անփոյթ շինութիւններու հետեւանք է :