Չմոռցուող – Կենդանի
ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Հինգ տարի անցած է Պէպօ Սիմոնեանի շիջումէն, սակայն, անոր գրաւած տեղը հայ գրականութեան, հրապարակագրութեան, գաղափարախօսութեան ու մշակութային կեանքին մէջ, կը մնան “թափուր”, որպէս ներհուն մտաւորական, բազմասեռ գրող, հմուտ հրապարակագիր, անշեղ գաղափարախօս, մշակութային գործիչ եւ առհասարակ՝ գլխագիր Մարդ։
Ոչ միայն լիբանանահայ ու սփիւռքահայ, այլեւ՝ հայաստանեան գրական շրջանակներէն ներս, Պէպօն եղաւ ու մնաց “բերքատու” ներկայութիւն մը, իր բեղուն վաստակով, օրինակելի բնաւորութեամբ, տոկուն սկզբունքայնութեամբ եւ ազգային նուիրականութեամբ։
Իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին, կրթական ու դաստիարակչական, սերունդներու պատրաստութեան ու կոփութեան մէջ եւս, ան եղաւ նոյնքան սիրելի եւ յարգելի մշակ մը։
Պեպոյին համեստութիւնը, հանդարտաբուրութիւնը, անկեղծութիւնը, ազնուութիւնը ու մարդկայնութիւնը, “նախանձ” գրգռելու չափ ինքնայատուկ էին, բարացուցական եւ, ներկայ իրականութեան մէջ, քիչ են այս բարեմասնութիւններով օժտուածներ, որոնք կրնան վայելել նման համամեծարութիւն։
Այդպէս էր Պէպօն՝ իր նկարագիրով ու կեանքով, իր շրջահայեացութեամբ եւ իրատեսութեամբ, հետեւաբար, այդ ոգիով կը գործէր, կը յարաբերէր, կը վերաբերէր, թէ՛ իր շրջապատին մէջ, թէ՛ անկէ դուրս, միշտ հաւատալով անաչառութեան ու համագործակցութեան ուղիներուն։
***
Պեպոյին հետ ծանօթութիւնս սկսած էր Հ. Բ. Ը Միութեան շրջանակներէն ներս, երբ Կրթական Յանձնախումբի վարիչ-քարտուղարի հանգամանքովս, մնայուն կապի մէջ էի անոր հետ, ան ըլլալով Միութեան նպաստընկալ ուսուցիչներէն մէկը։
Յետագային, այդ պաշտօնականութիւնը վերածուեցաւ սերտ բարեկամութեան ու մտերմութեան, մանաւանդ՝ գրական, կուսակցական, հրապարակագրական ու մշակութային մարզերէն ներս, յաճախ միասնաբար հանդէս գալով եւ ատոնք ծառայեցնելով մեր կոչումներուն եւ անոնցմէ առաջացած կամ գոյացած աշխատանքային արդիւնաւէտութեանց, յօգուտ համայնական ծրագիրներուն։
Պէպօն, այդ բնագաւառներէն ներս, միշտ կեդրոնական դէմք էր, իր վրայ սեւեռելով գրչեղբայրներուն, գործակիցներուն ու պաշտօնակիցներուն ոչ միայն ուշադրութիւնը, այլեւ՝ հիացմունքը։
Գրական իր դիտարկումներուն ու մեկնաբանութիւններուն, ազգային հրատապութիւններուն եւ առաջադրութիւններուն, մամլոյ դերակատարութիւններուն եւ առաքելութիւններուն, մշակութային աւանդութիւններուն ու նորարարութիւններուն մէջ, Պէպօն միշտ ինքնատիպ էր, խօսքի ու տեսակէտի պատրաստաբան, իր գիտելիքներով ու պատկերացումներով, իր համոզմունքներով ու դատումներով։
Իր հարուստ փորձառութիւնը, անդուլ հետեւողականութիւնը եւ արտայայտչական հաղորդականութիւնը, միշտ զգալի կը դարձնէին Պեպոյին ներկայութիւնը այն բոլոր շրջանակներէն ներս, ուր ան կը ստեղծագործէր, կ’արտադրէր ու կը ծրագրէր։
***
Ազգային խայտաբղէտ ու բազմաշերտ կեանքին մէջ, ընդունելի, տարազելի կամ բնորոշելի անձնաւորութիւն ըլլալը եւ այդ հիմունքով ալ՝ ինքզինք փափկանկատօրէն հաստատելը եւ գերակշռելը, որոշապէս, տրուած էին Պեպոյին կուռ անհատականութեան։
Իսկ ասիկա իրեն կը պարգեւէր ցայտուն շնորհալիութիւն մը, հուսկ՝ ժողովրդականութիւն, հեռու որեւէ հռետորութենէ, այլ՝ ընդհակառակը, աւելի հանրամէտ, մարդամէտ ու ժողովրդամէտ մասնակցութիւն մը, որ ժողովական կամ խորհրդական կեանքին կու տար, շինիչ ոգի, թարմ շունչ ու լիցք, աշխոյժ ու խօսուն մթնոլորտ։
Պէպօն նման իրավիճակներու (որոնք պատահական չէին, ոչ ալ պարագայական), միշտ “նախակարապետ” էր, իր գործօն մասնակցութիւնը բերելու, իր մտածումները բարձրաձայնելու, իր գաղափարները արտայայտելու կամ իր խոհերը փոխանցելու, այն առաջադրանքով, որ կառուցողական ժողովականութիւնը անպայման օգտաբեր ու հանրանպաստ են։
Պեպոյին այս մօտեցումը եւ նախանձախնդրութիւնը, անշուշտ, վարակող ու համադրող էին, որոնց անհրաժեշտութիւնը ընմբռնելի ու շօշափելի կը դառնային, ամէն անգամ որ ժողովականութեան հարցերը “սուր” կ’ըլլային, հետեւապէս, անոնց նկատմամբ համապատասխան քննարկումներն ու լուծումները՝ հրամայական, ուր Պէպօն միշտ պատրաստ էր “օգնելու”՝ ժողովականութիւնը բարւոք յաջողութեան հասցնելու իր ընթացքով եւ աւարտով։
***
Պէպօն, կանուխէն ընտրած էր իր գաղափարական դպրոցը՝ անդամագրուելով Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, որուն “դասարան”ները անցած էր բացառիկ յաջողութեամբ, հասնելով մինչեւ բարձրագոյն դիրքերու։
Նոյնիսկ իր պատուաբեր հանգամանքներու բերմամբ, Պէպօն մնաց համեստ ղեկավարը, փնտռուած բանակցողը, գործօն ժողովականը ու համակրելի ներկայութիւնը, այս պարագային, ներկուսակցական թէ միջկուսակցական հանդիպումներու ընթացքին։
Լիբանանեան քաղաքացիական երկարամեայ պատերազմի ընթացքին, մէկէ աւելի առիթներով, հաճոյք էր ինծի, ժողովակից դառնալու Պեպոյին, ի մասնաւորի այն հիմնահարց օրակարգերուն, որոնք կ’ենթադրէին լուրջ որոշումներ, անմիջական քայլեր եւ արագաշարժ նախաձեռնութիւններ, ուր ան՝ ամբողջական գիտակցութեամբ ու զգաստ մտածողութեամբ կ’արտայայտուէր ու բաժնեկից կը դառնար տագնապալի հարցերուն քննարկման, որոնց դիմագրաւումը կը պահանջէին հաւաքական դիրքորոշում, միասնական արտայայտութիւն ու համախումբ գործունէութիւն։
Ճիշդ է, այդ դժնդակ օրերուն, երբ տրամադրութիւնները խառն էին, հոգեբանութիւնները՝ ալեկոծ՝ Պէպօն, միշտ ջատագով էր ընտրել ու գտնել այնպիսի միջոցներ, որոնք լիբանանահայութեան ցաւերուն ու կարիքներուն կրնային տալ սփոփիչ ու մխիթարական վստահութիւններ։
Հակառակ այն իրողութեան, որ ան կը գիտակցէր տիրող կացութեան ահաւորութեան ու բռնազբօսիկութեան, լռակեայց, բայց երկաթեայ կամքով կ’ուզէր շրջանցուած տեսնել այդ վտանգները, որպէսզի լիբանանահայութիւնը չմատնուի յուսահատութեան եւ անձնատուութեան։
Ինչպէս միւս բոլոր կողմերը, Պէպօն եւս, ուժգնապէս կողմնակից էր այդ ընտրանքին, իր ազգային-գաղափարական ամբողջ կշիռը դնելով, համոզուած ըլլալով որ լիբանանահայութեան օժանդակութեան խարսխումը կը սկսի այդ հիմնակէտէն։
Պատահական չէր, որ ազգային վտանգները հեռացնելու կամ թօթափելու հեւքին մէջ, միջ-կուսակցական ժողովներուն առիթով, մասնակից կողմերը յաճախ կը բաժնէին Պեպոյին խոհեմ եւ լրջախոհ մտածումները, առաջարկները, որովհետեւ՝ ամէն ոք կը գիտակցէր եւ կþընդունէր, որ ան անխտրական եւ անանջատողական մղումներէ մեկնելով կ’արտայայտէր իր միտքերը։
Պէպօն ամբողջական մտաւորական էր, նաեւ գաղափարական աննկուն դէմք, որ միշտ ալ մնաց այդ պայծառ հորիզոնականներուն վրայ, ինքզինք միշտ հետեւորդ եւ արդիւնաբերող նկատելով այդ բեմերէն հանդէս գալու, գործելու եւ արժեւորելու այն ինչ որ ազգային, գաղափարական, հայրենական թէ համայնքային են։
Եւ հպարտալի իրողութիւն է, որ ան միշտ յաջողեցաւ եւ գտաւ իր իսկական սլացքն ու դիմագիծը, որոնք կը վերաբերէին հայ ժողովուրդին բազմապահանջ շահերուն եւ իրագործումներուն։
***
Պէպօն բազմաշնորհ տաղանդ մըն էր, իր գրական հարուստ վաստակով, բանաստեղծութիւնը, արձակը, գրականագիտութիւնը, գրադատութիւնը ու գրաուսումնառութիւնը կազմելով իր հոգեկան ու ստեղծագործական աշխարհին ամբողջ էութիւնն ու նպատակասլացութիւնը, հայ գրականութեան պատմութեան մէջ ներդնելով նշանակալից նպաստ ու բազմատեսակ աւանդ, գնահատուելով հայրենի թէ սփիւռքահայ գրական-մտաւորական անուանի ու պատասխանատու կողմերէն։
Չմոռնանք, որ ան “Շիրակ” ու “Կամար” գրական թերթերու խմբագրական կազմերու խորհրդատու անդամ էր, իսկ “Արարատ” – մշակութային ու գրական բաժնի պատասխանատու խմբագիր, իր խոր դրոշմը ձգելով անոնց բովանդակութեան ճոխութեան ու շահեկանութեան վրայ։
Հոս կարելի է արձանագրել Խորհրդային շրջանի Սփիւռքի Կոմիտէին տարած ու գլխաւորած այն ազգանպաստ, շնորհաշատ ու գրականաշէն գործունէութիւնը, երբ ան կը դառնար “ոսկեայ կամուրջ”, ոչ միայն Հայաստանը կապելով Սփիւռքի եւ՝ հակառակը, այլեւ՝ Սփիւռքը՝ Սփիւռքին, ուր կը համախմբուէին՝ գրողներ, կրթական ու մշակութային գործիչներ եւ ընդհանրապէս մտաւորականներ։
Պէպօն այդ հանդիպումներուն կը հանդիսանար գլխաւոր դէմքերէն ու խօսնակներէն մէկը, կ’ապրէր անսահման ուրախութիւն ու խանդավառութիւն, հաւատալով որ ատիկա, որպէս կենդանի օղակ հայ մտաւորականին կու տայ վերանորոգուելու ու վերապրելու յոյս ու կամք։
***
Պեպոյին յիշատակն ու ժառանգը վառ են, իրենց յատկանշելի, ուսանելի եւ անկորնչելի երանգներով, իսկ անոր անցումն եւ տարելիցը պարզապէս յաւելեալ առիթ են՝ վկայագրելու անոր տեղին ու դերին արժանիքները։
Պէյրութ, 27 Մարտ 2020