«Ազդակ»-ի առցանց 34-րդ լսարանին դասախօսն էր Հայաստանի Հանրապետութեան տիկնիկային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար փրոֆ. Ռուբէն Բաբայեան, որ զեկուցեց «Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային քաղաքականութիւնը` այսօր» նիւթին մասին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դասախօսը նախ հաստատեց, որ կարելի չէ ամբողջ մշակոյթին եւ անոր առնչուած քաղաքականութեան մասին խօսիլ, որովհետեւ շատ լայնածիր է նիւթը եւ աւելի քան բարդ է լիակատար մշակութային հարցերու մասին թէ՛ տեղեկատուութիւն եւ թէ՛ վերլուծում փոխանցելը: Փրոֆ. Բաբայեան հաստատեց, որ մեր մօտ երբեք կանգ չէ առած մշակութային քաղաքականութիւնը, որովհետեւ մշակոյթը մեր կեանքին մասն է. մտահոգիչը` արդեօք կա՞յ այն գիտակցութիւն, թէ ինչո՛ւ պէտք է մեզի մշակոյթը: Մշակոյթի ընկալումը` քաղաքակրթական եւ կենցաղային առումներով, աւելի քան անհրաժեշտութիւն է:
Փրոֆ. Բաբայեան հաստատելէ ետք, որ երկրին մէջ պէտք չէ ըլլան հաճելի եւ ոչ հաճելի կամ գերադասելի կամ ոչ գերադասելի քաղաքներ, խօսեցաւ մշակութային առումով քաղաքացիին պետութեան կեդրոնը նկատուելու եւ զգալու հրամայականին մասին:
Կեդրոնանալով թատերական կեանքի երեւոյթին վրայ, միջազգային չափանիշներու համեմատական տուեալներու ներկայացումով դասախօսը կեդրոնացաւ հայրենական երեւոյթին վրայ: Այժմէական մշակութային իրադարձութիւններն ու պետական հայեցակարգերու վերաբերեալ երեւոյթները ընդգծելով` փրոֆ. Բաբայեան հաստատեց, որ արուեստն ու գործարարութիւնը թշնամականէն պէտք է անցում կատարեն բարեկամական յարաբերութեան:
Յատուկ անդրադարձ կար Հայաստանի մէջ արեւմտահայ թատրոնի աւանդութեան եւ ներկայ իրավիճակին մասին:
Փրոֆ. Բաբայեան ըսաւ, որ պէտք է այնպէս աշխատիլ, որ հասարակութիւնը արեւմտահայ թատրոնի անհրաժեշտութիւնը զգայ:
Լսարանի մասնակիցները հարցումներով եւ տեսակէտներու ներկայացումով մասնակից դարձան մշակութային հարցերու վերաբերող քննարկումին: