ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Թnւրքիոյ կառավարութեան գլխաւnր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կnւսակցnւթեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլnւ Սուրբ Յարութեան տօնին Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկութեան կեդրnնատեղիին մէջ, հանդիպում ունենացաւ Տինքի այրիին՝ Ռաքելի, եւ հիմնարկութեան ղեկավարներուն հետ:
«Հոս եկած եմ ձեզի ըսելու, որ պիտի պայքարինք մեր իշխանութեան ուժային մութ կեդրոններուն դէմ եւ պիտի առերեսուինք տnւժողներուն ու անոնց ընտանիքներուն հետ», ըսաւ Քըլըճտարօղլnւ՝ աւելցնելով. «Այn՛, Հրանդ Տինքի մարդասպանը յայտնի է, ձերբակալուած է, բայց պէտք է պայքարինք եւ գտնենք իսկական մարդասպանները»: