Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը` ընկերակցութեամբ համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան տնտեսական իրավիճակն ու տարրական նիւթերուն տրամադրուած պետական նպաստը կասեցնելու հարցը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն կազմելու կարեւորութիւնը: «Կառավարութիւն մը, որ տնտեսական եւ ապրուստի տագնապը լուծելու կարողութիւն ունի», ըսաւ նախագահ Աուն` հաստատելով, որ կառավարութիւնը կը կազմուի յստակ չափանիշներու հիման վրայ` յարգելով հաւասարակշռութիւնները եւ առիթ տալով, որ իրաւասութիւն ունեցող անձնաւորութիւնները իրենց իրաւասութիւնները օգտագործեն:
Իր կարգին, Ասմար յայտնեց, որ երկրին պարզած տնտեսական եւ ապրուստի այս դժուար պայմաններուն լոյսին տակ, պէտք է կազմել ատակ եւ պարկեշտ անձնաւորութիւններու կառավարութիւն մը, որպէսզի անիկա կարենայ տնտեսական կացութեան մէջ բարեփոխում իրականացնել:
Ասմար ընդգծեց նաեւ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ գործադիր իշխանութեան ամբողջական բացակայութիւնը զգալի է, բացի քանի մը նախարարէ, որոնք տակաւին կը շարունակեն իրենց պարտականութիւնը կատարել: