ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճանի իշխանութիւնը ժողովուրդին ուշադրութիւնը տնտեսական հարցերէն շեղելու նպատակով կրնայ ռազմական գործողութիւններու սկսիլ: «Թերթ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Արցախի խորհրդարանի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան՝ անդրադառնալով քարիւղի գինի նուազումին եւ անոր հաւանական հետեւանքներուն:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ Ատրպէյճանի յարձակողական մօտեցումները կարելի չէ կապել միայն տնտեսական ճգնաժամին հետ: «Մենք՝ որպէս Արցախի բնակիչներ, ամէն պահի էլ սպասում ենք, որ Ադրբեջանը կարող է նման արկածախնդրութեան գնալ: Տնտեսական ճգնաժամն էլ իր դերակատարութիւնն ունի. ռազմական գործողութիւններ՝ ներքաղաքական հիմնախնդիրներից, տնտեսական վիճակից ժողովրդի ուշադրութիւնը շեղելու համար: Հաւանականութիւնը միշտ էլ կայ, բայց տնտեսական խնդիրների պարագայում այն մեծանում է: Մեր հանրութիւնն էլ պէտք է իմանայ, որ ռազմական գործողութիւններն ամէն րոպէ էլ կարող են լինել, եւ դրանց պէտք է պատրաստ լինել», շեշտեց Բալայեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը գնահատէ Հայաստանի իշխանութիւններուն գործողութիւնները՝ տնտեսական մարտահրաւէրներու դիմակայման վերաբերող, երբ Հայաստանի վարչապետը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ այժմ արձակուրդի մէջ են եւ կը զբաղին սահմանադրական փոփոխութիւններու «Այո»ի քարոզարշաւով՝ Բալայեան ըսաւ, թէ ներկայիս չի կրնար գնահատականներ տալ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումներուն մասին: «Չեմ կարող ոչ թէ այն պատճառով, որ տեսակէտ չունեմ, այլ որովհետեւ, երբ իշխանութեան մէջ գտնուող անձինք են գնահատական տալիս, դրանք միշտ վերածւում են երկու պետութիւնների միջեւ որոշակի լարուածութեան: Ամէն դէպքում, ՀՀ իշխանութիւնները պէտք է առաջնորդեն ժողովրդին եւ ըստ այդմ էլ՝ համապատասխան գործողութիւններ ձեռնարկեն», շեշտեց ան: