Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անդրադարձաւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի վրայ բանեցուած ճնշումին` անոր վարչապետի պաշտօնը յետս կոչելու իմաստով: Ան հարց տուաւ սակայն, որ եթէ Հարիրին չէ, ո՞վ է այլընտրանքը:
«Արդեօք կա՞յ այլընտրանք մը, որ համոզիչ է ու իսկապէս կարողութիւն ունի դիմագրաւելու տնտեսական եւ ընկերային տագնապին հետեւանքները, ինչպէս նաեւ կասեցնելու երկրին փլուզման վտանգները», հարց տուաւ Պըրրի:
Խորհրդարանի նախագահը նկատել տուաւ, որ նշանակեալ վարչապետը փոփոխութեան ենթարկելու հարցը աւելի բարդ է, քան ոմանք կը կարծեն: «Զիս պէտք է համոզեն այլընտրանքով, պէտք է նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան համոզեն, ինչպէս նաեւ Իսլամ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդը, շիի համայնքի գերագոյն խորհուրդը, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն եւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին», շեշտեց ան:
Պըրրի հաստատեց, որ իր առաջադրած նախաձեռնութիւնը պիտի շարունակուի` ընդգծելով, որ այդ նախաձեռնութիւնը միակ ընտրանքն է, ու հետեւաբար ինք կառչած կը մնայ այդ ընտրանքին:
Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Ղասսան պըն Ժըտտոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Պըրրի խիստ ընդվզում յայտնեց Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին առնչութեամբ` հաստատելով, որ հետզհետէ վատթարացող վիճակին հետեւանքները պիտի ըլլան ծանր ու քանդիչ:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը հեզասահ դարձնելու նպատակով իր առաջադրած նախաձեռնութեան երրորդ տարբերակը արաբական, շրջանային եւ միջազգային հաւանութիւն կը վայելէ, ներառեալ ֆրանսական հաւանութիւն:
Պըրրի մտահոգութիւն յայտնեց, որ կարգ մը քաղաքական ուժեր իրենց պահանջներուն կառչած մնալու կեցուածքով եւ նախապայմաններով կրնան բարդացնել կացութիւնը եւ ոչ թէ լուծել զայն:
Պըրրի հաստատեց, որ իբրեւ խորհրդարանի նախագահ ինք կը հսկէ սահմանադրութեան եւ անոր գործադրութեան, եւ պիտի չարտօնէ սահմանադրութիւնը թիրախ դարձնելու եւ զայն խախտելու որեւէ քայլ:
Նշենք, որ Պըրրի ընդունեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական զարգացումները: