Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ էին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ինչպէս նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Ալեն Աուն, Սամիր Ժսըր, Միշել Մուսա եւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր:
Նիստէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ դիւանը խորհրդարանի լիագումար նիստի մը կը հրաւիրէ վաղը` երեքշաբթի, 29 մարտ 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ:
Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խոսէ Մարիա Ֆերին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Ռամատանի առիթով Պըրրի շնորհաւորական նամակ մը ստացաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն: