Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Վատիկան այցելութեան եւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ անոր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները:
Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան. հանդիպումին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները:
Արսլան զօրակցութիւն յայտնեց երկրին քաղաքական հարցերը լուծելու իմաստով Պըրրիի ի գործ դրած ջանքերուն:
Ան հաստատեց, որ Պըրրիի հանդէպ իրենց զօրակցութիւնը բացարձակ է` աւելցնելով, որ լիբանանեան հասարակութիւնը շատ վտանգաւոր վիճակի մէջ է, «եւ անիկա իր հետեւանքները կրնայ ունենալ իշխանութիւններուն գործունէութեան վրայ», ըսաւ ան:
Արսլան շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութեան արձանագրած տեղքայլը իբրեւ պետութիւն Լիբանանի գոյութիւնը վտանգի կ՛ենթարկէ:
Միւս կողմէ, Պըրրի շնորհաւորագիր մը ստացաւ Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Մարզուք Ղանեմի կողմէ:
Ղանեմ շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան 78-ամեակը` հաստատելով, որ իրենք յանձնառու կը մնան Լիբանանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու: