Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, «Մուրատ» հրատարակչատունը երէկ` չորեքշաբթի, 22 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Պիել»-ի «Փավիոն Ռոյալ» սրահին մէջ ներկայացուց մշակութային-երաժշտական հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ «Մեր բանաստեղծները` Հայաստանի փառքի կերտիչները» գիրքին գինեձօնը:
Հանդիսութիւնը կը կրէր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հովանաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կը վայելէր Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, Լիբանանեան համալսարանին, Սեն Ժոզեֆ համալսարանին, Հայկազեան համալսարանին, Լուէյզէի համալսարանին եւ Անթունիէի համալսարանին աջակցութիւնը:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ներկայացուցիչ` յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Լեւոն Սարգսեան, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ նախարար Փանոս Մանճեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, «Մուրատ» հրատարակչատան սեփականատէր դոկտ. Միշել Մուրատ, գիրքը պատրաստող եւ թարգմանող Ժիւլի Մուրատ, պետական անձնաւորութիւններ եւ ներկաներու հոծ բազմութիւն մը:
Լիբանանեան քայլերգով սկսած հանդիսութիւնը բացուեցաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով հայրենի գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանի յիշատակը:
Բացման խօսքին մէջ դոկտ. Միշել Մուրատ ներկայացուց «Մեր բանաստեղծները` Հայաստանի փառքի կերտիչները» գիրքին հրատարակութեան նախօրեակին տարուած հսկայական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ գիրքին հրատարակութեան նպաստող բարերարներուն, յատկապէս Երջօ Սամուէլեանին եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին գիրքին հրատարակութեան:
Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Երուանդ Տէր Խաչատուրեանին եւ Շահէն Խաչատուրեանին, որոնք սատարեցին գիրքին խմբագրման, ինչպէս նաեւ գնահատեց այդ գիրքին մէջ լոյս տեսած գեղանկարներու եւ մանրանկարչութեան կարեւոր նմուշներու ապահովման աշխատանքին մէջ ունեցած իրենց մեծ ներդրումը:
Դոկտ. Մուրատ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ գիրքին մէջ իր քերթուածները ունեցող բանաստեղծ եւ մտաւորական Պեպօ Սիմոնեանին, որ օգտակար եղած է նաեւ գիրքին բովանդակած գրական գործերուն ընտրութեան աշխատանքին:
Դոկտ. Միշել Մուրատ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ գինեձօնի երեկոն կազմակերպող բոլոր նուիրատուներուն, յատկապէս հրատարակութեան հիմնական մեկենաս Երջօ Սամուէլեանին, ինչպէս, «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու համահայկական հիմնադրամը, «Ադամեան» հաստատութիւնը, Ժեռար եւ Փասքալ Թիւֆենքճեաններ, Սթիւտիօ Ճօ Պարուճեան, «Տեմքօ Սթիլ» հաստատութիւնը, ԳՈՀԱՐ, «Կարապետ Այանեան եւ որդիք» հաստատութիւնը, Սարգիս Պուտաքեանը, «Պոնտ Սթրիթ Ճիուըլըրզ», «Սեսիթեքս» հաստատութիւնը, Հրայր եւ Անահիտ Տանձիկեան, Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան, Հրայր եւ Միրնա Սարգիսեան եւ «Առաքելեան» հաստատութիւն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան գրական եւ արուեստի մարզին մէջ հայկական ստեղծագործութիւններն ու մշակոյթը ներկայացնելու:
Ապա Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Լեւոն Սարգսեան արտասանեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը. «Կ՛ողջունենք «Մուրատ» հրատարակչատան` հայ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններուն արաբերէն ներկայանալի ժողովածուն հրատարակելու այս նախաձեռնութիւնը:
«Ուրախութիւն կը յայտնենք, որ այս հատորով հայ բանաստեղծութիւնը, ինչպէս նաեւ կերպարուեստը նոր եւ գեղեցիկ առիթ ունին ներկայանալու արաբական աշխարհի բազմամիլիոն ընթերցողներուն:
«Հայ եւ արաբ ժողովուրդներու պատմական կապերը եւ մշակութային յարաբերութիւնները ունին դարաւոր աւանդութիւններ: Այս գիրքը վկայութիւնն է այն փաստին, որ մշակութային փոխհարստացման կարեւոր հոլովոյթը արդիւնաւէտօրէն կը շարունակուի: Մեր ժողովուրդներուն բարեկամութիւնն ու եղբայրութիւնը կարող են եւ պէտք է ամրանան իրարու հոգեւոր գանձերուն աւելի մօտէն հաղորդակից ըլլալու ճամբով:
«Ակնյայտ է հրատարակիչներուն եւ գիրքի թարգմանիչ Ժիւլի Մուրատի կատարած մեծ ու շնորհակալ աշխատանքը:
«Համոզուած եմ, որ հայոց բանաստեղծութեան քնարի լարերը պիտի շարժեն արաբալեզու ընթերցողներուն սրտերը եւ հոգեւոր նոր կամուրջ մը դառնան մեր ժողովուրդներուն միջեւ»:
Դոկտ. Միշել Մուրատի կողմէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը արաբերէնով ներկաներուն փոխանցուելէ ետք, բեմ բարձրացաւ Նետիմ Մուհսեն, որ ասմունքեց
«Մեր բանաստեղծները` Հայաստանի փառքի կերտիչները» գիրքին բանաստեղծութիւններէն «Վահագնի ծնունդ»-ը եւ Գարեգին Պեշկէօթիւրեանի «Սրինգ»-ը բանաստեղծութիւնները:
Այնուհետեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց` շնորհակալութիւն յայտնելով գիրքի մեկենաս Երջօ Սամուէլեանին, որ իր անվերապահ ու ամբողջական օժանդակութեամբ սատարեց այս գիրքին հրատարակութեան եւ այդ քայլով ծառայեց ամբողջ ազգին:
Գիրքին հրատարակութեան առիթով, առաջնորդ սրբազան հայրը դոկտ. Միշել Մուրատի յանձնեց յուշանուէր մը:
Այնուհետեւ լրագրող Ուիսամ Պրայտի բացատրեց հայութեան մօտ գինեձօնի աւանդութիւնը, որ նռան գինիով տեղն ու տեղը կատարուեցաւ «Մեր բանաստեղծները` Հայաստանի փառքի կերտիչները» գիրքին համար:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ համաշխարհային «Կոմիտաս քառեակ»-ը, որ կատարեց շարք մը կոմիտասեան մանրանուագներ` Ս. Ասլամազեանի մշակումով:
«Կոմիտաս քառեակ»-ը իր կատարումներով հրապուրեց ներկաները:
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ հնչեցնելով Ժիւլի Մուրատի թարգմանած բանաստեղծութիւններու փունջերը, որոնց շարքին բանաստեղծ-լրագրող Զահի Ուեհպէ ասմունքեց Պետրոս Դուրեանի «Իմ մահը» բանաստեղծութիւնը, լրագրող Ժորժ Քըրտահի ներկայացուց Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր` հայրենի տուն» քերթուածը, բանաստեղծուհի Պասիմա Պութուլի ներկայացուց հայր Ղեւոնդ Ալիշանի «Հրազդան»-ը եւ բանաստեղծ Զիատ Աքիքի ներկայացուց Պեպօ Սիմոնեանի քերթուածներէն մէկը:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ նախկին նախարար Տըմիանոս Քաթթար, որ շեշտեց հայութեան ու լիբանանցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող անքակտելի կապը` ընդգծելով, որ «Մեր բանաստեղծները` Հայաստանի փառքի կերտիչները» գիրքով այդ կապը աւելի եւս կ՛ամրապնդուի:
Քաթթար անդրադարձաւ նաեւ Ժիւլի Մուրատի կամքին, որուն շնորհիւ կարելի եղած է յաջողցնել այս բացառիկ եւ հիանալի աշխատանքը:
Ան նշեց, որ շատեր իրեն հարց կու տան, թէ ինք հայկական արմատներ ունի՞, թէ՞ ոչ, եւ աւելցուց, որ ինք հայկական արմատներ չունի, բայց հայութեան նուիրեալ բարեկամը կը մնայ:
Քաթթար իր խօսքը աւարտեց հաստատելով, որ հակառակ արտասանուած տխուր ու յուզիչ քերթուածներուն, յոյսի, կամքի եւ գոյատեւելու ընդհանուր մթնոլորտը եւս կարելի եղած է փոխանցել արտասանուած քերթուածներուն ընդմէջէն:
«Հայութիւնը կամքի ու զօրութեան խորհրդանիշ է. անոր փաստը այսօր դուք էք, որ ցեղասպանութենէն դար մը ետք կրցած էք պահել ձեր լեզուն, ձեր գրական արժէքներն ու ստեղծագործութիւնները եւ ձեր հայկական ինքնութիւնը», շեշտեց ան:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ, երբ «Մեր բանաստեղծները` Հայաստանի փառքի կերտիչները» գիրքը թարգմանող Ժիւլի Մուրատ հնչեցուց Յովհաննէս Շիրազի «Հայրս» բանաստեղծութիւնը:
Հանդիսութեան աւարտին «Ազդակ»-ին յատուկ իր յայտարարութեան մէջ Առաջնորդ սրբազանը «Մեր բանաստեղծները` Հայաստանի փառքի կերտիչները» գիրքին գնահատականը կատարեց հետեւեալ բառերով. «Այս աշխատանքը հայ մշակոյթը արաբական աշխարհին ներկայացնող գրեթէ ամբողջական հատոր մըն է, որ կը բովանդակէ դարերու ընթացքին պահուած հայ բանաստեղծութիւնը, գեղանկարչութեան հայկական գլուխ գործոցները եւ հայկական մանրանկարչութիւնն ու երաժշտութիւնը:
«Այս գործին յաջողութիւնը բանաստեղծութիւններու հարազատ հոգիի լեզուով արաբերէնի թարգմանութիւնն է: Ինչպէս լիբանանցի քաղաքագէտ մը ըսած է` մենք արաբական աշխարհին ծանօթ էինք վաճառականութեան, ճարտարարուեստի, շինարարութեան, արուեստի եւ մարզական առումով, եւ այս իրականութեան մէջ կը բացակայէր մշակոյթը:
««Մեր բանաստեղծները` Հայաստանի փառքի կերտիչները» գիրքը 200 միլիոն բնակիչ հաշուող արաբական աշխարհին մէջ պիտի ըլլայ հայ մշակոյթին շրջուն թանգարանն ու գանձարանը»:
Նշենք, որ գինեձօնէն առաջ եւ անկէ ետք Ժիւլի Մուրատ իր գիրքէն օրինակներ մակագրեց: