Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն լիբանանցիներուն յղեց պատգամ մը, որուն մէջ ան անդրադարձաւ օր մը առաջ կատարուած ժողովի մը, որուն մասնակցած են ելեւմուտքի նախարարութիւնը, Կեդրոնական դրամատունն ու «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային հաշուեքննիչ ընկերութիւնը, որ իրաւական հաշուեքննութեան պիտի ենթարկէ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները:
«Ժողովը աւարտեցաւ առանց շօշափելի արդիւնքներու եւ որոշուեցաւ այլ ժողով մը գումարել ուրբաթ, 9 ապրիլ 2021-ին», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ 2005-ին, նախքան Պէյրութ իր վերադարձը, ինք գիտէր, թէ Լիբանան կը գտնուի ելեւմտական փլուզման վտանգին դիմաց: «Եւ երբ երեսփոխան ընտրուեցայ եւ ստանձնեցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին նախագահութիւնը, պահանջեցի Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկել, ելեւմտական ոճիրներու յատուկ դատական ատեան կազմել, սակայն այս առաջարկները մնացին խորհրդարանի դարակներուն մէջ: Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելէ ետք երեք տարի շարունակ պահանջեցի իրաւական հաշուեքննութիւն կատարել` փրկելու համար լիբանանցիներու` դրամատուներուն մէջ գտնուող գումարները: Երկրին ելեւմտական եւ դրամական տագնապը սկսաւ ուռճանալ, 2019-ի յուլիսին փլուզումի նշանները սկսան, եւ նոյն տարուան 17 հոկտեմբերին կացութիւնը բացայայտուեցաւ: Իսկ 26 մարտ 2020-ին վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը պարտականութիւն տուաւ ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնիին` պէտք եղած քայլերը որդեգրելու եւ գործադրելու Կեդրոնական դրամատան իրաւական հաշուեքննութիւնը` բացայայտելու համար տնտեսական եւ ելեւմտական փլուզումին պատճառներն ու մանրամասնութիւնները», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն աւելցուց, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւներուն թափանցիկ չըլլալու կասկածները օրըստօրէ աւելի կը փաստուէին, եւ կարելի չէր ըլլար իմանալ, թէ ինչքա՛ն է պահ դրուած գումարներուն մէջ օտար դրամանիշին արձանագրած բացը, որովհետեւ անիկա կը ծածկուէր դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարներով, ինչ որ ապօրինի քայլ է: «Անհիմն պատճառաբանութիւններու պատճառով կառավարութիւնը արգիլեց, որ իրաւական հաշուեքննութիւնը ստանձնուի «Քրոլ» միջազգային ընկերութեան կողմէ, իսկ երկար ջանքերէ ետք` աւելի քան հինգ ամսուան ուշացումով, կարելի եղաւ 1 սեպտեմբեր 2020-ին իրաւական հաշուեքննութեան պարտականութիւնը վստահիլ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային հաշուեքննիչ ընկերութեան: Ընկերութիւնը նախարար Ղազի Ուազնիի միջոցով 133 հարցում ընդգրկող փաստաթուղթ մը յղեց Կեդրոնական դրամատան, որ միայն 60 հարցումի պատասխանեց` մերժելով մնացեալին պատասխանել` հիմնուելով տարբեր պատճառաբանութիւններու վրայ: 20 հոկտեմբեր 2020-ին ընկերութիւնը երկրորդ անգամ հարցումներու թերթիկը յղեց Կեդրոնական դրամատան եւ դարձեալ մնաց անպատասխան, դարձեալ պատճառաբանութիւններու վրայ հիմնուելով: Անոնցմէ մէկն էր դրամատնային գաղտնիութեան օրէնքի խախտումը, որ մէկ տարուան համար վերացուցինք, եւ շարք մը այլ պատճառաբանութիւններ, որոնք օգտագործուեցան խոչընդոտելու համար իրաւական հաշուեքննութիւնը: Այդ արգելակումները հետզհետէ հանգուցալուծուեցան, մինչեւ որ քանի մը օր առաջ Ուազնի հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատունը կը մերժէ պատասխանել «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» ընկերութեան հարցումներուն», շեշտեց նախագահ Աուն:
Ան հաստատեց, որ բացայայտ է բոլորին համար, թէ Կեդրոնական դրամատունը չի փափաքիր իր հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկել, որպէսզի ոճրագործները պատժուելէ փախուստ տան: «Իրաւական հաշուեքննութիւնը ձախողեցնել կը նշանակէ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը ձախողեցնել, որովհետեւ առանց անոր միջազգային օժանդակութիւններ չկան, Սետրի խորհրդաժողով ալ չկայ, արաբական եւ Ծոցի երկիրներու օժանդակութիւններ չկան, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի օժանդակութիւն չկայ: Իրաւական հաշուեքննութիւնը միակ ելքն է իմանալու Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական կացութեան փլուզման դրդապատճառները: Իրաւական հաշուեքննութիւնը հանրապետութեան նախագահին անձնական պահանջը չէ, այլ` ֆրանսական նախաձեռնութեան էութիւնը, Միջազգային դրամական ֆոնտին պահանջը, իսկ բոլորէն առաջ` լիբանանցիներուն պահանջը: Իրաւական հաշուեքննութիւնը այն քաղաքացիին համար է, որ դրամատան մէջ հաշիւ ունի, սակայն անոր գումարները գողցուած են եւ ամբողջ կեանքին ընթացքին աշխատանքին արդիւնքը` շոգիացած: Անիկա հիւանդանոցի դրան մուտքին սպասող հիւանդին համար է, որ բուժուելու դժուարութեան դիմաց է, որովհետեւ իր դրամները չկան: Անիկա ուսանողին համար է, որուն փոխանցումները կասեցուած են, որովհետեւ ծնողներուն գումարները այլեւս արժեզրկուած են, անիկա հանգստեան կոչուած լիբանանցիին համար է, որ դրամատան մէջ զետեղած իր գումարին վստահած էր կեանքին մնացեալ օրերը արժանապատիւ կերպով անցընելու», ըսաւ ան:
Իր խօսքը ուղղելով քաղաքացիներուն` նախագահ Աուն ըսաւ. «Քաղաքական առումով կրնաք տարակարծիք ըլլալ ինծի հետ, սակայն իրաւունքն ու իրաւատէրը պաշտպանելու իմաստով զիս պիտի գտնէք ձեր կողքին: Ձեզի կոչ կ՛ուղղեմ մասնակցելու Լիբանանի պատմութեան մէջ իրագործուած մեծագոյն աւազակութիւնը բացայայտելու գործողութեան: Ինծի զօրակցեցէ՛ք: Ձեր քաղաքական տարակարծութիւնները մէկդի շպրտեցէ՛ք եւ վստահ եղէ՛ք, որ պիտի չարտօնենք ժողովուրդին կեղեքումը, մայրերուն դժբախտացումը, հայրերուն պախարակումը կամ հիւանդներուն վարկաբեկումը: Պիտի չարտօնենք, որ իրաւական հաշուեքննութիւնը ձախողի, կամ երկիրը, ժողովուրդը, պատմութիւնն ու ապագան քանդուին»:
Նախագահ Աուն իր խօսքը ուղղելով քաղաքական եւ ոչ քաղաքական ղեկավարներուն յայտնեց, որ անոնց պատասխանատուութիւնը մեծ է Աստուծոյ, ժողովուրդին եւ օրէնքին դիմաց` աւելցնելով, որ եթէ անոնք չհովանաւորէին Կեդրոնական դրամատան, դրամատուներուն եւ ելեւմուտքի նախարարութեան քայլերը, ապա կացութիւնը այսքան վատ չէր ըլլար:
«Կեդրոնական դրամատան կ՛ըսեմ. դուն ես գլխաւոր պատասխանատուն, որովհետեւ խախտեցիր բոլոր օրէնքները: Դրամատուներուն կ՛ըսեմ. ձեր պատասխանատուութիւնը բացայայտ է եւ ճշմարտութենէն չէք կրնար խուսափիլ: Իսկ այն երկիրները, որոնք մեզմէ բարեկարգում կը պահանջեն, անոնցմէ կը խնդրենք, որ օժանդակեն մեզի կատարելու իրաւական հաշուեքննութիւնը եւ բացայայտելու, թէ 17 հոկտեմբեր 2019-էն ետք Լիբանանէն դուրս միջազգային հանրածանօթ դրամատուներ փոխանցուած, օտար դրամանիշով հսկայական գումարները ո՛ւր են եւ ի՛նչ է անոնց ճակատագիրը: Իրաւական հաշուեքննութեամբ կարելի է ամէն ինչ բացայայտել, հաւանաբար այս ճակատամարտը հայրենիքի ազատագրման ճակատամարտէն աւելի դժուար է, որովհետեւ անիկա փտածութեան եւ գողերուն դէմ մղուելիք ճակատամարտ է: Իսկ փտածն ու աւազակը բռնագրաւողէն եւ գործակալէն աւելի վտանգաւոր են, որովհետեւ ժողովուրդին գումարները թալանողը հայրենիք կը թալանէ», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց ընթացիկ հարցերու կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարելու եւ որդեգրելու ժողովուրդին գումարները պաշտպանելու որոշում մը, բացայայտելու փլուզման դրդապատճառները եւ ճշդելու պատասխանատուութիւնները` հաշուեքննութեան կանչելու եւ իւրացուած գումարները վերադարձնելու նպատակով:
«Ես հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունն եմ, այն զօր. Միշել Աունը, որուն կը ճանչնաք. կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի ոչ թէ ինծի նեցուկ կանգնելու, այլեւ` ձեր անձերուն եւ զաւակներուն ապագային զօրակցելու, որպէսզի միասնաբար բացայայտենք ճշմարտութիւնը եւ վերադարձնենք իրաւունքները: Աւելի ուշ` քաղաքական մեր տարակարծութիւնները կրնանք ունենալ: Այո՛ իրաւական հաշուեքննութեան, որպէսզի դուք եւ Լիբանանը ապրի՛ք», եզրափակեց ան:
Լը Տըրիան. «Յառաջիկայ Օրերը
Ճակատագրական Պիտի Ըլլան»
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ հաստատեց, որ Լիբանանի տագնապի լուծման առիթները խոչընդոտողներուն դէմ պատժամիջոցներ պիտի որդեգրուին, եւ յառաջիկայ օրերը Լիբանանի համար ճակատագրական պիտի ըլլան:
«Լիբանանեան քաղաքական ուժերը կոյր են եւ չեն շարժիր փրկելու համար երկիրը, հակառակ անոնց խոստումներուն», ըսաւ ան:
Լը Տըրիան շեշտեց, որ Լիբանանի տագնապը բնական աղէտի հետեւանք չէ, այլ` ծանօթ քաղաքական ղեկավարներու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու գործունէութեան հետեւանք է: «Քաղաքական ուժեր, որոնք ոչ մէկ ճիգ ի գործ կը դնեն` երկիրը իր տագնապէն դուրս բերելու իմաստով: Լիբանանի մէջ կան քաղաքական ուժեր, որոնք երեւակայական պահանջներ ունին», հաստատեց ան:
Շուքրի. «Եգիպտոս Կը Զօրակցի Առաքելութեան
Կառավարութեան Մը Կազմութեան»
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Պէյրութ, ուր դիմաւորուեցաւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի եւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուիի կողմէ:
Շուքրի եւ անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն ուղղուեցան Պաապտա, ուր ընդունուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:
Հանդիպումի ընթացքին նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Եգիպտոսի եւ անոր նախագահին` Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի ի գործ դրած ջանքերուն, յատկապէս Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առումով Սիսիի առաջարկած օժանդակութեան համար:
Ան մաղթեց, որ այդ ճիգերը դրական արդիւնքներ արձանագրեն` հիմնուելով սահմանադրութեան ու Ազգային ուխտի կանոններուն վրայ եւ գործակցելով լիբանանցիները ներկայացնող բոլոր խմբաւորումներուն հետ, առանց խտրութեան:
Շուքրի նախագահ Աունին յանձնեց Սիսիէն նամակ մը, որուն մէջ յստակօրէն կը հաստատուի, որ Եգիպտոս կը զօրակցի Լիբանանին եւ անոր կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն:
Իր կարգին, Շուքրի յայտնեց, որ Լիբանանի կայունութիւնը կարեւոր է Եգիպտոսի եւ շրջանին համար:
Ան շեշտեց, որ Եգիպտոս իր բոլոր կարողութիւններով պիտի օժանդակէ Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ շրջանցել զինք տանջող այս փուլը:
Շուքրի այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող իրավիճակը եւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները:
Այն Թինէէն իր կատարած յայտարարութեան մէջ Շուքրի յայտնեց, որ Եգիպտոս կ՛արժեւորէ Պըրրիի դերակատարութիւնն ու նախաձեռնութիւնը` դուրս գալու համար ներկայ տագնապէն եւ ամէնէն արագ ժամանակաշրջանին կազմելու համար մասնագէտներու կառավարութիւն մը:
Շուքրի այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի:
Հանդիպումէն ետք Շուքրի եւ Ժոմպլաթ մերժեցին յայտարարութիւն կատարել:
Շուքրի ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ անյապաղ կազմելու կառավարութիւն մը, որ կը գործադրէ բարեկարգումները` շրջանային եւ միջազգային զօրակցութեան առիթ ընծայելու նպատակով:
Շուքրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ ընդգծեց, որ լիբանանցի ղեկավարները թերացած են իրենց հայրենիքը փրկելու ճիգերուն մէջ` աւելցնելով, որ պէտք է կազմել մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որուն բոլոր անդամները ըլլան ատակ եւ մասնագէտ անձնաւորութիւններ` վարչապետէն սկսեալ մինչեւ բոլոր նախարարները:
Լիբանանի ներկայ իրավիճակը քննարկելու շրջագիծին մէջ, Շուքրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ արաբական իրադարձութիւնները:
Շուքրի իր այցելութիւնը աւարտեց հանդիպում մը ունենալով նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Շուքրի յայտնեց, որ Եգիպտոս յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան` շեշտելով, որ երկրին մէջ տիրող ներկայ սառած վիճակին պէտք է վերջ դնել:
Ան հաստատեց, որ իրենք կը յանձնարարեն քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ կայանալիք երկխօսութիւն մը, ինչպէս նաեւ սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութիւնը` Լիբանանը տիրող տագնապէն դուրս բերելու համար:
«Հարիրիին հաստատեցի, որ Եգիպտոս կը զօրակցի քաղաքական տարակարծութենէ հեռու առաքելութեան կառավարութեան մը կազմութեան, որպէսզի Լիբանան վերահաստատէ իր սովորական դիրքը», եզրափակեց Շուքրի: