ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Պլինքըն հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Պլինքըն եւ Ալիեւ ընդգծեցին երկկողմանի գործընկերութեան կարեւորութիւնը եւ քննարկեցին շարք մը հարցեր:
Պլինքըն կարեւոր նկատեց մարդկային իրաւունքները եւ հիմնարար ազատութիւնները յարգելը եւ նշեց, որ կարեւոր է շարունակել ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերը` բանակցելու Արցախի տագնապի երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման համար` ի շահ շրջանի բոլոր մարդոց:
Իր կարգին, Ալիեւ մտահոգութիւն յայտնեց նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ՝ ընդգծելով. «Թուրքիա Ատրպէյճանի մտերիմ ընկերը եւ դաշնակիցն է եւ շատ կարեւոր ու դրական դեր ունի յետ-պատերազմեան ժամանակաշրջանին»:
Նաեւ միտքերու փոխանակում կատառուեցաւ հայ-ատրպէյճանական պատերազմէն ետք ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ եւ Ալիեւ ընդգծեց շրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման կարեւորութիւնը: