Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էնթընի Պլինքըն եւ Սերկէյ Լաւրով Իսլանտայի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։
«Արտաքին գործոց նախարարները նաեւ քննարկեցին շրջանային հարցեր, ներառեալ` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տագնապին երկարատեւ քաղաքական լուծում մը որոնելու հարցը», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս: