Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 77-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը:
Փաշինեան անդրադարձած է Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի գերիշխան տարածքին վրայ ձեռնարկուած լայնածաւալ յարձակումին` կարեւոր նկատելով տեղի ունեցածին վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հնչող յստակ դիրքորոշումներն ու գնահատականները:
Ան բարձր գնահատած է Պլինքընի` բանակցային հոլովոյթին եւ երկխօսութեան աջակցելու ջանքերը: Փաշինեան կարեւոր նկատած է նաեւ միջազգային ընտանիքին կողմէ ազրպէյճանական գործողութիւններու դատապարտման, Հայաստանի գերիշխան տարածքէն ազրպէյճանական ստորաբաժանումներու հեռացման, ազրպէյճանական կողմին մօտ պահուող հայ պատերազմական գերիներու վերադարձի ապահովման եւ մարդասիրական այլ խնդիրներու ուղղութեամբ համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը:
Պլինքըն ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը` շարունակելու բանակցային եւ խաղաղ հոլովոյթին աջակցութիւնը, կարեւոր նկատելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին համապարփակ եւ երկարատեւ լուծման անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի համար:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր նկատած է Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ եռակողմ հանդիպումը եւ յոյս յայտնած, որ երկխօսութիւնը յառաջիկային եւս կը շարունակուի:
Հանդիպումի ընթացքին միտքեր փոխանակուած են նաեւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման եւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ: