ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ատրպէյճանը մեղադրեց Արցախի հարցով իրավիճակը սրող քայլեր առնելուն մէջ:
Չորեքշաբթի օր, ելոյթ ունենալով Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստին՝ Պլինքըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները կողմ է Արցախի հակամարտութեան երկարատեւ կարգաւորման հասնելու ջանքերուն, սակայն դէմ է այդ կապակցութեամբ միակողմանի քայլերուն:
«Բաւական աշխուժ եւ անմիջական գործակցութիւն հաստատած եմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ: Մասնաւորապէս, մէկ շաբաթ առաջ հեռաձայնով զրուցեցի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ եւ կը փորձեմ օգնել ու խթանել Ղարաբաղի հարցի երկարատեւ քաղաքական կարգաւորումը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով․ «Մենք դէմ ենք իրավիճակը ապակայունացնող միակողմանի բոլոր գործողութիւններուն, յատկապէս Ատրպէյճանի կողմէ»: