ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Բոլոր անհաւատներուն եւ կասկածամիտներուն,
Բոլոր խուլ եւ կոյր ձեւացողներուն,
Բոլոր շատախօսներուն եւ բամբասողներուն, որոնք մութին մէջ ծուարած կը շարունակեն ոխ եւ թոյն թափել,
Բոլոր իմաստակներուն, որոնք պարտականութենէ խուսափելով «իմաստութիւն» կը բաշխեն:
Բոլոր անոնց, որոնք Լիբանանի հայութեան վրայ շիրմաքար կ՛ուզեն դնել,
Բոլոր նեղմիտ, եսակեդրոն, շահախնդիր, ցուցադրամոլ, սիրամարգի սինտրոմէն վարակուած անհատներուն,
Բոլոր անոնց, որոնք կը շահագործեն հայ հոգիին ազնուութիւնը եւ հայ երիտասարդին խիզախութիւնը,
Բոլորին եւ տակաւին այլոց կ՛ըսենք`
Մէկ կողմ դրէ՛ք անժամանակ, անտեղի, անօգուտ եւ ինքզինք սպառող ինքնասիրահարութիւնը:
Մէկ կողմ դրէ՛ք ինքնաքանդիչ եւ վնասակար պարծենկոտութիւնը:
Մէկ կողմ դրէ՛ք քաղաքական, կուսակցական միութենական սպառիչ քննարկումները:
Մէկ կողմ դրէ՛ք ձեռնածալ մնալու ու միաժամանակ խրատատուի եւ հարցերը իբրեւ թէ վերէն եւ ընդհանրական ամպերէն դիտելու մեծամտութիւնը:
Ժամանակը, տագնապը, մտահոգութիւնները այնքան մեծ են, որ ներկայիս նման հարցերով զբաղիլը պարզապէս կացինի հարուած է լիբանանահայութեան կոճղին:
Լիբանանի հայութիւնը իր ամբողջութեամբ եղած է, է եւ պիտի մնայ ամուր:
Եւ այս` ո՛չ պարծենկոտութիւն է, ո՛չ ալ մեծամտութիւն:
Վկա՛յ տնտեսական տագնապին ու համաճարակի կանխարգիլման եւ անկէ ծնած դժուարութեանց դիմանալու մեր կամքը, հաւաքական կամքը:
Վկա՛յ մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, եկեղեցիներուն, բարերարներուն եւ անհատներուն գիտակից աշխատանքն ու զոհողութիւնները:
Վկա՛յ Ցեղասպանութեան համալիբանանեան ոգեկոչումն ու անոր համահայկական անդրադարձը:
Վկա՛յ ամէն մարդ ամէն մարդու հասնելու պատասխանատու վճռակամութիւնը:
Այո՛, մենք կազմակերպ գաղութ ենք եւ այդպէս պիտի մնանք:
Մենք մուրացկան գաղութ չենք, ո՛չ ալ կը շահագործենք ներկայ կացութիւնը:
Ապրեցանք ու կ՛ապրինք մեր ուժերով:
Իսկ եթէ կան անհատներ, որոնք պղտոր ջուրի մէջ կը փափաքին ձուկ որսալ, պարտին գիտնալ, որ իրենցմէ աւելի ճարպիկները վաղուց ձախողած են ձկնորսութեան իրենց «առաքելութեան» մէջ:
Յարգե՛նք կատարուող աշխատանքը:
Յարգե՛նք կատարուող զոհողութիւնները:
Յարգե՛նք ինքնազոհ մեր կամաւոր զինուորները:
Երիտասարդուհիներն ու երիտասարդները:
Իսկ հաշուետուութեան ժամուն կը քննադատենք:
Այդ ժամանակ բոլորս ալ ըսելիքներ կ՛ունենանք: Եւ կ՛ըսենք: