Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ 326
Պոլսահայ գրող Զաւէն Պիպեռեանի (1921-1984) «Մրջիւններու Վերջալոյսը» վէպը, սփիւռքահայ գրականութեան մէջ յետեղեռնեան իւրայատուկ իրապաշտական գործերէն է, պոլսահայ կեանքի բախտորոշիչ ժամանակաշրջանի մը իրադարձութիւններով զուգորդուած, որ վերահրատարակուած է Սեւան Տէյիրմենճեանի յառաջաբանով, Արաս Հրատարակչութիւն, Պոլիս (Ա. Տպագրութիւն՝ Հոկտեմբեր 2007 եւ Բ. Տպագրութիւն՝ Յունիս 2021), 624 էջ:
Զաւէն Պիպեռեան ծնած է 1921-ին, Պոլսոյ Չենկելգիւղ թաղը: Արամեան-Ունճեան Տիպար Կրթարան եւ Սեն Ժոզեֆ վարժարաններու մէջ նախնական եւ երկրորդական ոււսումը կը ստանայ, իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը՝ Պոլսոյ Առեւտրային գիտութեանց ակադեմիայէն: 1946-ին «Նոր Լուր»ի մէջ կը հրապարակէ «Ալ Կը Բաւէ՛…» յօդուածը՝ իբր բողոք ընդդէմ հակահայ հրապարակումներու եւ քայլերու: Այդ յօդուածին պատճառով միջոց մը կը բանտարկուի: Բանտէն դուրս նաեւ ան ճնշումներու կ՛ենթարկուի եւ կը լքէ Թուրքիան: 1949-ին բնակութիւն կը հաստատէ Պէյրութի մէջ, ուր մաս կը կազմէ «Զարթօնք»ի եւ «Արարատ»ի խմբագրակազմերուն, միեւնոյն ատեն աշխատակցելով Հալէպի ու Փարիզի հայ մամուլին: Սփիւռքահայ կեանքի տխեղծ իրողութիւնները ապրած եւ մտածելով որ քաղաքական պայմանները բարելաւուած են Թուրքիոյ մէջ, 1953-ին կը վերադառնայ Պոլիս ու կ՛ամուսնանայ Սեդա Խտըրեանի հետ: Անոր հեղինակային գիրքերն են.- «Մեղապարտ Ոսկին կամ Աբեղայի մը Գողգոթան», անթուակիր, հաւանաբար լոյս տեսած է 1953-էն առաջ, «Լկրտածը», վէպ, 1959, 2020, հեղինակային թարգմանութիւնը՝ Yalnizlar, վէպ, 1966, 2000, Ֆրանսերէն թարգմանութիւնը՝ La traine՛e, Ժընեւ, 2015, «Ծովը», պատմուածքներ, 1961, 2017, «Անկուտի Սիրահարներ», վէպ, 1962, 2017, թրքերէն թարգմանութիւնը՝ Meteliksiz Asiklar, 2017, «Մրջիւններու Վերջալոյսը», վէպ, 1984, ամբողջական հրատարակութիւնը՝ 2007, 2021, թրքերէն թարգմանութիւնը՝ Baban Askale’ye Gitmedi, 1998, Karincalarin Gunbatimi, 2019, ֆրանսերէն թարգմանութիւնը՝ La Crepuscule des fourmis, Ժընեւ, 2012, «Անհուն Երկինք՝ Աչքերու Մէջ», բանաստեղծութիւններ, 2021, «Car vivre, vetait se batter et faire l’amour», 2019:
Զաւէն Պիպեռեանի «Մրջիւններու Վերջալոյսը» վէպը իրապաշտ դպրոցի պատկանելով, ընկերային ենթահող ունի: Հեղինակը կը ներկայացնէ յետեղեռնեան պոլսահայ կեանքը՝ ընդգծելով ազգային վիճակը, ընկերային հարցերը, դասակարգային սուր տարբերութիւնները, հասարակ մարդոց հոգեբանութիւնն ու փիլիսոփայութիւնը կեանքի հանդէպ:
Քաղքենի մանկութենէն ժառանգած սովորութիւններով վէպին հերոսը՝ Պարէտ, երիտասարդութեան սեմին պարտադիր թրքական բանակ կը տարուի Անատոլուի խորերը: Երեքուկէս տարի ան զրկանքներով լեցուն կեանք մը կ՛ապրի: Պարէտի համար մինչեւ երիտասարդութիւն՝ Մեծ Կղզիի իր ընտանիքին շքեղ ապարանքը խորհրդանիշ մը եղած էր անցեալի փառաւոր ու երջանիկ օրերէն, որ լուռ վկայ մըն էր այդ առումով: Անոր հայրը՝ Տիրան «Վարլըք»ի (ունեւորութեան) իբրեւ տուրք կառավարութեան գրաւմամբ կորսնցուցած էր ապարանքն ու հարստութիւնը: Սակայն եւ այնպէս Տիրան իր նիւթական նեղ կացութեան մէջ, կարողացած էր իր զաւկին Անատոլու եղած ատենը բաւարար նպաստ հասցնել: Պարէտ տեղեակ չէր իր ընտանիքին անցուկ վիճակէն: Երբ ան բանակէն տուն կը վերադառնայ եւ ականատես կը դառնայ իր ընտանիքին նիւթական թշուառութեան, մտքին մէջ կղզիին ապարանքը իբրեւ խորհրդանիշ փուլ կու գայ եւ Անատոլուն կը գրաւէ անոր տեղը:
Պարէտ ուսեալ երիտասարդ մըն էր եւ առեւտրական գործերու ատակ չէր: Ան առեւտուրի կարողութիւն չունէր եւ այդ մթնոլորտն ալ չէր սիրէր: Կը ցանկար պարկեշտ ու համեստ գործ մը ընել, ապահովելու համար իր ապրուստը եւ օգնելու ընտանիքին: Բանակէն վերադարձին կեանքի պայմանները այնպէս ըրած էին, որ անոր աչքին առջեւ ցցուած էին երկու հակասական տիպարներ: Առաջինը՝ առեւտրական գործնապաշտութեամբ նիւթասէր մօրեղբայր Սուրէնի եւ երկրորդը՝ կեանքին հանդէպ անտարբեր դարձած հօրեղբայր Տրդատի պատկերները:
Վէպին խորագրին՝ մրջիւններու վերջալոյս բառերուն մէջ կը շեշտուի մրջիւն հասկացողութիւնը անհատներու կամ հաւաքականութիւններու մասին: Մրջիւնը ունի աշխատասիրութեան եւ համբերատարութեան բոլոր յատկութիւնները, որոնք հասարակութիւնը կ՛ընդունի իբրեւ բարի եւ նպաստաւոր՝ մարդկութեան համար: Մրջիւնը կը հակադրուի ճպուռի, որ պարապ եւ անօգուտ կեանք մը ունի: Սուրէն նման էր մրջիւնի, որ օրն ի բուն կ՛աշխատէր յաջողութեան գագաթը նուաճելու ձգտումով: Միւս կողմէ, Տրդատ ճպուռի կը նմանէր եւ կը սիրէր կեանքը վայելել: Որպէսզի ան իր մտահոգութիւնները յաղթահարէ ու փարատէ, գինի կը խմէր յաճախ անգիտակից դառնալու եւ իրականութենէն անջատուելու համար:
Սուրէն հարստացած էր նիւթապէս եւ Պարէտի վրայ արգահատանքով ու խղճալով կը նայէր, իբրեւ ուսում առած երիտասարդ մը որ անօգուտ գիրքեր կարդացած եւ զարգացած էր: Սուրէն գոռոզ էր Պարէտի դիմաց եւ կը ջանար իր խօսքը պարտադրել անոր: Միւս կողմէ, Տրդատ Պարէտի հանդէպ բարիացակամ ու ազնիւ էր: Ան ընկերային էր Պարէտի հետ, որովհետեւ ինքն ալ ուսեալ էր: Պարէտ կը խուսափէր Սուրէնի հանդիպելէ եւ յաճախ Տրդատի մօտ կ՛երթար, Մեծ Կղզիի անոր ապարանքը, որ կիսալքեալ վիճակ ունէր: Անոնք միասին ձկնորոսութիւն կ՛ընէին, կը խօսէին ընկերային եւ փիլիսոփայական հարցերու շուրջ ու ամբողջ օրը միասին կ՛անցընէին:
Դասակարգային մեծ տարբերութիւն կար Սուրէնի եւ Տրդատի միջեւ: Այս գիծն է, որ Զաւէն Պիպեռեան կը մատնանշէ վէպին մէջ, հանդէս բերելով ասկէ ծնած այլ զարգացումներ՝ ինչպէս Սուրէնի ձգտումը երեսփոխան դառնալու եւ Տրդատի փափաքը՝ վերջալոյսը չհասած կեանքը լաւ վայելելու եւ օգտակար դառնալու ուրիշներուն: Տրդատ տոգորուած էր մաքուր ազգային զգացումներով եւ գաղափարներով:
Քաղելով հեղինակին՝ Զաւէն Պիպեռեանի վեպին միտքերէն Սեւան Տէյիրմենճեան գիրքին յառաջաբանին մէջ կ՛ըսէ. «Ու մրջիւն է հայութիւնը, կը վաստակի, կ՛ուտէ, կը զուարճանայ, հայը կ՛ապրի աղէտին նախապատրաստուելով, ինչպէս մրջիւնը՝ ձմրան: Ձմրան գոյութիւնը կեանքի մղում կը պարգեւէ, ապրելու եւ տոկալու»: Ապա ան հետեւեալ միտքը կ՛արտայայտէ. «Վերապրելու, գոյատեւելու, արշալոյսի հասնելու համար վերջալոյս մըն է պէտք: Աղէտը ապրիլ ուրեմն, վերապրելու համար» (էջ 22): Անոր արտայայտած վերջին նախադասութիւնը կը յուշէ պայքարելու գաղափարը: Ինչպէ՞ս ապրիլ աղէտը, վերապրելու համար: Ապրիլ աղէտը կ՛ենթադրէ գործօն կեցուածք եւ ոչ թէ՝ կրաւորական: Աղէտը գործօն կեցուածքով ապրելու համար պէտք է անպայման պայքարիլ եւ արժանանալ վերապրումի:
Զաւէն Պիպեռեան կը մատնանշէ նաեւ առեւտրական հայերու՝ երեսփոխան դառնալու կամ ազգային պատասխանատուներու դիրքերը գրաւելու ձգտումները, շեշտելով որ անոնք մեծաւ մասամբ իրենց դիրքերուն հասնելէ ետք, կ՛անգիտանան հետաքրքրուիլ ազգային հարցերով եւ միայն իրենց անձերուն մասին կը մտածեն: Անոնց հասարակաց մտածումը այն է, թէ թրքական կառավարութեան եւ անոր պատասխանատուներուն թոյլտուութեամբ է որ հարստացած են եւ անոնց առջեւ կը քծնին, մոռնալով կամ ուռանալով հայոց ազգային շահերը:
Զաւէն Պիպեռեան հայ ազգի, հայրենիքի եւ հողի սեփականութիւնը անուղղակիօրէն կը շեշտէ վէպին հերոս տիպարին մտածումէն մէջէն՝ թէ հայերը մրջիւններու նման դարերով աշխատած ու տքնած սակայն բռնագաղթուած են իրենց սեփական հողերէն.- «Հօրս հայրը շինել տուաւ այս ապարանքը: Ինք հող եղաւ: Հայրս հող եղաւ: Հօրեղբայրս հող եղաւ: Այս հողով, այս քարով շինեցին: Թող փլի: Ինք ալ նորէն քար ըլլայ, հող ըլլայ: Ասանկ թող մնայ, թող փլի: Բայց պիտի չփլի: Պիտի մնայ, մինչեւ աշխարհի վերջը պիտի մնայ: Հազար տարի ետք ալ հոս եկողը, հիմերը պիտի տեսնէ, նայէ՛ հոս տուն մը կայ եղեր, պիտի ըսէ, մարդիկ ապրեր են, պիտի ըսէ, պատին մէջ ծխնելոյզի ծակը պիտի տեսնէ, մեծ մօրս վառած փայտին մուրը պիտի սրբէ մատներովը: Ասիկա բուրգ չէ, մրջիւնի բոյն մըն է» (էջ 489-490):
Զաւէն Պիպեռեան այլ միտք մըն ալ կը փոխանցէ ընթերցողին, թէ հայը, որ ապրած ու աշխատած է իր սեփական հողին վրայ, շատ տառապած է թրքական եաթաղանին տակ, որ հետեւեալ ձեւով կ՛արտայայտէ. «Հայերը յաւիտեան պիտի պատմեն թէ Համիտէն, Իթթիհատէն, Հալքէն, այս «տէյմէ տիփլոմաթ»ներէն (անարժէք քաղաքական մարդոցմէ) դեղագիր պիտի սպասեն իրենց անբուժելի անձկութիւններուն» (էջ 529-530):
Զաւէն Պիպեռեան «Մրջիւններու Վերջալոյսը» վէպով, գրականութեան ճամբով խիզախ միտքեր ու կեցուածքներ կը փոխանցէ հանրութեան, զայն մղելով տեսնելու կեանքի սովորական երեւոյթներ թուացող բայց անճիշդ իրողութիւնները։