Քաղեց՝ ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
Ծնած է 26 յունուար1926-ին, Պոլսոյ մէջ: Իր նախակրթութիւնը եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Պոլսոյ Բանկալթըի վիեննական Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1944-ին:
Որոշ շրջան մը աշխատած է հիւսուածեղէնի հսկայ գործարանի մը մէջ՝ իբրեւ ներկայացուցիչ:
Երբ ան Պոլսոյ համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղի ուսանող էր, սկսած է գրել առաւելաբար պատմուածքներ, որոնք լոյս կը տեսնէին գրական մամուլին մէջ։ Սակայն 1949 թուականին հրատարակուած իր առաջին գործը թատրերգութիւն էր։ Հետագային փոխնիփոխ լոյս կ’ընծայէ պատմուածքներու ժողովածոներ եւ քրոնիկային կամ գրական-վերլուծական երկեր։ Բոլորն ալ, մտածումի խորացումով, սակայն միշտ կենդանի ու իրապաշտ լարումով, կը պատկերացնեն մեր ժամանակակից աշխարհը, արդի կեանքը, մարդկային գոյութեան հարցականները, մարդկային յարաբերութիւնները։
Ան ինքզինք նուիրեց հայ գրականութեան՝ գրելով պատմուածքներ եւ յօդուածներ «Սան» ու «Ճառագայթ» պարբերականներուն մէջ:
196Օ-ին ուշադրութիւն գրաւեց նաեւ իր գրած «Կեանքի մը երեք կիրակիները» թատերախաղով:
1967-ին ստանձնեց Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնը՝ թերթին բերելով նոր գոյն ու ճաշակ, եւ սկսաւ գրել առօրեայ խմբագրականներ ու յօդուածներ:
1981-ին «Մարմարա» թերթին մէջ սկսաւ հրատարակել իր առօրեայ յօդուածները՝ «Յուշատետր» անուան տակ:
1983-ին հրատարակուեցաւ իր «Առաստաղ» վէպը, որ իր գլուխ-գործոցներէն մէկը կը նկատուի:
Պոլսոյ հայոց անմոռանալի եւ հեղինակաւոր Շնորհք պատրիարքին գահակալութեան առիթով գրի առաւ երջանկայիշատակ պատրիարքին բովանդակալից կենսագրութիւնը, որ հրատարակուեցաւ փառաւոր հատորով մը։ Իսկ Շնորհք պատրիարքին վախճանումէն ետք գրի առաւ «Յիշելով մեր սիրեցեալ Շնորհք պատրիարքը» սրտախօսիկ հատորը։
Բազմամեայ տնօրէն-խմբագրապետ «Մարմարա» օրաթերթի, ունի հրապարակագրական եւ գրական պատկառելի վաստակ, որուն շրջագիծին մէջ յիշատակելի կը մնան հետեւեալները.
-Թատրոն՝ «Կեանքի մը երեք կիրակիները» (1949), «Վաստակ» (1976)
-Գրական-վերլուծական՝ «Յակոբ Պարոնեանի մտերմութեան մէջ» (1965) -Պատմուածքներ՝ «Բառասխալ» (1972)
-Վէպ՝ «Առաստաղ» (1978)
-«Հազար տարի Ս. Գրիգnր Լnւսաւnրչի հետ» (2003)
-«Բնանկարներ» (2004)
-«Օդանաւին անիւները» (2004)
-«Իսթանպnւլահայ նnր բանաստեղծnւթեան վէպը» (2004)
-«Ասիկա այբ է (2005)
-«Գրադարանիս մnռցnւած գիրքերը»
-«Թարգմանչաց տօն մը թեհրանահայnւթեան մօտ» (2006)
-«Առագաստ դէպի բանաստեղծnւթիւն» (2006)
-«Հիւանդnւթեան օրեր» (2006)
-«Պտnյտ հայ գրականnւթեան քnւլիսներnւն մէջ» (10 հատnր) (2007-2012)
-«Քանի մը ծառեր անտառին մէջ» (2009)
-«Անկարելի նամակ մեր սիրելիներnւն» (2009)
-«Մեր հայրերnւն ժամացnյցը» (2010)
-«Կեանքը խմբագրատnւնէն ներս» (2010)
-«Զրnյց հինցած գրիչի մը հետ» (2011)
-«Դիմանկարներ» (2012)
-«Պտnյտ մը հայnց լեզnւի բառարանին մէջ»
1 դեկտեմբեր 2001-ին Ռոպէր Հատտէճեան իր գրչեղբայրներէն Զահրատի, Զ. Խրախունիի եւ տոքթ. Վարդ Շիկահերի հետ միասին կ’արժանանայ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի Ա. կարգի պատուոյ շքանշանին եւ օրհնութեան կոնդակին։ Մայիս 2007 -ին Պոլսոյ եւ Հայաստանի մէջ մեծ հանդիսnւթիւններnվ նշnւեցաւ անոր ծննդեան 80-ամեակը, nրnւն առիթnվ ան Հայաստանէն արժանանացաւ հետեւեալ շքանշաններnւն.
- Երեւանի Խաչատnւր Աբnվեանի անnւան մանկավարժական համալսարանի nսկեզօծ շքանշանը (2007)
- Հայաստանի մշակnյթի նախարարnւթեան ոսկեայ շքանշանը (2007)
- Երեւանի պետական համալսարանի ոսկեայ շքանշանը (2007)
2009-ին Ռ. Հատտէճեան Հայաստանի Լրագրnղներnւ միnւթեան կnղմէ կը պարգեւատրnւի «Ոսկեայ գրիչ» շքանշանnվ, nր առաջին անգամ կը տրnւէր սփիւռքահայ հրապարակագիրի մը։
2011-ին Հայաստանի Հանրապետnւթեան Անկախnւթեան վերականգնման 20-ամեակին առիթnվ օրուան նախագահ Սերժ Սարգսեանը «Ս. Մեսրnպ Մաշտnց» nսկեայ ադամանդակnւռ շքանշանnվ կը պարգեւատրէ Ռ. Հատտէճեանը։
4 փետրուար 2020-ին Լեւոն արք. Զէքեան «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան» շքանշանով կը պարգեւատրէ «Մարմարա» օրաթերթին կիսադարեայ բազմավաստակ խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանը, այն մեծանուն հրապարակագիրը, գրագէտը, թատերագիրը, մտաւորականը եւ գրիչի մշակը, որ իր կեանքը նուիրած է հայ մշակոյթին եւ պոլսահայ համայնքին ծառայելու վեհ նպատակին, որ հայ մշակոյթի անդաստանին մէջ բացած է իւրայատուկ աշխարհ մը ու իր ստեղծագործութիւններով պանծացուցած պոլսահայու անունը:
Սրտանց կը շնորհաւորենք հայ մամուլի ու գրականութեան մեծ վարպետի ծննդեան 95-ամեակը՝ մաղթելով քաջառողջութիւն եւ ամենայն բարիք.
Աղբիւրներ՝ «Ուիքիփետիա»–ազատ հանրագիտարան
«Ռ.Հատտէճեանի կենսագրութիւն»–Մաքրուհի Պ.Յակոբեան