ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
(Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի նախկին փոխխմբագրապետ)
Պոլսահայ վաստակաշատ լրագրող եւ գրագիտուհի Մ. Պ. Յակոբեան, հրատարակութեան խնդրանքով թերթիս ուղարկեց հետեւեալ ծանօթագրական գրութիւնը` ճարտարագէտ Կարօ Քիւրքմանի վերջերս հրատարակուած գիրքի մասին, որ կը կրէ «Օսմանեան շրջանի արքունի ոսկերիչներ» անունը:
Այս օրերուն պոլսահայ մտաւորական Կարօ Քիւրքման մեր պատմութեան էջերը հարստացուց հսկայածաւալ, շատ արժէքաւոր նոր գիրքով մը եւս, որ արդիւնք է երկարատեւ, բծախնդիր եւ խղճամիտ ուսումնասիրութեան, անխոնջ ու նուիրական աշխատանքի:
Գիրքը տպուած է թրքերէն եւ անգլերէն` երկու անջատ հատորներով: Կը կրէ «Օսմանեան շրջանի արքունի ոսկերիչներ» (1853-1871) խորագիրը, որուն մէջ կը տողանցեն արքունի փողերանոցի ոսկերիչները, գլխաւորաբար` Տիւզեան գերդաստանի անդամներուն, որոնք այդ շրջանին, երկնապարգեւ բացառիկ շնորհով, իւրայատուկ բարձր ճաշակով, արտադրեցին չքնաղագեղ գործեր` հայու անունը պանծացնելով եւ փառաւորելով դարեր շարունակ, միաժամանակ` իրենց վաւերական անջնջելի կնիքը դրոշմելով ոսկերչական արուեստի պատմութեան էջերուն մէջ:
Կարօ Քիւրքման 470 էջերէ բաղկացած իր այս գիրքի նախաբանին մէջ կը գրէ, որ արքունի փողերանոցի մասին գիրք մը հրատարակելու գաղափարը իր մէջ ծնունդ առաւ, երբ մետաղադրամներու գծագրութիւններ կ՛ընէր գիրքի մը պատրաստութեան համար, 1970¬ական թուականներուն:
Այդ օրերուն որոշուած էր պարպել օսմանեան փողերանոցի պատմական շէնքերը: 1975¬ին էր, որ գործադրուեցաւ այդ որոշումը: Պատմական շէնքերը ժամանակի աւերին դիմաց կորսնցուցած էին իրենց տոկունութիւնը, պէտք էր բարենորոգուէին, բայց որքա՜ն ցաւալի է, որ պատմութեան այդ արժէքաւոր բազմաթիւ բեկորները, կարեւոր փաստաթուղթերը, անգին արժէքով հարստութիւնները բարենորոգումի ընթացքին փողոց պիտի հանուէին եւ պիտի փճանային: Վճիռը արձակուած էր: Ուստի, երկու բեռնատար կառքեր լեցնելու չափ վկայագիրներ, որոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմէին հայերէն տառերով գրուածները, տպարաններու փուռերուն մէջ բոցերուն ճարակ պիտի դառնային:
Արքունի փողերանոցի ճակատագիրն ալ այդպէս եղաւ: Օսմանեան շրջանէն մնացած պետական փողերանոցի կարգ մը հին գործիքներ եւ մեքենաներ ալ Տոլափտերէի մէջ հնավաճառի մը ծախուեցան:
Կարօ Քիւրքման երբ լսեց այս լուրը, սարսափի մատնուեցաւ: Անմիջապէս շարժման անցաւ, վազեց¬գնաց հոս ու հոն, վերջապէս գտաւ անձեր, որոնցմէ փրկեց կարգ մը փաստաթուղթեր եւ կազմեց կոկիկ արխիւ մը: Ուրիշ անձ մըն ալ մշակոյթի նախարարութեան մօտ դիմում կատարելով` յաջողեցաւ փրկել կարգ մը գործիքներ: Ատկէ դուրս, փողերանոցի սենեակներու տախտակամածներն իսկ քանդուեցան եւ որպէս անպէտ մնացորդներ` դուրս նետուեցան եւ պատմութեան էջերէն ջնջուեցան:
Կարօ Քիւրքման յաջողեցաւ նկարել փճացման փուլին հասած եւ շէնքէն դուրս հանուած արձանագրութիւններն ու ոսկերիչներու գրասենեակին տոմարները: Անոնցմէ մէկը կը բովանդակէր օսմանեան շրջանի թագաւորներու, պալատականներու եւ պետական այլ պատասխանատուներու կողմէ ապսպրուած թանկագին մասունքներու անունները եւ գիները, որոնք մասնայատուկ արժէք կը ներկայացնէին: Ուստի, Կարօ Քիւրքման իր ձեռք բերած տուեալները` պատմութեան այս վերջին անգտանելի բեկորները փրկելու եւ պատմութեան վերաշահեցնելու նպատակով ձեռնարկեց այս գիրքի պատրաստութեան աշխատանքին:
Ոսկերչաց սենեակներու (ոսկերչաց արհեստանոց) արձանագրութեան տոմարները ունին 43×28,5 սմ ծաւալ:
Կարօ Քիւրքման իր գիրքին մէջ կու տայ կարգ մը շահեկան բացատրութիւններ: Կը գրէ, որ փողերանոցէն ներս, տոմարներուն մէջ, օսմաներէնի առընթեր, կատարուած են հայերէն տառերով արձանագրութիւններ, որոնց կիրարկութիւնը շարունակուած է գահ բարձրացող չորս թագաւորներու շրջանին եւս: Անոնք են` սուլթան Ապտիւլ Մէճիտ (1839-1861), սուլթան Ապտիւլ Ազիզ (1861-1876), սուլթան Մուրատ (30 մայիս 1876-31 օգոստոս 1876), որոնց շրջանին այս կիրարկութիւնը անխափան շարունակուած է եւ վերջաւորութեան, սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի շրջանին` (1876-1909) հին թուականով 1300 (նոր թուականով 1882-1883), այս կիրարկութիւնը վերջ գտած է: Այդ թուականէն ետք օսմանեան փողերանոցի տոմարներու բոլոր արձանագրութիւնները միմիայն օսմաներէնով գրուած են: Ատոր փոխարէն` կարելի է ըսել, որ հայերէն տառերով տոմար պահելու կիրարկութիւնը սկիզբ առած է սուլթան Մահմուտ Բ.¬ի շրջանէն շատ առաջ, կաթողիկէ հայ համայնքէն Տիւզեան ընտանիքի կողմէ, սուլթան Ապտիւլ Համիտ Ա.-ի շրջանին (1774-1789):
Գիրքին մէջ տեղ գտած են առաւելաբար Օսմանեան կայսրութեան բարեկարգումի շրջանի թագաւոր սուլթան Ապտիւլ Մէճիտի եւ անոր յաջորդող եղբօր` սուլթան Ապտիւլ Ազիզի շրջանի ոսկերիչներուն արտադրանքները, նրբահիւս գեղօրները, որոնք շլացուցիչ գեղեցկութիւն ունին եւ անգնահատելի արժէք կը ներկայացնեն: Տոմարներուն մէջ մանրամասնօրէն արձանագրուած է, թէ պատրաստուած գոհարազարդ անստգիւտ այդ գործերը, շքանշաններն ու պատուանշանները, որո՞նց համար, քանի՞ հատ, այդ օրուան պայմաններով` ի՞նչ գինով արտադրուած են: Այսպիսով, այդ արձանագրութիւնները վաւերական փաստ կը նկատուին` ցոլացնելով նաեւ ոսկերչաց գրասենեակի այդ օրերու աշխատելակերպը:
Գիրքին մէջ, բացի այդ հրաշագեղ գունաւոր նկարներէն, տեղ գտած են նաեւ 19¬րդ դարու ճաշակին համապատասխանող, այլ երկիրներու թագաւորներուն, թագուհիներուն եւ առաջատար դէմքերուն տրուած նուէրներու նկարները, որոնց տակ նշանակուած են այդ գործերու արտադրութեան գիները:
Կարօ Քիւրքմանի այս հատորը` թրքերէն եւ անգլերէն զոյգ տարբերակներով, կը հանդիսանայ երկրորդ հատորը` օսմանեան շրջանի արքունի ոսկերիչներու մասին: Գիրքին հեղինակը ներկայիս լծուած է հրատապ աշխատանքի` պատրաստելու համար այս նիւթին առնչակից առաջին հատոր մը, որ պիտի ընդգրկէ Տիւզեան գերդաստանի կեանքը` օսմանեան փողերանոցին մէջ եւ անոնց վերապահուած ճակատագիրը:
470 էջերէ բաղկացեալ գիրքին վերջին էջերու հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէնով գրուած սիւնակներուն մէջ տրուած է հայերէն բառերու թրքերէնով ընթերցումը, թրքերէն եւ հայերէն թարգմանութիւնները: Իսկ վերջին էջին մէջ տեղ տրուած է հայերէն այբուբենի ցանկին եւ տառերու թրքերէն հնչիւններուն:
Յայտնենք, որ գիրքին պատրաստութիւնը արդիւնք է 40 տարուան տքնաջան ու հետեւողական աշխատանքի:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Կարօ Քիւրքմանը, որ հայ մշակոյթի գանձանակին մէջ կ՛աւելցնէ անստգիւտ արժէքով գիրք մը եւս` կորուստէ փրկելով եւ պանծացնելով անցեալի մէջ, արուեստի եւ մշակոյթի կալուածէն ներս ծառայած օսմանցի հայ արուեստագէտներու գործերը` միաժամանակ փառաւորելով անոնց վաստակն ու յիշատակը: