Սարգիս Տաղտէվիրեան
19 յունուար 2018-ին թրքական բանակը «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեամբ լայնածաւալ յարձակումի անցաւ Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին ու անոր շրջակայ գիւղերուն դէմ:
Աֆրինը մեծամասնութեամբ բնակուած է քիւրտերով, մաս կը կազմէ քիւրտ Ռոժավա հեռանկարային հանրապետութեան եւ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հովանաւորութիւնը վայելող քիւրտ զինեալ կազմակերպութիւններու տիրապետութեան տակ:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը յայտարարութեամբ մը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ բանակի «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան եւ յաջողութիւն մաղթած անոր, աւելցնելով որ պիտի աղօթէ ահաբեկչական գործունէութեան վերացման, խաղաղութեան ու տրամաբանութեան ընթացքի հաստատման համար («Հուրրիէթ Տէյլի Նիուզ», 23 յունուար 2018):
Քաղաքական եւ շրջանային ուժերուն նպատակներուն եւ դիրքերուն վերլուծում չէ այս փորձը, այլ ճիգ մը հասկնալու եւ հասկցնելու Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէկ կեցուածքը:
Ցարդ մարդկային պատմութեան ամբողջ ընթացքին, Նոյ նահապետէն սկսած, ձիթենիի ճիւղը խորհրդանշած է փոթորիկի վերջ եւ խաղաղութեան սկիզբ: Թուրքը այդ անուան տակ նպատակադրած է իրագործել ճիշդ հակառակը՝ նոր փոթորիկի սկիզբ եւ խաղաղութեան յաւելեալ խորտակում. յարձակիլ Սուրիոյ վրայ (անգամ մը եւս), բնաջնջել քրտական սահմանակից բնակավայր մը եւ զէնքի ուժով հաստատել թրքական ազդեցութեան գօտի Սուրիոյ մէջ, ի հեճուկս սուրիական անկախութեան եւ քրտական ինքնավարութեան:
Ճիշդ է, որ քիւրտերը պատմութեան ընթացքին հայութեան մեծագոյն պատուհասներէն մէկը եղած են, բայց երբեք կարելի չէ մեզի հասած վնասի այդ ծաւալը բաղդատել թուրքերուն եւ թաթարներուն հասցուցած աղէտներուն ծաւալին: Ճիշդ է, որ քիւրտերը հայոց դէմ գործադրուած բոլոր ջարդերուն ու 1915-ին սկսած Ցեղասպանութեան գլխաւոր գործիքներէն մէկը եղած են, բայց ծրագրողը, հովանաւորը, օրէնսդիրը եւ գերագոյն գործադիրը թուրքը եղած է: Այս տողերով քիւրտերուն մեղքերը չեն քաւուիր անշուշտ եւ տակաւին ունին իրենց յանցանքի պատկառելի բաժինը: Ներկայիս, քիւրտերու գոնէ քաղաքական ներկայացուցչութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը յայտարարէ, թէ կը ձգտի ժողովուրդներու հաւասարութեան եւ իրաւունքներու ձեռքբերման: Նաեւ Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի քրտական կազմակերպութիւնները կը միտին ինքնավարութեան եւ ի վերջոյ անկախութեան. աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ որքան իրատես կամ իրագործելի են այդ նպատակները, այլ հարց է եւ այլ հարթակի քննարկումի առարկայ, սակայն ազատութեան եւ ինքնավարութեան ցանկութիւնները հիմնական մարդկային իրաւունքներ են հաստատուած բոլոր միջազգային ուխտերու կողմէ:
Այժմ, պահ մը, հարկ է թուարկել, թէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը ի՞նչ կը շահի եւ ի՞նչ կը կորսնցնէ այս յայտարարութեամբ:
Օգուտները.-
– Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալինին շնորհակալական խօսքը եւ արտայայտութիւնը, թէ «միասնականութիւնը իրենց մեծագոյն ուժն է»:
– Կարգ մը հայ անհատներու (կրօնական եւ աշխարհական) վստահութեան ամրագրումը թուրք իշխանաւորներուն մօտ: Պետրոս Շիրինօղլուի եւ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի վերջին հանդիպումին ներկայ եղած էր նաեւ «Արտաքին նախարարութեան» (կը շեշտենք՝ «Արտաքին նախարարութեան») նախարարի խորհրդականը… Կապ մը կա՞յ արդեօք Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին վրայ մեծ հեղինակութիւն ունեցող Շիրինօղլուին եւ Արտաքին նախարարի խորհրդականին, Էրտողանին հովանիին տակ, տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ու պատրիարքարանին յայտարարութեան մէջ…
– Հաւանաբար… Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութեան խոչընդոտներուն վերացումը եւ ժողովրդավար ընթացքին վաւերացումը:
– Հաւանաբար… հայ համայնքի ապահովութիւնը եւ բարօրութիւնը:
– Հաւանաբար… Հրանդ Տինքը սպանողներուն ու դաւադիրներուն քօղազերծումն ու դատապարտումը:
– Աւելի հեռուն չերթանք «հաւանաբար»ներով (Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում, հայութեան եւ նոյնինքն Պոլսոյ պատրիարքարանի կորուստներու հատուցում, ինչքերու վերադարձ, եւլն., եւլն.), որովհետեւ մէկ «փոքրիկ» յայտարարութեամբ մը այդքան մեծ շրջադարձ չեն իրականացներ թրքական քաղաքականութիւնը եւ համաթուրանականութիւնը…
Վնասները.-
– Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը կը կորսնցնէ իր ազատ արտայայտութեան իրաւունքը, անգամ մը ե՛ւս, իր իսկ նախաձեռնութեամբ:
– Կ’ոտնահարէ իր արժանապատիւ տեղը Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու հաւաքականութեան մէջ:
– Ա՛լ աւելի կը նուաստանայ Թուրքիոյ իշխանաւորներուն առջեւ, որովհետեւ երբ ճնշողը դէմը քամակակորութիւն կը նկատէ, շարունակաբար աւելի կը բռնանայ, աստիճանաբար աւելի խլելու, ի վերջոյ մահացու հարուածը տալու կամայ թէ ակամայ զիջողին:
– Կը չքանան Պոլսոյ հայ ազատատենչ հատուածին ցարդ մշակած ու քաղած պտուղները:
– Խնդրոյ առարկայ կը դառնայ քիւրտ ժողովուրդին համակրութիւնը հայութեան հանդէպ:
– Պատրիարքարանը կը հաւասարի ազատութեան ձգտող քիւրտը խեղդողին հետ:
– Զօրավիգ կը հանդիսանայ ինքնիշխան երկիր մը բռնագրաւողին:
– Չի տեսներ, թէ Թուրքիոյ բանակը Աֆրինի վրայով կը մօտենայ հարաւը գտնուող (միայն 30 մղոն անդին) հայաշատ Հալէպին, որ վերջին տարիներուն նոյնինքն Թուրքիոյ զինուորապէս հովանաւորեալներուն կողմէ ենթարկուած էր մասնակի պաշարման եւ ամէնօրեայ ռմբակոծումներու, ունեցած մեծ վնասներ եւ բազմաթիւ զոհեր, մինչեւ ռուսերու օգնութեամբ սուրիական բանակին կողմէ պաշարման գօտիներու բեկումը: Յստակ չէ՞, թէ հայաբնակ Քեսապէն ետք, հայաշատ Հալէպը հայաթափելը ինչ իմաստ ունի թուրք քաղաքականութեան համար:
Հայ բոլոր ղեկավարները՝ կրօնական, քաղաքական, թէ մտաւորական ազատօրէն կեցուածք դրսեւորելուն կողքին երբեմն կը փորձուին այս կամ այն ուժին պարտադրանքին տակ հայավնաս յայտարարութիւններ կատարելու, առանց մտածելու կամ անդրադառնալու, թէ ներկայէն անդին ապագայ սերունդներն ալ կաշկանդումի եւ շարունակական հարուածի կ’ենթարկեն: Եթէ նպատակը ղեկավարի դիրքը պահպանելն է, լռութիւնը յաջող զէնք է, բայց կոչումը եւ դիրքը աւազախրելը՝ աններելի: Երբ կոչումին գիտակից ղեկավարի հետ է ճնշողին գործը, անպայման ոչ-պարտուողական ելքը կարելի է գտնել դիւանագէտօրէն, իսկ անելի պարագային պատճառաբանուած հրաժարականը կը պարտադրէ իրավիճակի շրջում ճնշողին եւ ճնշուողին միջեւ: