Պոլսոյ հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 12–րդ տարելիցին կրկին սգոյ ձեռնարկ տեղի պիտի ունենայ «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրութեան դիմաց:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս»–ը, Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած սգոյ ձեռնարկ տեղի պիտի ունենայ ժամը 15:00–ին, Օսմանպէյ թաղամասին մէջ` «Ակօս»–ի նախկին խմբագրութեան դիմաց:
Սգոյ ձեռնարկը պիտի կրէ «Չենք հրաժարիր, ախբարիկ» վերնագիրի ներքոյ: