Նորին Վսեմութեան մօտ գաղտնի սպասարկութեան հերոս Ճէյմս Պոնտ նոր արկածախնդութամբ մը պիտի վերադառնայ յառաջիկայ երեք տարիներուն: Համաշխարհային կիշէներու առջեւյ «Սքայֆոլ»ի յաջողութենէն ետք, Պոնտ ժապաւէններու արտադրիչները կը ծրագրեն 24-րդ եւ նոր արկածախնդրութիւն մը նկարահանել: Առ այսօր ժապաւէնին նիւթը եւ անունը կը մնայ անորոշ, ինչպէս նաեւ բեմադրիչը: Միակ նորութիւնը այն է, որ այժմու Պոնտի դերակատար՝ Տանիէլ Գրէյկ, 45 տարեկան, համաձայնած է երկու ժապաւէններու մէջ եւս նկարահանուիլ:
ԱՏԷԼ ԳԱՂՏՆԻ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ
Բրիտանացի երգչուհի Ատէլ մտադրած է ի վերջոյ ամուսնանալ իր ընկերոջ Սիմոն Քոնեքիի հետ: 24-ամեայ երգչուհին կը ծրագրէ հարսանեկան արարողութիւնը կազմակերպել ամրան սկիզբը, Լոս Անճելըսի իր բնակարանին մէջ: Ատէլ եւ Քոնեքի արդէն ունին հինգ ամսական մանչ մը: Քոնեքի նաեւ վեցամեայ դուստր մը ունի իր առաջին ամուսնութենէն:
44 ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՏԱԿ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՍՏԱՌՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ
Երեւանի Մոսկուա շարժապատկերի սրահին մէջ, 5 Ապրիլին տեղի պիտի ունենայ «44 Աստիճանի Տակ» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնի բեմադրիչն ու գլխաւոր դերակատարը Զոհրապ Բէկ Գասպարենցն է, իսկ սենարի հեղինակը վաղամեռիկ Տիգրան Հայրապետեանը: ժապաւէնին վերնագիրը խորհրդանշական բնոյթ կը կրէ. Երկրագունդի աստիճանացանցին մէջ, Հայաստան կը գտնուի 44-րդ միջօրեականի վրայ: Ըստ ժապաւէնի բեմադրիչին՝ համայն տիեզերքի մէջ այդտեղ է հայուն անկիւնը: Մարդիկ ոչ թէ պէտք է լքեն այդ անկիւնը, այլ մնան՝ զայն ամրացնելու համար: Ժապաւէնին նկարահանումները աւարտած են 2012-ին: Անոր անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է Սան Ֆրանսիսքոյի APTN թատրոնին մէջ, անցնող Սեպտեմբերին:
« 44 Աստիճանի Տակ» ը Զոհրապ Բէկ Գասպարենցի առաջին աշխատանքը չէ: Ան հանդիսատեսին ծանօթ է «Առաքել» ժապաւէնով , Կարէն Ջանիբեկեանի եւ Վլատիմիր Մսրեանի մասնակցութեամբ «Գնայ Խաղաղութեամբ» կարճամեթրաժով, որ յատուկ մրցանակ մը շահեցաւ Պրիւքսէլի Ֆիլմարուեստի փառատօնին:
ԹԻՆԱ ԹԸՐՆԸՐ ԴԱՐՁԵԱԼ Կ’ԱՄՈՒՍՆԱՆԱՅ
Ամերիկացի երգչուհի, ռոք-ըն-ռոլի «Մեծ մայր»ը՝ Թինա Թըրնըր վերջին ամուսնալուծումէն 37 տարի ետք նոր բոյն մը մտսդրած է ստեղծել գերմանացի երաժիշտ, յօրինող Էրվին Պախի հետ: Ամոլին ծանօթութիւնը ունի 27 տարուան պատմութիւն: Պախ՝ քսան տարի աւելի երիտասարդ է քան 73-ամեայ երգչուհին: Հարսանիքը տեղի պիտի ունենայ Զուիցերիոյ Քիւսնախտ քաղաքին մէջ: Հրաւիրեալները պարտադիր ճերմակ հագուստով պիտի ներկայանան հարսանեկան արարողութեան: Թինա Թըրնըր նոյնիսկ ամերիկեան քաղաքացիութենէն ն հրաժարեցաւ Պախի հետ ամուսնանալու համար
ՆԱԹԱԼԻ ԱՐՈՅԵԱՆ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՕՓԵՐԱՅԻ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ
Սիտնիի օփերայի թատրոնը պայմանգիր մը կնքեց աւստրալիահայ երիտասարդ երգչուհի Նաթալի Արոյեանի (Սոփրանօ) հետ: Վերջինս ելոյթ պիտի ունենայ տարբեր օփերաներու մէջ, իբրեւ մեներգչուհի: Փետրուար-Մարտ ամիսներուն ընթացքին Նաթալի ունեցած է տասներկու ելոյթ:
Նաթալի Արոյեան ծնած է Սիտնի մէջ: Տեղւոյն կաթողիկէ համալսարանին մէջ առեւտուրի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագիտութիւններով կրկնակի բարձրագոյն վկայական ստանալէ ետք, յատուկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ օփերային արուեստի նկատմամբ: Անոր ուղեցոյցը կ’ըլլայ մեցօ-սոփրանօ Լիլի Ավչեանը: 2004-ին կ’ընդունուի Սիտնիի երաժշտանոցը: 2009-ին, մասնագիտութիւնը կը շարունակէ Նիւ Եորքի Ման Գոլէճին մէջ: Ուսանած տարիներուն կը մասնակցի Վերտիի, Փուչինիի օփերաներուն: 2011-ին կը վերադառնայ Աւստրալիա եւ կը շահի « Իտալական Օփերայի Հիմնադրամ» մրցանակը: Նաթալի Արոյեան արդէն հռչակաւոր անուն դարձած է երաժշտութեան աշխարհին մէջ:
ԿԵՐԻ ՕԼՏՄԱՆ ՈՍՏԻԿԱՆԻ ԴԵՐԻ ՄԷՋ
Բրիտանացի ծանօթ դերասան Կերի Օլտման գաղտնի ոստիկանի մը կերպարը պիտի մարմնաւորէ «Չայլտ 44» ժապաւէնին մէջ, որ կը պատմէ 1950-ականներուն, ԽՍՀՄ-ի մէջ երեխաներու յաջորդական սպանութեան մասին: Ժապաւէնին նիւթը վերցուած է բրիտանացի գրող Թոմ Ռոպի համանուն գիրքէն: Օլտմանի կողքին, գլխաւոր դերերու մէջ կարելի է տեսնել Թոմ Հարտին: Ժապաւէնին բեմադրիչն է Տանիէլ Էսփինոզան:
ԱՆՈՒՇԸ՝ ՆՈՐ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ
Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, 26 եւ 27 Ապրիլին, 3 եւ 4 Մայիսին տեղի պիտի ունենայ «Անուշ» օփերայի երեւանեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը: Ներկայացման բեմադրութիւնը կատարած է Սերժ Աւետիքեանը, հագուստներու եւ բեմի ձեւաւորումը՝ Նիքոլա Միուզէն, երաժշտական ձեւաւորումը՝ Անահիտ Սիմոնեանը, իսկ խմբավարը պիտի ըլալյ Վահան Մարտիրոսեանը:
Անուշի դերը պիտի կատարէ Սֆիա Սայատեանը, Սարօ՝ Լիպարիտ Աւետիսեանը, Մոս՝ Գւորգէն Բաւէյեանը:
ՄԱՐԻՈՆ ՔՈԹԻՅԱՐԸ՝ ՏԻՈՐ-Ի ԴԷՄՔ
Ֆրանսացի դերասանուհի Մարիոն Քոթիյարը դարձաւ «Լէյտի Տիոր» պայուսակի ծանուցումային արշաւի առաջին դէմք: 37-ամեայ դերասանուհիին նկարահանումները կատարած է ծանօթ թուսանկարիչ Ժան Պաթիստ Մոնթինօն: Քոթիյարը ներկայացած է 1950-ական թուականներու դերասանուհիի տեսքով, սեւ հագուստով: Յիշեցնեք, որ դերասանուհիին համբաւ բերաւ Էտիթ Փիաֆի կեանքը ներկայացնող ժապաւէնը:
«ՓԱՐԱՋԱՆՈՎ՝ ԳԵՂԵՑԻԿԻ ՍԻՐԱՀԱՐԸ» ԺԱՊԱՒԷՆԸ ՊԻՏԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԻ ԳԱՆՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ
«Փարաջանով՝ Գեղեցիկի Սիրահարը» գեղարուեստական ժապաւէնը արդէն իսկ ներկայացուած է Գաննի շարժապատկերի փառատօնին՝ երեք բաժանմունքներու մէջ: Անոր արտադրիչները հրաւէր ստացած են քննարկելու ժապաւէնին գործնական մասնակցութիւնը համաշխարհային այլ փառատօներու, մասնաւորաբար Լոքառնոյի, Վենետիկի, Սան Սեպասթիանի, Թոքիոյի, Թորոնթոյի, Մոնրէալի, Մար տէլ Փլաթայի, Սան Փաուլոյի եւ Քարլովի Վարիի շարժապատկերի փառատօններուն: Փարաջանովի վերաբերող ժապաւէնը համադրաբար նկարահանած են Ուքրանիան, Ֆրանսան, Վրաստանը եւ Հայաստանը:
Այս տեղեկութիւնները փոխանցած է ժապաւէնի բեմադրիչ, դերասան Սերժ Աւետիքեանը, որ դիտել տուած է, թէ փառատօնին ժապաւէնի ընդունման մասին որոշումը կը յստականայ 14-18 Ապրիլին::
Հանճարեղ արուեսագէտին կեանքին վերջին 20 տարին ընդգրկող շարժապատկերային ստեղծագործութեան գաղափարը կը պատկանի ուքրանացի արտադրիչ եւ բեմադրիչ Էլենա Ֆետիսովային, որ «Փարաջանով»ի բեմագրութեան հեղինակն է, ընդհանուր բեմադրիչն ու արտադրիչը։
Ֆրանսական կողմի բեմադրիչը Սերժ Աւետիքեանն է, որ նաեւ գլխաւոր դերակատարն է, գեղարուեստական ղեկավարը եւ ստեղագործական արտադրիչը Ռոման Բալայեանն Է: Գործնական բեմադրողը Սերգէյ Միխալչուկն է, նկարիչը՝ Վլատ Ռիժիկովը: Ժապաւէնը իւրայատուկ է դերասանական վարպետ խաղարկութեամբ. յատուկ ուշադրութիւն կը գրաւեն ռուս աստղերը՝ «Ազգերու թատրոն»ի դերասանուհի Իվլիա Պերեսիլտի եւ Մոսկուայի «ՊեօտրՖոմենկոյի արուեստանոց» թատրոնի դերասան Կարէն Փատալովի կերտած կերպարները:
«Փարաջանով» միջազգային շարժապատկերի նախագիծը պիտի իրականանայ Ուքրանիոյ շարժապատկերի հարցերու պետական գործակալութեան նիւթական օժանդակութեամբ: Անիկա առաջին նախագիծն է, որուն կ՛աջակցի Եւրոպայի ամէնէն ազդեցիկ պատկերասփիւռի կայաններէն մէկը՝ «ARTE FRANCE CINEMA»ն:
ՃԻՆԱ ԼՈԼՈՊՐԻՃԻՏԱ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՎ ԶԱՐԴԵՐԸ ԿԸ ՎԱՃԱՌԷ
Իտալացի աշխարհահռչակ դերասանուհի Ճինա Լոլոպրիճիտա իր ադամանդէ զարդերու մէկ մասը պիտի վաճառէ՝ ցօղունային բջիջներու հետազօտութեան հիմնադրամի մը ֆինանսաւորման նպատակով:
«Պըլկարի» մակնիշը կրող աւելի քան քսան զարդեր, 14 Մայիսին պիտի ներկայացուին, Ժընեւի «Սոթպիզ»ի կազմակերպած աճուրդին: Իւրաքանչիւր զարդեղէնի գինը կը գնահատուի մէկ միլիոն տոլար գումար:
ՄԻԱՑՈՒՄ ԺԱՊԱՒԷՆԸ ՄԵԾ ՊԱՍՏԱՌՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ
Լաչինի՝ ներկայիս Բերձորի ազատագրման քսանամեակին առիթով, Երեւանի Մոսկուա շարժապատկերի սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ «Միացում» կարճամեթրաժ ժապաւէնը: Ժապաւէնին բեմադրիչ եւ սենարիոյի հեղինակն է Սամուէլ Թադեւոսեանը: Վերջինս լրագրողներուն յայտնեց, թէ նկարահանման աշխատանքը երկարած ե եօթ ամիս: Ֆիլմին տեւողութիւնը յիսուն վայրկեան է: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ Արցախի պատմութիւնը:
«Միացում»ը նախատեսուած է, որ մասնակցի Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ այլ հեղինակաւոր փառատօներու:
ՇԷՐ ԿԸ ՎԱՃԱՌԷ ԻՐ ԱՌԱՆՁՆԱՏՈՒՆԸ
Ծագումով հայ երգչուհի եւ դերասանուհի Շէր վաճառքի հանեց Լոս Անճելըսի մէջ «Վենետիկ»անունը կրող իր ապարանքը: Շէր՝ 1.9 միլիոն տոլար կը գնահատէ սոյն կալուածը: «Ֆորպզ» ամսաթերթը կը գրէ, թէ 66-ամեայ աստղը օրին՝ 1.5 միլիոն տոլար գումար վճարած է ապարանքին համար:
ՌԱՅԱՆ ԿՈՍԼԻՆԿ ԵՒ ՄԻԼԱ ՔՈՒՆԻՍ ԱՄԵՆԱՑԱՆԿԱՅԱՐՈՅՑ ԱՍՏՂԵՐԸ
«Տիթէյլզ» ամսագիրը հրապարակեց ամենացանկայարոյց աստղերու վարկանիշային ցանկը: Ամսագիրին փոխանցմամբ, տղամարդոց եւ կանանց վարկանիշային դասաւորման առաջին դիրքերը համապատասխնաբար կը գլխաւորեն հոլիվուտեան աստղեր Ռայան Կոսլինկը եւ Միլա Քունիսը: Տղամարդոց մէջ Կոսլինկին կը հետեւին Զաք Էֆրոնը, Ատամ Լեւինը, Չենինկ Թաթումը եւ Պրետլի Գուփըրը: Կանանց պարագային՝ Թէյթ Ափթընը, Ճենիֆըր Լոուրենսը , Ճեսիքա Ալպան եւ Մեկան Ֆոքսը:
ՏԻԳՐԱՆ ՀԱՄԱՍԵԱՆ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՁԱՅՆԱԳՐԷ
Հանրայայտ ճազ երաժիշտ Տիգրան Համասեան իր ուժերը փորձած է շարժանկարի երաժշտութեան ոլորտին մէջ:
Նորվեկիացի բեմադրիչ Տրոուն Լիան շարժանկար մը նկարահանած է նորվեկիացի գրող Կնուտ Համսունի` 19-րդ դարու վերջը յայտնի «Վիքթորիա» սիրավէպի հիման վրայ:
Ձայնագրութեան մասնակցած են նորվեկիացի երաժիշտներ Եան Բենքը, Էրիկ Հոնօրէն (սինթեզատոր), Էրուէ Հենտրիկսոնը (փողային եւ վոկալ), Ռոպերթ Իւրենտալը (կիթառ) եւ Տիգրան Համասեանը: Ճազ երաժիշտները կը նուագեն Պրաթիսլաւայի սիմֆոնիկ նուագախումբի (Bratislava Symphony Orchestra) հետ, խմբավարութեամբ Տեւիտ Հերնանտոնի: Ստեղծագործութիւններու մեծ մասին հեղինակը Եանգ Բենքն է:
Երաժտութիւնը նաեւ հրապարակուպած է առանձին ձայնասկաւառակով, 1 Մարտ 2013 -ին` Jazzland Recordings պիտակի ներքոյ:
ԳՈՌ ՍՈՒՋԵԱՆԻ ՏԵՍԱՀՈԼՈՎԱԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է
«Տորիանս» ռոք խումբի մեներգիչ Գոռ Սուջեանը, որ Հայաստանը պիտի ներկայացնէ այս տարուան «Եուրօտեսիլ» երգի մրցումին, կը հաւատայ, որ իր երգը կարեւոր պատգամ մը ունի, եւ յոյս ունի, որ անիկա կը հասնի ամբողջ Եւրոպայի ունկնդիրներուն սրտերուն:
«esctoday.com»ին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին 25-ամեայ երգիչը յայտնած է, որ «Լոնլի Փլանեթ» երգը միայն Երկիր մոլորակին մասին չէ. «Ան մեր բոլորին մասին է: Իւրաքանչիւր ոք ունի իր սեփական ներքին Միայնակ մոլորակը: Եւ եթէ մենք կը կամենանք աւելի լաւ աշխարհի մէջ ապրիլ, մեզմէ իւրաքանչիւրը աշխարհը աւելի լաւ պէտք է դարձնէ», նշած է ան:
«Լոնլի Փլանեթ»ը ռոք ոճի երգ է, որուն համահեղինակը «Պլեք Սապաթ» խումբի կիթառահար Թոնի Այոմին է: Նշանաւոր կիթառիստը նաեւ գովեստով արտայայտուած է Սուջեանի ձայնին եւ երգի կատարման մասին:
ԳԱՐԷՆ ՊԼԷՔ ԿԸ ԴԻՄԷ ԻՐ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ
Լաւագոյն դերասանուհիի Օսքար մրցանակին յաւակնորդ Քարէն Պլէք, իր համակիրներուն դիմեց, քաղցկեղի դէմ պայքարը յաղթահարելու համար: « Ֆայֆ Իզի Փիսըզ» հռչակաւոր ժապաւէնին (1970) դերասանուհին, 45 հազար տոլարի գումարի մը անհրաժեշտութիւնը ունէր՝ վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուելու նպատակով: Անոր բարեկամները անմիջապէս հայթայթեցին գումարը: 73-ամեայ դերասանուհին աղիքային քաղցկեղէ կը տառապի 2010-էն ի վեր: