ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Լաթաքիոյ նահանգի Ղնեմիէ հնամենի հայկական գիւղը եւս 1915-ին կ՛ենթարկուի աքսորի հրամանին։ Ղնեմիէցի Պուլոս Սարգոն ռամիկ արաբերէնով գրած իր ինքնակեսագրականին մէջ կը պատմէ նաեւ ղնեմիէցիներու տարագրութեան մասին։ Անոնք կը յաջողին Համայի գաղթակայանէն անդին չանցնիլ, ցրուիլ Որոնդէսի հովիտի արաբ գիւղերուն մէջ, ապա հաւաքուիլ ու վերադառնալ Ղնեմիէ, ուր չեն կրնար մուտք գործել ու կը ցրուին Քիւրտ Տաղի գիւղերուն մէջ։ Ղնեմիէցիք հայրենի գիւղ կը վերադառնան միայն 1923-ին։ Մովսէս վրդ․ Ոսկերիչեան, Լաթաքիոյ Հոգետան տեսուչը եւ Անտիոքի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդը 1920-ին կ՛այցելէ այդ գիւղերուն մէջ ցրուած ղնեմիէցիները, կը կազմէ վերապրողներու ցանկը եւ կը գրէ․ «Ղնէմիէ գիւղին ընդհ. ժողովրդեան ցանկը, որ գաղթականութենէ առաջ
72 տուն եւ 392 անձ էր, այժմ՝ գաղթականութենէ վերադարձած 47 տուն եւ 174 անձ մնացած ըլլալը կը հաստատեմ»:
Պուլոս Սարգոյի արաբերէն ինքնակենսագրութեան ձեռագիրի պատճենը ինծի տրամադրեց թոռը՝ գեղանկարիչ Պուլոս Սարգոն, Լաթաքիայէն։ Շնորհակալութիւն, Պուլո՛ս։ Հոս թարգմանաբար կը բերեմ որոշ հատուածներ։
——————————————
Ծնած եմ Լաթաքիոյ նահանգի Ղնեմիէ գիւղը, 15 Փետրուար 1892ին, հայրս՝ Ապուտ Սալլում Սարգո, մայրս՝ Աննա Սալլում Սումաք։ Չորս տարեկանիս ընտանիքով տեղափոխուեցանք Մուսա լեռան Հաճի Հապապլի գիւղը, ուր հայրս երկաթագործութիւն կ՛ընէր։ Յետոյ վերադարձանք Ղնեմիէ։
1904-ին, երբ տասներկու տարեկան էի, հայրս զիս գիւղի դպրոց ուղարկեց գրել-կարդալ սորվելու համար։ 1906-ին զիս ուղարկեց Լաթաքիա, քեռիիս տունը, ուր տարի մը յաճախեցի Լատինաց վարժարանը, ապա տեղափոխուեցայ Ամերիկեան վարժարան։ Վեց ամիս հետեւեցայ դասերուն, ապա խումբ մը ընկերներով՝ ես, Սըմաան Տատուրը,Պուլոս Կարպոն, Իպրահիմ Պաղտուտը, փախուստ տուինք դպրոցէն եւ հետիոտն ուղղուեցանք դէպի գիւղ։ Կէս ճամբուն վրայ, Սաֆքունի մօտ, տեղատարափ անձրեւ սկսաւ։ Բեռնաւորուած ուղտերու կարաւան մը կ՛երթար Պոտամա։ Մարդիկ հարցուցին, թէ ինչ կ՛ընենք հոն։ Ըսինք, թէ կը սպասենք, որ անձրեւը դադրի, Ղնեմիէ կ՛երթանք։ Առաջարկեցին, որ իրենց ընկերանանք։ Իրիկուն էր։ Մեզ նստեցուցին կարաւանի էշերուն վրայ ու հասանք Խան Զաղրուր, ուր ես ու Իպրահիմ Պաղտուտը բաժնուեցանք խումբէն ու քնացանք։ Առաւօտ կանուխ արթնցանք ու առանց տեղեակ պահելու Խանի տիրոջը՝ Ալի Զաարուրին, մեկնեցանք Ղնեմիէ։
Մայրս հարցուց, թէ ի՛նչ պիտի աշխատիս գիւղին մէջ։ Պատասխանեցի, որ հայրս բրիչ մը կու տայ ձեռքս, արտը կը փորեմ։ Ընկերներուս՝ Սըմաան Տատուրի, Պուլոս Կարպոյի, Իպրահիմ Պաղտուտի ծնողները զանոնք վերադարձուցին Լաթաքիա, իրենց ուսումը շարունակելու։ Հայրս զիս ուղարկեց գիւղի վարժարանը։ 15 տարեկանիս հօրմէս խնդրեցի, որ զիս ետ ուղարկէ Լաթաքիոյ Ամերիկեան վարժարան գիւղի միւս տղոց պէս։ Բայց հայրս ինծի խանութ մը բացաւ, ու սկսայ առեւտուրով զբաղիլ։ Երկու տարի ետք, 19 տարեկանիս, 1910-ին, հայրս զիս ամուսնացուց Խաթունին հետ, ղուստրը՝ Դաննուս Խաչոյի։
Կը մտածէի Ամերիկա մեկնիլ․ հայրս համաձայն գտնուեցաւ։ 1911-ին մեկնեցայ եւ աշխատեցայ շինարարութեան եւ նաւահանգիստի մէջ։Մէկ տարի եւ ութ ամիս ետք որոշեցի վերադառնալ Սուրիա։ 1 Յուլիս 1913-ին ես եւ Խալիլ Խաչոն Ամերիկայէն ելանք եւ Պէյրութ հասանք 15 Յուլիս 1913-ին։ Պէյրութէն ցամաքի ճամբով եկանք Լաթաքիա, ուր հանդիպեցանք այդտեղ ապրող մեր համագիւղացիներուն։ Երկրորդ օրը ես, Խալիլ Խաչոն եւ եղբայրը՝ Սալիմ, մեկնեցանք Ղնեմիէ եւ ուրախութեամբ ու ջերմութեամբ ողջագուրուեցանք մեր ընտանիքի անդամներուն եւ ազգականներուն հետ։
Մեր առջինեկ որդին կոչեցինք Սելիմ, որ ութ ամսական չեղած, 17 Օգոստոս 1915ին, գիւղ մտաւ օսմանեան զօրքը եւ հրամայեց երեք օրուան ընթացքին լքել գիւղը։ Ծանր առարկաները յանձնեցինք մօտիկ գիւղերու մեր դրացիներուն եւ քալեցինք թուրք զինուորներու /տարաք/ խիստ հսկողութեան տակ։
Ճսըր Շուղուրի մէջ անցուցինք աքսորի մեր առաջին գիշերը։ Որդիս՝ Սելիմը, հոս առաջին անգամ ոտքի ելաւ։Առտու հրաման եկաւ շարունակելու մեր ճամբան։ Հասանք Արիհա, ուր անցուցինք աքսորի երկրորդ գիշերը։ Երրորդ գիշերը անցուցինք Ուռում էլ-Սուղրայի մէջ։ Առաւօտուն քշեցին մեզ դէպի Հալէպ ու հաւաքեցին շոգեկառքի կայարանին մէջ։ Հոն մնացինք չորս օր։
Յետոյ շոգեկառքով մեզ տարին Համա, իջեցուցին քաղաքի մօտիկ տեղ մը, ուր վրաններու տակ հաւաքուած էին մեծ թիւով հայեր։ Գաղթակայանին մէջ աղբ էր ամէն դի, ճանճերը չէին ձգեր, որ հանգիստ ուտենք ու խմենք։ Փորձեցինք անկէ փախչիլ, բայց ամէն անգամ թուրք զինուորները մեզ բռնելով վերադարձուցին գաղթակայան։ Յետոյ ոջիլ ինկաւ գաղթակայանին մէջ։ Տղաս՝ Սելիմը, հիւանդացաւ։ Փորձեցինք բուժել, բայց անօգուտ։ Քանի մը օր ետք մահացաւ։ Յաջողեցանք գերեզման փորել անոր համար։ Բայց մեզի մօտեցաւ հայ կին մը ու գիրկի մեռած երեխան նետեց փոսին մէջ։ Մենք երկրորդ փոս մը բացինք մեր զաւկին՝ Սելիմին համար։
Սովի, յոգնութեան եւ թիֆոյիտի պատճառով մահերը շատցան։ Ալ չէինք կրնար գերեզման փորել։ Սկսանք դիակները նետել հորերու մէջ ու ծածկել հողով։ Համայի գաղթակայանին մէջ շատ հայեր մահացան։ Հոն մահացաւ նաեւ Հաննա Հանունիքը։
Վեց ամիս ետք մեզ տեղափոխեցին ալ-Լաթմինա գիւղը։ Ճամբուն վրայ մահացաւ Տէր Կարապետ քահանային կինը։ Ալ-Լաթմինայի մէջ ապրեցանք տուներու եւ քարայրներու մէջ։ Հոն եւս մահը հալածեց մեզ, օրը 3-4 մահ կը պատահէր։ Հայրս ալ՝ Ապուտ Սալիմ Սարգոն, հոն մահացաւ։ Մնացի մօրս, քոյրերուս եւ կնոջս հետ։ Կ՛աշխատէի արտերուն մէջ, երկաթագործութիւն ալ կ՛ընէի։ Կ՛ապրէինք։ Մեզի եկաւ Քերոբ Պետիրեան անունով քեսապցի մարդ մը եւ ամուսնացաւ քրոջս՝ Սառային հետ, առաւ ու գնաց։ Մնացինք ես, մայրս, կինս եւ քոյրս՝ Զահիէն։ Քոյրս ծառայութեան մտաւ Ուատ Լաալաուի տան մէջ։Ես, Ապու ֆարահն ու Խալիլ Խաչոն բացինք դարբնոց մը, աշխատեցանք, նաեւ հուձքի ու կալի կ՛երթայինք։ Մենք երեքով կը կառավարէինք բոլոր կալերը։
Այդ միջոցին խումբ մը գողեր կը յարձակին Տօնո Հանունիքի ընտանիքին ապրած տան վրայ, հին ճամբուն կողմը: Կինը կը դիմադրէ։ Գողերը դանակով կը հարուածեն կնոջ վզին․ կինը տեղւոյն վրայ կը մահանայ։ Կը գողնան տան ամբողջ ապրանքը եւ կ՛երթան։
Երկու տարի այսպէս մնացինք Էլ-Լաթմինայի մէջ։ Օր մը ալ որոշեցինք վերադառնալ մեր գիւղը՝ Ղնեմիէ։ Էշեր վաևձեցինք շրջակայ գիւղերէն, ուր կ՛աշխատէինք։, ինչպէս՝ Հատտատին, Խան Շիխուն․ Մորըք, Քֆըր Նըպպոլ։ Առինք մեր ապրանքները եւ ուղղուեցանք դէպի Ճեպէլ Զաուիէ։
Շուրջ 100 հոգի էինք։ Պատահեցաւ որ իշուն բեռը ինկաւ։ Սկսայ քակել ու ետ բեռնալ։ Բոլորը մեկնեցան։ Գողերու նոր խումբ մը յարձակեցաւ վրաս։ Զարկին ինծի, ես ալ փոխադարձեցի։ Աղմուկ բարձրացաւ։ Մեր համագիւղացիները լսեցին ու շտապեցին ինծի օգնելու։ Գողերը փախան առանց բան մը գողնալ կարենալու։
Շարունակեցինք մեր ճամբան դէպի Գաստուն։ Գիշերը հոն անցուցինք։ Առտու մեկնեցանք Էնկըզիք, այժմ՝ Ղասսանիէ, ուր երկու օր մնացինք։ Յետոյ շարունակեցինք մեր ճամբան ու հասանք Մազին, որ Ղնեմիէի մօտիկ բարձրադիր գիւղ մըն է։ Հօրեղբօրս տղուն՝ Իսհակի հետ այցելեցինք Հասան Ապու Ալիին տունը։ Ան մեզի եւ միւս ընտանիքներուն կեցութեան տեղ տրամադրեց, երկաթագործի աշխատանք ապահովեց մեզի։ Դարբնոց բացինք։ Հասան Ապու Ալին, Աստուած ողորմի հոգւոյն, կ՛աջակցէր մեզի ու կը հոգար մեզ։
Ղնեմիէի միւս ընտանիքներէն ոմանք անցան Սալմա, իսկ ուրիշներ ցրուեցան Ղնեմիէի մօտիկ գիւղերը, ինչպէս Խան Շեխան, ուր Հանունիքները իջեւանեցին։ Խան Շիխանի մարդիկ առեւանգեցին Հաննա Հանունիքի կինը, հարսը եւ անոր զաւակը եւ բոլորը սպանեցին։ Տղան չորս տարեկան իսկ չկար։ Քեռիս ապաստան գտած էր Էլ-Մազիրղա գիւղը, որ նոյնպէս մօտիկ էր Ղնեմիէի։ Այդտեղ մարդիկ կողոպտեցին քեռիս, որ ստիպուած՝ իր զաւկին հետ անկէ փախուստ տուաւ եւ եկաւ Մազին։
Մազինի մէջ ծնան իմ երկու որդիները՝ առաջինը՝ 1918-ին, երկրորդը՝ 1920-ին։
1918-ին երկրաշարժ պատահեցաւ։ Քանի մը օր ետք ֆրանսական օդանաւերը ցնցեցին երկինքը։ Իմացանք որ ֆրանսացիք գրաւած են Լաթաքիան։ Անոնց զօրքերը մտան նաեւ Սահիուն կամ Հաֆֆէ, ուր ոմանք դիմադրեցին, ապա շուտով փախան ղէպի Քիւրտ Տաղ եւ Ղնեմիէ, իսկ մենք Մազին էինք ու կը վախնայինք։ Օր մը նստած էինք Հասան Ապու Ալիին տունը, մեզի եկաւ Ահմատ Հաճ Իպրահիմը Քֆըրթիէն, իրեն կ՛ընկերակցէր ամբողջապէս զինուած սահիունցի մը։ Ահմատ Հաճ Իպրահիմը ինձմէ պահանջեց չորս ոսկեդրամ։ «Հրամանքնիդ» պատասխանեցի։ Հասան Ապու Ալին ըսաւ․ « Այսինքն ինչ որ քովդ կայ»։ Պատասխանեցի «Այո»։
Դէպքէն երկու օր ետք ետք խնդրեցի Հասան Ապու Ալիէն, որ ապահովէ մեր ճամբորդութիւնը Հաֆֆէ։ Զիրար փնտռելով հաւաքուցանք։ Հասան Ապու Ալիին կողմէ 12 զինեալ մարդիկ մեզ ուղեկցեցան մինչեւ էլ-Մրէճ գիւղը։ Անոնք մեզ յանձնեցին Էլ-Հաշէմ ընտանիքին։ Հոս գիշերեցինք։ Բոլոր ղնեմիէցիներս հոն հաւաքուեցանք։ Երկրորդ օրը Էլ-Հաշէմը մեզ հասցուց Քֆըրիա գիւղը, անկէ շարունակելով հասանք Սահիուն։ Հոն անմիջապէս դիմեցինք ֆրանսական մուսթաշարին, որ մեզ իջեցուց մեծ տան մը մէջ։ Երեք օր Սահիուն մնացինք։
Երեք օր շարունակ մեզի իշաբեռ մը ուտելիք կ՛ուղարկէր։ Յետոյ մեզ ուղարկեց Լաթաքիա, տեղաւորուեցանք Հայոց Հոգետան մէջ, ապա տեղափոխուեցանք Խան էլ Պազար։
Խան էլ Պազարի մէջ ես կօշիկի խաթուն բացի՝ փեսայ Քերոբ Պետիրեանին եւ Իպրահիմ Պաղտուտին հետ։ Դրամագլուխը իմս էր․ հումքը ես կը հայթայթէի, եւ իրենք կ՛աշխատէին։ Շահ մը ապահովելէ ետք Ճրճոս Սեմղանի հետ Քեսապ ելայ ու անկէ մակոյկով մեկնեցայ Սուէտիա, անկէ անցայ Անտիոք ու անկէ գնեցինք մեր գործին առնչուող ապրանք ու մակոյկով վերադարձանք Քեսապ․ մակոյկը Ճրճոս Սեմղանին էր։ Ես մակոյկով հասայ Եանհան, ուրկէ վարձու էշերով բեռս փոխադրեցի Լաթաքիա։
Շարունակեցինք աշխատիլ։ Յետոյ բաժնուեցանք։1923-ին ես վերադարձայ Ղնեմիէ։ Սկսանք վերաշինել մեր տուները, որոնք աւերուած էին մեր երկար տարիներու բացակայութեան պատճառով։ Մենք տարագրութեան մեկնելէ առաջ մեր ծանր առարկաները յանձնած էինք մեր դրացի գիւղերու բնակիչներուն։ Ֆրանսական իշխանութիւնը հետապնդեց, որ անոնք վերադարձնեն հայոց ապրանքները։Այդպէս ալ եղաւ։ Մեր աւանդները մեզի վերադարձուեցան։ Ահմատ Հաճ Իպրահիմը նոյնպէս վերադարձուց իր քով պահ դրուած մեր ապրանքները եւ չորս ոսկին, զոր առած էր ինձմէ Մազինի Մէջ։
1923-ին ծնաւ մեր երրորդ զաւակը, 1925-ին՝ չորրորդ զաւակը, 1927-ին՝ հինգերորդը, 1929-ին՝ վերջինը։
Շարունակեցինք աշխատիլ ու ապրիլ գիւղին մէջ: