ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երբեք պիտի չնեղանաս, երբ մարդիկ, յաճախ միտումնաւոր, քու գրառմանդ հազիւ կէսը «հաշուի կ՛առնեն» ու այդ կէսին վրայ ոչ միայն կէս իրականութիւններ «լոյսին կը հանեն», այլ նաեւ աղճատելով ու եղծելով ներկայացուած նիւթն ու միտք բանին` իրենց ուզած տեղը կը տանին:
Խօսքը կը վերաբերի այս գրառման` (Երբ երկրորդ քայլափոխիդ լիբանանահայու կը հանդիպիս: #Երեւանը սարքենք Պուրճ Համուտ -շեշտով:), որ օրերս քննարկման թեմա դարձաւ ինծի համար շատ սիրելի քեսապահայ մտաւորական Յակոբ Չոլաքեանի «պատասխան» գրառման ճամբով:
Պատասխանը չակերտի մէջ դրի ոչ անոր համար, որ Չոլաքեան «կէս իրականութեան» մը մասին կը խօսէր, այլ անոր համար, որ գրառումս երբեք պատասխան որոնելու կամ հայ ժողովուրդի «էաբանական» խնդիրներուն լուծում ճարելու միտումով ճամբայ չէր ինկած:
Նախ սկսիմ հոնկէ ու հարց տամ, թէ ինչո՞ւ Չոլաքեան մէկդի նետած է գրառումին առաջին մասը, որ, ըստ իս, այնքան կարեւոր էր` հասկնալու ու թափանցելու ըսածիս մէջ:
Բոլորս գիտենք, որ Լիբանանի, ու Չոլաքեանի պարագային` Սուրիոյ, անտանելի պայմաններուն պատճառով բազմաթիւ հայրենակիցներ լքեցին իրենց տունն ու տեղը եւ եկան հոս` Երեւան հաստատուեցան: Ի՞նչ էր վատը ասոր մէջ, եկանք Հայաստան, գոյացանք, արդար քրտինքով կ՛ապրինք, հարկ ըլլայ` կը ստեղծենք, կը տարածենք մեր լեզուն, մեր լեզուով կը ստեղծագործենք եւ առիթ ալ կը դառնանք, որ մեր շուրջ ապրող երեւանցի մեր հայրենակիցները նոյնպէս «ապրին» այդ լեզուին շուրջ ու հետ:
Մենք օտարական չենք, այս հողը մեզի համար օտար հող մը չէ, հայրենասէ՞ր ենք, մեզի փոխանցուած-տրուած արժէքներուն տէ՞րն ենք, գուցէ այդպէս է:
Մասնագիտական ոլորտին մէջ, օրինակ, ո՛չ մէկ անգամ, ո՛չ մէկ առիթով վատ խօսք մը լսած են ականջներս` ի տես արեւմտահայերէն լեզուին, որ մէջս է, եւ որուն իրական արմատները կու գան այն Պուրճ Համուտէն, որ շատերու համար փորի ցաւ է կարծէք:
Ու այս նկատել ու լաւ հասկնալէ ետք պիտի գամ աւելցնելու, որ Պուրճ Համուտ հասկացողութիւնը միայն տեղայնական մօտեցումներու, ուտելիքի, համի, հոտի կամ, ինչպէս Չոլաքեան փորձած է ընել, յոռի բարքերու, վատ սովորոյթներու կամ ազգային ընկալումներու խճճուած թելերու խուրձ չէ:
Մագնիս է Պուրճ Համուտը:
Առիթով մը, երբ Սահակ արք. Մաշալեանի հետ պատրիարքութեան ընտրութեան առթիւ «Շանթ» հեռուստաընկերութեան համար առաջին հարցազրոյցս կը կատարէի, ան օրինակ բերաւ իր մեծմօր օգտագործած «թելերու եւ թելակարի» թիթեղեայ կողովը:
Այդ կողովին մէջ, որուն մենք` պուրճհամուտցիներս, «թենեքէ»-է տուփ կ՛ըսենք (թենեքէն` թիթեղին արաբերէն հոմանիշն է, որ յանկարծ չվրդովին «մաքրամոլիկներ»-ը), թելակարի աշխարհի ամէն ինչը պիտի գտնէիր: Ասեղ-դերձանէն մինչեւ երկարոտ ասեղներ, մատնոց, կոճակներ, մկրատ` մեծ ու փոքր, չափերիզ, հրահան, լուցկի, յաճախ ալ` ելեկտրական խրոցներ, տան համար պիտանի ամէն ինչ` կաւիճ, գունաւոր թելերու խուրձ եւ այս բոլորի կողքին` մագնիս:
Այո՛, մագնիս. պիտի հարց տանք` ինչո՞ւ էր մագնիսը, իսկ Սահակ սրբազան կը բացատրէր, որ Հայ եկեղեցին մագնիսի նման էր, իր մեծ մօր «թիթեղեայ տուփին» մէջ «բնակութիւն» հաստատած մագնիսին, որ տուփին մէջ տարածուած բոլոր ասեղները իրեն «կը կանչէ», կարգի կը հրաւիրէ, տեղերը ցոյց կու տայ, որպէսզի ինք` մեծ մայրիկը, կարելու ատեն ասեղները փնտռելով` մատները չծակէ…
Այո՛, Պուրճ Համուտը «մագնիս» է:
Մագնիս է անոնց համար, որոնք հայերէնի «մաքրամոլութեան» դատին զինուորներն են, որոնց կրնաս չսիրել, բայց պարտաւոր ես յարգել…
Մագնիս է հայ դպրոցին, եւ հոն Չոլաքեանի ձաղկած Պուրճ Համուտին մէջ, անոր յոռի ու ժողովրդային ամենաստորին խօսակցութեան կողքին աճեցաւ մեր լեզուն իր դարու մը չափ ապրած դպրոցներուն շնորհիւ:
Ճիշդ է, ինչպէս «խօսակիցս» ալ կը նշէ, որ այդ դպրոցներէն շա՜տ շատեր այսօր արդէն չկան, փակուած են, սակայն անոնց թողած ժառանգութիւնը Պէյրութէն մինչեւ Ամերիկաներ, Աւստրալիա եւ մինչեւ հոն, ուր հայ կայ, եւ ինչպէս Վ. Մավեանը կ՛ըսէ` «Ամէն տեղ հայ կայ», ապրեցաւ ու պիտի շարունակէ ապրիլ, քանի զօրաւոր արմատներ ունէր:
Շատեր սրտնեղեցան, արաբ լրագրողներէն շատ շատեր յաճախ չարակամութեամբ գրեցին, որ Պուրճ Համուտը «կեթթօ» է, չարացան, չարախնդացին ու յետոյ սակայն հասկցան, որ Պուրճ Համուտը միայն աշխարհագրական ընկալում մը չէ, որուն սահմանը մէկ կողմէ «Տոնուզլուխ»-ն է, իսկ միւս կողմէն ալ` «Թիրօ»-ի «Սանճաք քեմփ»-ը, որ այսօր արդիական «Սեն Ժաք» բնակարանային համալիրն է, այլ… շատ աւելին:
Պուրճ Համուտը կեանքի ձեւ է, ոճ է, արեւմտահայերէն լեզուով ապրելու եւ ընկալելու է, ու ատոր համար ալ շեշտ բառի օգնութեան դիմելով էր, որ գրառեցի:
Աւա՜ղ, իրենք կամ իրենցմէ շատեր այդ չհասկցան շեշտը, որուն արժանի ալ չէին, հակառակ անոր որ մինչեւ օրս Պուրճ Համուտի բնակիչ են:
Հիմա ըսէք, սիրելի՛ ընկերներ, ո՞ւր էր մեղքս:
Կամ ի՞նչ յանցանք էր, որ գործած էի, երբ Երեւանի մէջ ամէն քայլափոխիս կը հանդիպէի արեւմտահայերէն լեզուն, արեւմտահայերու կենսակերպն ու մտածումները կրող բարեկամի մը, որ առտուան ժամը իննին արդէն իր առաջին աշխատանքէն արձակուելով, երկրորդ աշխատանքին կը փութար` ըսելով, որ ինք իր աշխատանքը շատ կը սիրէ ու ամէն ինչ պիտի ընէ Երեւան ապրիլ շարունակելու համար:
Ի վերջոյ ո՞վ չի գիտեր, որ մենք` Հայաստան ապրողներս, ի տարբերութիւն Պուրճ Համուտի ոսկեայ օրերուն, միայն մէկ աշխատանք ունենալով չէ, որ կը շահինք մեր ապրուստը, այլ մեր գլուխը քանի մը տեղ զարնելէ ետք միայն կը կարողանանք պահել կեանքի այն մակարդակը, որ ունեցած էինք Չոլաքեանի այսօր արդէն «նօսրացող» Պուրճ Համուտի մէջ:
Այս բոլորէն անդին կայ հարկաւ պուրճհամուտցիներուս զիրար հասկնալու, մէկ բառով զիրար ընկալելու, «լեպ ըսողէն լեպլեպու հասկնալու» մօտեցումը, որ դարձեալ ունի շատ խորունկ յղացք, նաեւ անոր համար, որ Պուրճ Համուտը, այո՛, քաղաքական «անշեղ» դպրոցի մը կուռ ոգին ունի:
Այդ կուռ ոգին միայն խօսք չէ, օդին մէջ եղած կրակոց չէ, այդ ոգին երկար տարիներու պայքարի, խմորումներու, անուններու եւ նահատակներու թափած արիւնով ստեղծուած էութիւն է, որ մեր մէջ է. մեր քայլափոխին մէջ, մեր մտածումին, մեր դատումին, մեր լեզուամտածողութեան, մեր ընկալումներուն ու մեր հայեացքներուն մէջ:
Քաղաքական մագնիս է նաեւ Պուրճ Համուտը, որ մեզի կ՛օգնէ հասկնալու, թէ հայութեան համար ո՛րն է ճիշդը, որ մեզի կը յուշէ, թէ ո՛ւր են հայութեան իրական շահերը, ո՛ւր է անվտանգութեան երաշխիքը, եւ ինչպէ՛ս պիտի գործէին մեր նուիրեալները, եթէ այսօր ողջ ըլլային:
Այս բոլորը, սակայն, մէկ կողմ նետելով ու առանց մտածելու, թէ իր բերնէն ելած խօսքը մինչեւ ուր կրնայ հասնիլ, իմ ընդդիմախօսներս ծաղրելով, այսօրուան սուր պայմանները ներկայացնելով` կը փորձեն Պուրճ Համուտի արժէքը նսեմացնել ու դեռ ալ պիտի փորձեն պարզ այն պատճառով, որ Պուրճ Համուտը իրենց համար «փորի ցաւ է»:
Պատմական մեծ ժառանգութիւնը մեր ուսերուն, հայ ոգիի (ի դէպ, ատենօք `«ՀԱՅՈԳԻ» ընդհանուր խորագրով մատենաշար մըն ալ հրապարակուեցաւ Պուրճ Համուտի մէջ) անթեղուած կրակը մեր սրտին ապրեցնել կը ջանանք այն լեզուն, որուն մէջ ալ կը բնակինք դժուարին պահերուն:
Լեզուն մեզի համար բնակավայր է, ինչպէս Մ. Իշխան կը գրէր ատենօք` «Հայ լեզուն տունն է հայուն». Իշխանի այդ օրերու ընկալումին վրայ պիտի աւելցնենք այսօրուան Պուրճ Համուտի հասկացողութիւնը իր բոլոր եզրագծերով: Իր լաւով, իր զայիմներով, իր վատով, իր առաքինութիւններով, իր համերով, գուցէ թրքական անուանում ունեցող ճաշերու համով ու բոյրով, բայց մանաւանդ` էութեամբ, որ աներեր է եւ մեզ կը տանի մեր հաւաքական իտէալներու աղբիւրը:
Ու այս բոլորը մարսելէ ետք Պուրճ Համուտը քաոս պիտի բերէ Երեւանին:
Կաթիլ-կաթիլ հայոգի կաթեցուցած եւ արեան մէջ բուժիչ շիճուկի դեր կատարած այդ փոքրիկ Հայաստանը քաո՞ս պիտի բերէ մեզի:
Պատասխանը ձեզի կը թողում` շատ լաւ հասկնալով, որ քաոսը յաճախ մարդոց ուղեղներուն մէջ կրնայ բուծուիլ, եթէ անոնք կորսնցնեն իրենց ըսելիքի եւ ընելիքի ճշմարտացիութիւնը, երբ կը կորսնցնեն ոգին, ճիշդ յարաշարժը բոլոր ուղղութիւններուն, ամբողջ կեանքին եւ ամբողջ անմահութեան, որ տեղ մը պիտի շարունակուի իբրեւ մաքուր ու անբասիր ժառանգութիւն: